ԻՄ ԱՆՈՒՆՍ ԱՆՈՒՇ ՀԱՐՆԸԹ ՃԱԲԱՆ Է…
Ա՜խ մեր անունները երբ օտարները, բայց մանաւանդ արաբները արտասանեն… Շուրջդ կը նայիս, կը փնտռես, արդեօք ո՞վ է այս այլմոլորակային անուն ունեցողը, անուն մը, որ կեանքիդ մէջ չես լսած եւ ազգութիւնն ալ չես գիտեր… Յետոյ կ՚անդրադառնաս այդ այլմոլորոկային անունը քու անունդ է…
Քսան-երեսուն տարի առաջ Երուսաղէմէն Յորդանան երթալը կամ հակառակը, դժոխքին մէկ թաղէն անցնիլ կը նշանակէր։ Այդ ըլլար ամառ թէ ձմեռ… Այսինքն պատճառը ոչ տաքն ու ցուրտն էր, այլ ամէն բանէ առաջ անմարդկային վերաբերմունքը, որ կը ցուցաբերուէր, նոյնն էր նաեւ Թել Աւիւի օդակայանին մէջ, չափազանց նուաստացուցիչ էր դրուած տարբերութիւնը իրենց ազգին եւ ոչ իրենց ազգին միջեւ, սակայն ամենասարսափելին կը մնար Յորդանանէն վերադարձը, ամառը ձմեռէն դժուար, երբ ճանճերուն խմբակները թմրած կը փռուէին գետինը, եւ գետնին գոյնը դժուար թէ երեւէր։ Իսկ տակաւին ոչ-թմրածները եթէ մարմինիդ վրայ հաստատուէին՝ քրտինքով կը փակէին եւ… Աստուած հասնի։
Այո՛, անհամար ճանճերու անհամար խմբակները, որոնք շատ մարդ տեսնելով թերեւս ճաշարան կը կարծէին եւ կը խուժէին ու տաքէն այդպէս առանց քշուելու կամ ծեծուելու կը նահատակուէին, նոր գորգատեսակով մը ծածկելով գետինը։
Մայրս կը զգուշացնէր ամրան տաքին երկար թեւ հագուիլ, աւելի լաւ է քիչ մը տաքնալ քան «Ճանճոտիլ»… Յետոյ ուշադիր քալել եւ գտնել ոտքի չափով անճանճ բացութիւններ, որ կօշիկիդ հետ իրենց տարածող աղտն ու ախտը չփոխադրես…
Հիմա փառք Աստուծոյ, դժոխքէն երկիր փոխադրուած է սահմանը։
Մեր կապը Յորդանանի հետ միշտ ամուր եղած է, հօրս ու մօրս կողմէն անմիջական ընտանիք՝ հօրեղբայր, մօրեղբայր, հօրաքոյր, անոնց զաւակները. մայրս, որ տարիներ հոն ապրած է, ուրեմն նաեւ ընկերներ, շրջանակ։
Հազիւ սահմանը անցնէինք՝ կը մոռնայինք ամէն բան, որովհետեւ ջերմ սպասողներ ունէինք։
Հայրս, որ շատ կը ճամբորդէր, ձեւը գտած էր սահմանէն աւելի արագ անցնելու, երբ շատ կը տեսնուիս, կը դառնաս ծանօթ, քիչ մըն ալ լաւ կը նայիս իրենց, Երուսաղէմի «քա՛էք»ը շատ յարգի էր ո՛չ միայն Ամմանի, այլեւ՝ մինչեւ այսօր Երուսաղէմէն դուրս ամէն տեղ կրնամ ըսել… Եւ հայրս առատօրէն կը բաժնէր։ Շատեր հօրս հետ կ՚ուզէին ճամբորդել, մէկ ժամնոց ճամբան, որ կը տեւէր վեց-եօթ ժամ, մենք երկու-երեք ժամէն կ՚անցնէինք։
Եւ ահա օր մը խեղդող ու խենդացնող տաքին, տակաւին յորդանանեան կողմն ենք, ճանճերուն հետ արեւին տակ կը սպասենք, որ անուննիս կանչուի, բայց ի զուր… Ռամատան է, ջուր ալ չենք կրնար խմել, որ անարգած չըլլանք ու չգրգռենք այլազգիները։ Իսկ զանազան ու զարմանազան հոտերը կը բուրեն արեւին տակ թանձրանալով ու խտանալով ո՛չ միայն քրտինքի, այլեւ՝ աննախաճաշ բերաններու։ Մայրս քառորդ ժամը մէկ «Bien-Etre»ի շիշը կը հանէ պայուսակէն ու անձեռոցիկի վրայ սրսկելով իւրաքանչիւրիս կու տայ, որ սրբուինք, հոտոտենք։ Բայց ի՜նչ օգուտ, միւս հոտերը մեր ռունգերէն մինչեւ թոքերը փառաւորապէս գրաւեր են։
Մայրս ցած ձայնով երգել սկսաւ ձեռքի հովահարով եղբօրս ու ինձ հովելով.
