ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄ

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան Փեզեշքիանը շնորհաւորեց ընտրութիւններուն մէջ տարած յաղթանակին առթիւ եւ մաղթեց արդիւնաւէտ պաշտօնավարութիւն։ Զրուցակիցները վերահաստատեցին՝ Երեւանի եւ Թեհրանի միջեւ նախապէս գոյացած համաձայնութիւններուն նկատմամբ իրենց հաւատարմութիւնը։ Անոնք պայմանաւորուեցան հանդիպիլ առաջին պատեհ առիթով։

Փեզեշքիան երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։

Նկատի ունենալով, որ Մեսուտ Փեզեշքիան Իրանի ազէրիներէն է՝ վերջին օրերուն յաճախ կը հարցաքննուի, թէ այս հանգամանքը ինչպէ՛ս կրնայ անդրադառնալ Երեւան-Թեհրան համագործակցութեան։ Հայկական լրատուամիջոցներուն մէջ ալ ուշադրութիւն կը գրաւեն համապատասխան մեկնաբանութիւնները։ Ընդհանուր առմամբ կը դիտարկուի, որ Իրանի մէջ արտաքին քաղաքական ուղղութիւնները կը նախանշուին երկրի գերագոյն հոգեւոր առաջնորդին կողմէ, իսկ նախագահը կը գործէ այդ շրջանակներուն մէջ, հետեւաբար պէտք չէ լուրջ փոփոխութիւններ ակնկալուին Հայաստան-Իրան բարիդրացիական յարաբերութիւններուն մէջ։ Յամենայնդէպս, սակաւ չեն նաեւ այն փորձագէտները, որոնք վստահ են, թէ անկարելի է կարգ մը ռիսքերը բացառել։ Ըստ կարգ մը միջազգայնագէտներու, Իրանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու երկխօսութեան հաւանականութիւնը անկարելի է անտեսել։ Բաց աստի, Իրան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու վերանայման վարկածին նկատմամբ ալ կայ լուրջ վերաբերմունք։ Այս բոլորը կրնան էապէս ստուեր ածել Հայաստանի շահերուն վրայ։ Մասնագէտները համապատասխան ռիսքերը կ՚արժեւորեն նաեւ՝ Ատրպէյճանի հակաարեւմտեան գիծի տեւականացման պրիսմակէն։

Ի լրումն այս բոլորին, Երեւան ուշադրութեամբ պէտք է հետեւի նաեւ Թեհրան-Մոսկուա յարաբերութիւններու ընթացքին։ Արդարեւ, Իրան-Ռուսաստան առանցքի հաւանական վերափոխումները եւս Հայաստանի շահերուն տեսակէտէ կրնան նպաստաւոր չըլլալ։

Պեզեշքիանի պաշտօնամուտի ներկայ օրերուն ուշագրաւ խորհրդածութիւններ հրապարակուեցան նաեւ «Pars Today» գործակալութեան կողմէ։ Այսպէս, շեշտուեցաւ, որ Իրանի կազատարը ի վիճակի է ապահովելու Հայաստանի ուժանիւթի կարիքներու կէսէն աւելին։ Հարաւային Կովկասէ ներս վերջին չորս տարիներուն արձանագրուած աշխարհաքաղաքական իրավիճակի արմատական փոփոխութիւններու լոյսին տակ հաղորդման մէջ ընդգծուած է հետեւեալը.

«Թուրքիա-Ատրպէյճան պաշտպանական պայմանագրի ստորագրումը, Լեռնային Ղարաբաղէն եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանէն Ռուսաստանի խաղաղապահներու կամ սահմանապահներու դուրս բերուիլը, Եւրոմիութեան սահմանափակ դիտորդական առաքելութիւնը խոր հետեւանքներ կ՚ունենան Իրանի անվտանգութեան ու շահերուն համար։ Հայաստանի արեւմտամէտ իշխանութիւնը մտադիր է տնտեսութեան եւ ուժանիւթի գծով նուազեցնել իր կախուածութիւնը Ռուսաստանէն։ Մինչդեռ Ատրպէյճան լիովին կը հասկնայ Հայաստանի վիճակը եւ այս հարցը կ՚ընկալէ՝ որպէս ճնշման լծակ, որպէսզի յաւելեալ օգուտներ ապահովէ եւ աւելի մեծ ճնշում գործադրէ»։

