ՏԱՂԱՒԱՐԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երէկուան Վարդավառի տօնակատարութիւններուն նախագահեց եւ քարոզեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։ Պէշիկթաշի ընտանիքը մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ այս առթիւ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան թաղի Նարեկացի դպրաց դաս-երգչախումբի անդամներուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի։ Արարողութեան ընթացքին կիսասարկաւագի աստիճան շնորհուեցաւ Մկրտիչ Նառլըին։

Ատենապետ Կարօ Վարժապետեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը կրօնական արարողութիւններէն վերջ պատուասիրեց հոգեւոր հայրերն ու հաւատացեալները։ Նորին Սրբազնութիւնը օրհնեց տիկնանց կազմին կողմէ սարքուած սեղանները, որոնց շուրջ ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ 

Երկուշաբթի, Յուլիս 8, 2024