«Ես ջուր եմ խմել ամէն աղբիւրից,
Անուշ ակունքից անուշ Հայաստան…»
Ես խանդավառուած անմիջապէս միացայ, եղբայրս՝ դեռ աղուամազով, վերջին ծայր լուրջ ծուռ նայեցաւ երկուքիս.
-Լրջացէք, մոռցեր էք որքան մարդ կայ շուրջերնիս… Հոս երգելու տե՞ղ է…
-Ցած կ՚երգենքկօր, մարդ լսած չունի, անմիջապէս ընդմիջեցի ես։
-Մէկ անգամէն պարեցէք…
Ես անշուշտ ոտքի ելայ, իբր թէ պիտի պարեմ… Փէշս աջ-ձախ ըրի եւ դարձեալ տեղաւորուեցայ։
Մայրս նոյն հանդարտութեամբ ըսաւ.
-Ուզեցի ծարաւնիդ յագեցնել, կարծեցէք, որ Հայաստան ենք աղբիւրի մը քով նստած, հովն ալ կը փչէ…
Հովն ալ անշուշտ ձեռքին հովահարն է, որ այդ եղանակին ճանճերուն անգամ չի կրնար զովացնել։
Հայրս համբերութիւնը հատած ջղային կ՚երթայ ու կու գայ, իսկ բարձրախօսով արդէն կէս ժամէն աւելի, է որ Հարնըթ Ճաբանին կը կանչեն եւ Հարնըթ Ճաբանը անհետացեր է։
Ժողովուրդին մէջէն բողոքի ձայները վերածուեցան կռիւի պատրաստ պոռչտուքներու, բոլորը Հարնըթ Ճաբանին կը կանչեն ու կը փնտռեն, եթէ գտնեն՝ պիտի բզկտեն։ Շուրջերնիս ոչ մէկ ճաբոնցի կայ։ Հայրս աւելի կը նեղուի, որ մեզ արեւին տակ ձգած է ու չի կրնար օգնել։ Եղբայրս իբր թէ մօրս ու ինձ չի ճանչնար, երկու մեթր անդին գացած է, վախէն, որ իմ պարելս ալ կը բռնէ եւ կը խայտառակուի… Ես ու մայրս աղբիւրին քով նստած ծարաւնիս կը յագեցնենք եւ զեփիւռը՝ հովահարնիս մեղմ կը փչէ…
-Հարնըթ Ճաբան, ո՞ւր ես, մօտեցիր… Աւելի ջղային կանչեց պաշտօնեան։
Հարնըթ Ճաբանը անհետացեր է…
-Հարնըթ Ճաբան…
Հարնըթ Ճաբանը շոգիացեր է…
-Չըլլայ որ տեղ մը մարեր ինկեր է անօթի-ծարաւ, բարձրաձայն ըսաւ սպասողներէն մէկը։
-Արփիկ մօտենամ, սա նայիմ ինչո՞ւ անուննիս չի կանչեր… Սա ճաբոնցին թող մոռնայ, յաջորդ անունները կարդայ։
-Հրանդ, արդէն բոլորը անհամբեր դարձած են, քիչ մըն ալ համբերենք։ Մի՛ մտահոգուիր, մենք լաւ ենք։ Կռիւ մը չփրթի։
Բայց հօրս համբերութիւնը հատած էր…
Մօտեցաւ անունները կարդացողին.
-Մեր անունը ժամ մը առաջ պէտք էր, որ ելլէր։
-Պարոն ժամ մըն է ձեր անունը կը կանչեմ «Հարնըթ Ճաբան»։
Հարնըդ Ճաբանը հայրս էր, Հրանդ Ճիւան…
Ինչ որ է, հայկական աղբիւրները ձգեցինք եւ ճաբոնական հովանոցներով ճամբանիս շարունակեցինք։
Անհամբեր էի տուն հասնելու, անպայման պիտի պատմէի, թէ ինչերէ անցանք։ Առաջինը Սիր հօրաքոյրս մեր ժամանման օրը գիտնալով՝ տան դուռը բաց, սեղանը պատրաստ մեզի կը սպասէր եւ գիտէ՞ք ինչ, անպայմա՛ն «մանթը» ըրած կ՚ըլլար, մեր ընտանիքին աւանդական ճաշը եւ մէջը այնքան սէր դրած կ՚ըլլար…
Անօթի, յոգնած սեղան կը նստէինք, ես մանթըին հետ պատմութիւններս ալ կը կերցնէի.
