ԾՐԱԳՐԱՒՈՐԵԱԼ ԸՆԹԱՑՔ

Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) Աստանայի երկօրեայ գագաթաժողովը, որ կ՚եզրափակուի այսօր, դարձաւ միջազգային առաջնահերթ իրադարձութիւն։ «ՇՀԿ+» ձեւաչափով կազմակերպուած գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցան նաեւ շատ կարեւոր յարակից հանդիպումներ։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան տեսակցեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Բաց աստի, Էրտողան եռակողմանի գագաթաժողովի մը ձեւաչափին մէջ մէկտեղուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շերիֆի հետ։ Թէ՛ Էրտողան եւ թէ Փութին հանդիպումներ ունեցան նաեւ Ալիեւի հետ։ Չինաստանի նախագահ Շի Ցինփինկն ալ Աստանայի մէջ մէկտեղուեցաւ նաեւ Ալիեւի հետ։ Կողմերը ընդունեցին ռազմավարական գործընկերութեան հաստատման մասին հռչակագիր մը։ Ալիեւ տեսակցեցաւ նաեւ Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ Ճէօմերտ Թոքաեւի հետ, որուն շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն ցուցաբերած աջակցութեան համար։ Ղազախիստանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած ՇՀԿ-ի գագաթաժողովին ժամանակ յայտարարուեցաւ, որ Սպիտակ Ռուսիա եւս անդամակցած է այս կառոյցին։

Էրտողան-Փութին տեսակցութիւնը միջազգային լրահոսին մէջ առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։ Մինչ Փութին մօտաւոր ապագային Թուրքիա այցելել կը նախատեսէ, Էրտողանի հետ երէկուան հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ հակառակ աշխարհի բոլոր դժուարութիւններուն՝ Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւնները քայլ առ քայլ կը զարգանան։ Էրտողան երէկ վերստին առաջարկեց Թուրիքոյ միջնորդութիւնը՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան վերջ տալու համար։ Աւելի ուշ Քրեմլինի բանբերը Տիմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ թրքական կողմը չի կրնար ստանձնել այդ դերը։ Փութին եւ Էրտողան շօշափեցին նաեւ Կազզէի պատերազմը եւ Սուրիոյ իրադրութիւնը։ Ռուս ղեկավարին խօսքով՝ կողմերը ծրագրաւորեալ ձեւով կեանքի կը կոչեն իրենց ռազմավարական նախագիծերը։

Փութին Ալիեւի հետ զրուցելու ընթացքին ալ յայտնեց, որ Ռուսաստան միշտ պատրաստ է աջակցիլ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղութեան օրակարգի յառաջմղման։ Երկու նախագահները աչքէ անցուցին Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։

Իր կարգին, Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքն ալ յայտնեց, որ իր երկիրը կը շարունակէ Հայաստանը դաշնակից համարել։

Աստանայի այս հաւաքէն վերջ նախագահ Էրտողան պիտի անցնի Ատրպէյճան, ուր այս շաբաթ օր պիտի մասնակցի Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան անպաշտօն գագաթաժողովին, որ նախատեսուած է Շուշիի մէջ։ Ապա, յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին ալ Էրտողան պիտի ուղեւորուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ մասնակցելու համար Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին, որուն հրաւիրուած են նաեւ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 4, 2024