ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Ս. Աստուածածնի տօնին շարժառիթով մեր համայնքին ուշադրութիւնը այս շրջանին վերստին կեդրոնացած է Վաքըֆլըգիւղին եւ անոր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վրայ։ Այս գողտրիկ եկեղեցիով խորհրդանշուած պատմական գիւղը վերջին տարիներուն կ՚ապրի վերելքի շրջան մը։ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ վաքըֆլըգիւղցիները բազմակողմանի աշխատանք կը տանին, որպէսզի գիւղի կեանքէն ներս աւելնայ եռուզեռը։ Այս ուղղութեամբ Իսթանպուլէն ալ բազում ազգայիններ կը զօրակցին վաքըֆլըգիւղցիներուն։
Ս. Աստուածածնի տօնին օրը, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ Վաքըֆլըգիւղ կատարուած այցելութենէն շաբաթ մը վերջ, այս անգամ ալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան գիւղ այցելած է՝ կարգ մը ազգայիններու ընկերակցութեամբ։ Ս. Աստուածածնի աւանդական տօնակատարութիւններէն վերջ, այժմ վաքըֆլըգիւղցիները կը պատրաստուին Իսթանպուլի մէջ խրախճանք մը կազմակերպելու։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու մեր ծանօթ ազգայիններէն Միհրան Ուլիկեանը, որ տասնամեակներէ ի վեր հոգատար վերաբերմունք ցոյց կու տայ այս գիւղին նկատմամբ եւ մղիչ ուժը կը հանդիսանայ Իսթանպուլէն կատարուած զօրակցութեան շարժումներուն։ Միհրան Ուլիկեան երէկուան հաճելի զրոյցին ընթացքին մեզի տեղեկացուց, թէ այս շաբաթավերջին Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած է Վաքըֆլըգիւղի խրախճանքը։ Ըստ մշակուած ծրագրին, Շաբաթ երեկոյեան խրախճանքը պիտի սկսի, մասնակցութեամբ «Ոմանք» խումբին։ Գիշերուան ողջ տեւողութեան պիտի պատրաստուին աւանդական հարիսաները, իսկ յաջորդ առաւօտ յաւարտ Ս. Պատարագի պիտի բաժնուին հաւատացեալներուն։
Մշակութային ծրագրին առընթեր փառատօնի մասնակիցները հնարաւորութիւն պիտի ունենան ապահովելու գիւղի արտադրանքը եւ մանրամասն տեղեկութիւններ քաղելու Վաքըֆլըգիւղի այսօրուան վիճակին շուրջ։
Միհրան Ուլիկեան մեր երէկուան զրոյցին ընթացքին հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցեց անցեալ մէկ տարուան ժամանակաշրջանին ծաւալուած գործունէութիւններուն շուրջ։ Ըստ իրեն, Վաքըֆլըգիւղէն ներս հովուատան երկյարկանի համալիրին կառուցման աշխատանքները կը շարունակուին թափով։ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բլուրի լանջին շինարարութիւն մըն է այս մէկը, որ ճակատագրական նշանակութիւն կը ներկայացնէ գիւղի ապագային տեսակէտէ։ Եթէ այդ ծրագիրը հասնի իր աւարտին, ապա Վաքըֆլըգիւղ պիտի դառնայ ինքնաբաւ։ Հովուատան առընթեր այդ համալիրը կ՚ընդգրկէ 9 հիւրասենեակ, 150 հոգիի տարողութեամբ բազմանպատակ սրահ մը, թանգարան եւ ամենակարեւորը՝ կանանց համար արտադրամաս մը։ Այս արտադրամասը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ, որպէսզի Վաքըֆլըգիւղի բնորոշ տեսականին պատրաստուի կայուն թափով եւ առողջապահական չափանիշներու համապատասխան։ Միեւնոյն ժամանակ այս արտադրամասին շնորհիւ է, որ Վաքըֆլըգիւղ իննուրոյն վաճառանիշով հրապարակ հանելու հնարաւորութիւն կ՚ունենայ իր արտադրանքը, որ այնքան յաջող է ու կը փնտռուի բոլորին կողմէ։ Սա կ՚ապահովէ նաեւ յարմարութիւն Երկրագործութեան նախարարութեան կողմէ նախատեսուած չափանիշներուն։ Ըստ Միհրան Ուլիկեանի բացատրութիւններուն, գիւղացի կանայք իրենց ամբողջ արտադրանքին հասոյթը այս շրջանին կը յատկացնեն հովուատան համալիրի շինարարական աշխատանքներուն։ Այս միջոցները ճակատագրական նշանակութիւն ունին պատմական գիւղին համար։ Այս շրջանին աւելցած է նաեւ Վաքըֆլըգիւղէն անցորդներուն թիւը եւ շնորհիւ անոնց կողմէ կատարուած գնումներուն՝ առեւտուրն ալ որոշ չափով աշխուժացած է այնտեղ։
Այս շաբաթավերջին նախատեսուած խրախճանքին ընթացքին փափաքողներ հնարաւորութիւն պիտի ունենան նաեւ նուիրատուութիւն ընելու՝ զօրակցելու համար Վաքըֆլըգիւղի մէջ ստեղծուած այս շարժման։ Երէկուան մեր զրոյցին ընթացքին Միհրան Ուլիկեան առանձնապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեանին եւ իր ընկերներուն, որոնք պատրաստակամ վերաբերմունք ցոյց կու տան Վաքըֆլըգիւղի խրախճանքի կազմակերպչական աշխատանքներուն նպաստելու ուղղութեամբ։
Միւս կողմէ, այս վերջին այցելութեան ընթացքին Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի ձեռամբ մկրտուած են տեղւոյն Ծխական խորհուրդի ատենապետ Ճեմ Չափարի երկու դստրերը՝ Զուլալը եւ Արեւը։
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024