-Սիր, միայն հոն ըլլայիր, մաման եւ ես կ՚երգէինք, բոլորը հիացած մեզի մտիկ կ՚ընէին, մարդոց ջղայնութիւնը փարատեցինք, մարդիկ տաքը մոռցան, սպասումը հաճելի դարձաւ, ճանճերն ալ անուշ-անուշ քնացան…
-Ի՞նչ փարատել, մի՛ հաւատաք, գիտէք ինչ ծուռ կը նայէին բոլորը, ես հոն չըլլայի լաւ ծեծ մը կ՚ուտէին։ Ո՞ւրկէ կը շինես այս պատմութիւնները…
-Ես չեմ շիներ, այդպէս կը զգամ, ամէն բանի մէջ ուրախութիւն պիտի գտնես… Յետոյ ո՞վ ըսաւ որ մեզ պիտի ծեծէին…
Մէկով՝ մէկ հաշիւը հաւասարուեցաւ։
Բայց այդ բոլորը կարեւոր չէր, հասանք բուն մասը ճամբորդութեան, հայրս՝ Հարնըթ Ճաբանն էր։
-Սիր, ամմօ, ես անմիջապէս աչքերս շեղակի տարի, բայց ճաբոներէն երգ չէի գիտեր…
Հօրաքրոջմէս եւ ամմօ Ռուբէնէն ետք անշուշտ թանթիկ Աննիկին պէտք էր պատմէի (թանթիկ Աննիկը մօրենական վանեցի մեծ հօրս ու մեծ մօրս որբանոցի ընկերուհին էր, այսինքն կամ հօրաքոյր էր կամ ալ մօրաքոյր)։ Երբեմն թանթիկ Աննիկն ալ հօրաքրոջս քով մեզի կը սպասէր, ուրեմն աւելի շուտ կրնայի հասնիլ ընկերուհիներուս։
Ամենամտերիմը Ալինն էր, որուն հետ յիշած եմ ասկէ առաջ շատ արկածախնդրութիւններ ունեցած ենք եւ իրենց երթալու ճամբուս վրայ կը պատկերացնէի, թէ Ալինը ինչ հարցումներ կրնար ընել, նշանաւոր պրպտող էր, իսկ մեր քահքահին ձայնը արդէն կը լսէի.
-Ալին, ես այլեւս Անուշ հՀրանդ Նագգաշեանը չեմ, ես Անուշ Հարնըթ Ճաբան Նագգաշեանն եմ։
Թանթիկ Սիրունը (Ալինին մայրը) խոհանոցէն մտիկ կ՚ընէր մեզի եւ խնդալով եկաւ.
-Ես ալ ձեզի իմ անունիս պատմութիւնը պատմեմ։ Համեստին հետ AUB սորված ատեննիս Երուսաղէմ գալու ժամանակ, սահմանը ձեզի նման կը սպասենքկօր, որ կանչուինք։ Մէյ մըն ալ անունս կարդացին Սիրաուան, Համեստը վրաս խնդալով. «Գնա՛ Սիրաուան, անունդ ելաւ»։ Վայրկեան մը վերջ՝ Համազի՜դ», Համեստին անունը ելաւ։ «Համազի՜դ քու անունդ ալ ելաւ»։
Եւ այս անուններու պատմութիւնը որդոց-որդի կը շարունակուի…
Տղաս՝ Արփիակը եւ Ալինին տղան՝ Սեդոն (Սեդրակ) դասընկերներ էին, եբրայերէնի նոր ուսուցիչ մը առաջին անգամ դասարան կը մտնէ եւ անունները կը կարդայ (կարեւոր է ըսեմ, որ ուսուցիչը Պաղտատէն ներգաղթած հրեայ մըն էր եւ լաւ արաբերէն գիտէր, թերեւս ալ անունները արաբերէնով գրած էր)։ Տղաս Ա-ով կը սկսի, ուրեմն առաջինը իր անունը կու տայ.
-Արպիա՜ժ, ո՞վ է Արպիաժը։
Տղաս ձայն չի հաներ։
-Ծօ՛ Արպիա՜ժ անունդ տուաւ, կ՚ըսէ Սեդոն եւ կը խնդայ, Արպիա՜ժ…
Վերջին անունը Ս-ով Սեդոյին անունն է.
-Իսդրա՜ժ, ո՞վ է Իսդրա՜ժը։
-Իսդրա՜ժ վազէ անունդ տուաւ։
Արփիա՜ժն ու Իսդրա՜ժը, բնականաբար մեր անուններու պատմութիւններուն ծանօթ էին, յաճախ պատմած էինք իրենց եւ այն տարիքն էին, որ ուրախ էին, որ իրենք ալ նման պատմութիւն ունեցան։ Հիմա երկուքն ալ Եւրոպա կ՚ապրին, արդեօք ի՞նչ անուն պիտի ընտրեն իրենց զաւակներուն, որպէսզի չծռմռին մեր հայկական գեղեցիկ անունները։
Հայկականը ընտրեցէք տղաներ, չկարենալ ճիշդ արտասանել մեր խնդիրը չէ արդէն…
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Երուսաղէմ, 29 յունիս 2024