ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆՆԵՐ
Այս կիրակի Երեւանի մէջ պիտի սկսի «Ոսկէ ծիրան» 21-րդ շարժանկարի միջազգային փառատօնը, որ տարիներէ ի վեր Հայաստանի եւ աշխարհի միջեւ իւրայատուկ կամուրջ կը հանդիսանայ։ Սպասուած փառատօնը պիտի տեւէ շաբաթ մը։ Փառատօնի օրերուն ժապաւէններու ցուցադրութիւնները նախատեսուած են Երեւանի «Մոսկուա» շարժանկարի դահլիճին, «Մալեան» թատրոնին եւ Շարժանկարի տան մէջ։ Երեւանի քաղաքապետարանը այս տարուան փառատօնի գլխաւոր հովանաւորն է։
Երէկ, 21-րդ «Ոսկէ ծիրան»ի բացման ընդառաջ հիմնական պատասխանատուները սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը։ Անոնք գոհունակութիւն յայտնեցին փառատօնին հաստատումէն ի վեր անցած 21 տարիներու տեւողութեան ապահովուած մեծ հեղինակութեան համար։ Ասուլիսի ատենախօսները տեղեկացուցին, որ «Ոսկէ ծիրան»ի օրերուն պիտի ցուցադրուին յաղթական ժապաւէններ՝ այսինքն այնպիսի գործեր, որոնք միջազգային այլ կարեւոր փառատօներու դափնեկիր դարձած են։
Այս տարուան «Ոսկէ ծիրան»ը հարթակ պիտի դառնայ նաեւ ոգեկոչելու համար Շարլ Ազնաւուրն ու Սերկէյ Փարաճանովը։