Այս համայնապատկերին վրայ մատնանշուած է, որ տարածաշրջանէն ներս Ռուսաստանի կազը փոխարինելու համար երկու տարբերակ գոյութիւն ունի՝ Իրան կամ Ատրպէյճան։ Եթէ Երեւան երկրորդ տարբերակը ընտրէ, ապա աւելի խորութեամբ կը ներքաշուի Անգարա-Պաքու դաշինքի ազդեցութեան ոլորտ։ Մինչդեռ Երեւանն ու Թեհրանը կրնան ուժանիւթի ոլորտէն ներս համագործակցութիւնը ընդլայնել։ Ներկայիս Իրան-Հայաստան կազատարը շատ նուազ հզօրութեամբ կ՚օգտագործուի՝ մինչ այդ մէկը կրնայ ապահովել Հայաստանի ուժանիւթի կարիքներու կէսէն աւելին։

Յօդուածին մէջ յիշեցուած է, որ Տաւուշի վիճելի տարածքով կ՚անցնի այն կազատարը, որով Ռուսաստանէն կազը կը մտնէ Հայաստան։ Եթէ Ատրպէյճան ելք ստանայ դէպի անկլաւային շրջաններ, ապա անոր յարաբերական վերահսկողութեան տակ պիտի յայտնուի այն խողովակաշարը, որով Հայաստան կը ստանայ Ռուսաստանի բնական կազը։

Այս խնդիրները Երեւան-Պաքու բանակցութիւններուն առարկայ են եւ ապագայ յարաբերութիւններու օրակարգին վրայ պիտի գտնուին։ Ուժանիւթամատակարարման շրջանակէն ներս կը քննարկուի Ատրպէյճանէն Հայաստան կազ մատակարարելու հաւանականութիւնը, ինչ որ կրնայ ենթադրեալ համապարփակ համաձայնագրին մաս կազմել։ Իրանական աղբիւրը կ՚ընդգծէ, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանագծման ներկայ գործընթացը կը ստեղծէ Հարաւային Կովկասի նոր պատկեր մը։ Այստեղ տարածաշրջանի միւս երկիրներու տեսակէտէ վտանգաւոր եւ անառողջ նախադէպեր կրնան յառաջանալ։ Արդարեւ, տարածաշրջանային հաւասարումներու այս փոփոխութիւնը նոր եւ աւելի փխրուն ճարտարապետութիւն մը կ՚ենթադրէ։ Սա հիմնուած պիտի ըլլայ աւելի տկար կողմին վրայ կրկնակի ճնշման եւ հաւասարակշռութեան վերջնական խախտման վրայ, ինչ որ սուր իրավիճակ պիտի ստեղծէ։ Աւելին, այս գործընթացը Հայաստանը կը դարձնէ Ատրպէյճանի յաճախորդ երկիր։

Խորհրդածութեան մէջ կը մատնանշուի, որ Երեւան կը բաւարարէ Պաքուի եւ Անգարայի պահանջները։ Այսպէսով Հայաստան տարածաշրջանէն ներս կ՚երաշխաւորէ Թուրքիոյ յառաջատար դիրքը։ Հետեւաբար, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի յստակեցումը խաղաղութեան համար եւս մէկ նախապայման պէտք չէ ըլլայ։ Համաշխարհային փորձը ցոյց կու տայ, որ սահմանագծման ու սահմանազատման գործընթացը կրնայ շարունակուիլ քանի մը տասնամեակ։ Վրաստանն ու Ատրպէյճանը շուրջ երեսուն տարիէ ի վեր կը քննարկեն իրենց ընդհանուր սահմանի ճշդումը, այս ուղղութեամբ կը խորհրդակցին, հակառակ այս բոլորին՝ յառաջընթաց ապահովելու համար ռազմական ճնշում չի գործադրուիր։

Սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացին զուգահեռ՝ կառավարութիւնները կը ներգրաւուին զանազան ոլորտներ, ուր կը համագործակցին։ Հետեւաբար, Ատրպէյճանի տեսակէտը՝ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումն ու սահմանի ճշդումը իրարու հետ կախուածութեան մէջ դնելու մասին, կը նշանակէ խաղաղութեան իսկական տեսլականի միտումնաւոր խոչընդատում։

«Այսպէս վտանգ կայ, որ տարածաշրջանի ապակայունացման հետամուտ թշնամական երկիրները որպէս լծակ կ՚օգտագործեն Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու Ատրպէյճանի դժկամութիւնը՝ Իրանի սահմաններուն վրայ հաւանական ապակայունացման հրահրումով», եզրափակուած է յօդուածը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 10, 2024