ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ԱՅՑԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Երուսաղէմի մօտ Թուրքիոյ աւագ հիւպատոս Իսմայիլ Չոպանօղլու երէկ առաւօտ այցելեց Հայոց Պատրիարքարան։ Ան ընդունուեցաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի կողմէ։ Պատրիարքութեան աղբիւրները զրոյցի բովանդակութեան մասին որեւէ մանրամասնութիւն չեն հաղորդած։

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 10, 2024