ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ

Առանց առիթի, ինքզինքս ենթադրեցի արաբական երկիրներու խօսնակ, որ կը խօսի օտար հեռատեսիլներու, ռատիոկայաններու, թերթերու լրագրողներու եւ լրատուական կայքերու ներկայացուցիչներուն հետ, օրուան ամենէն հրատապ խնդիրներուն մասին, մինչ մենք արաբական անարատ սուրճ կը խմենք, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ասուլիսներու սրահէն ներս:

Անգլիացի թղթակից մը. ի՞նչն է պատճառը, որ բոլոր համագումարներուն եւ առիթներուն կը յամառիք դառն սուրճ հրամցնել:

-Որպէսզի միշտ յիշենք ներկայ դառնութիւնը, որու մէջ կ՚ապրի մեր ազգը:

[Անգլիացի թղթակիցը]. Արեւմուտքի մէջ այս օրերուն շատ կը խօսուի տարածաշրջանէն ներս զգայացունց փոփոխութիւններու մասին: Ի՞նչ է ձեր արձագանգը այս մասին:

-Ինչ բանի մասին կ՚ուզեն թող խօսին: Այդ երկիրներու ժողովուրդները յայտնի են շատախօսութեամբ:

[Անգլիացի թղթակիցը]. Իսկ դո՞ւք:

-Գործերո՛վ, անշուշտ:

Ամերիկացի թղթակից մը. Սակայն, տուեալներ կան, որոնք ցոյց կու տան, որ որոշ կեցուածքներու պարագային նահանջ արձանագրած էք:

-Անկարելի է, որովհետեւ իրականութեան մէջ չե՛նք յառաջացած, որ նահանջ արձանգրենք:

[Ամերիկացի թղթակիցը]. Փաստեր կա՞ն այդ մասին:

-Անշուշտ, մեր քաղաքական կեցուածքները յստակ ու անկեղծ են եւ մեր թերթերուն մէջ յաճախակի կերպով կ՚անդրադառնանք ատոնց մասին: Հրամմեցէք եւ ձեր միջեւ բաժնեցէք զանոնք: Մի՛ տատամսիք, իրաւունք ունիք, լեզուի խնդիրը կայ, մենք՝ արաբներս չե՛նք հասկնար զայն, ո՞ւր մնաց որ դուք հասկնաք:

Ֆրանսացի լրագրող մը. Արեւմուտքի մէջ պարբերակաները արագութեան եւ արդիականացումին հետ կը մրցին, որով ան իր ընթրեցողներուն ամենէն ընդգրկուն գիտելիքները մի քանի տողերով կը ներկայացնէ: Այդ պատճառով, ոեւէ մէկը միայն զանոնք իր ձեռքը առնէ, ապա տեղեակ կը դառնայ աշխարհի իրադարձութիւններուն, ապա զայն կը նետէ փոխադրամիջոցին կամ մեթրոյին մէջ, ու իր գործին կ՚երթայ:

-Այս առումով մենք ձեզմէ աւելի բարձրակարգ ենք: Արաբ ընթերցողը թերթը կը նետէ՝ առանց կարդալու զայն:

Շուէտացի լրագրող մը. Արաբական աշխարհին մէջ ընդդիմութիւնը օրինաւո՞ր է:

-Անշուշտ:

Փրավատայի1 լրագրողը. Սակայն դեմոկրատական ուժերը զրկուած են որեւէ մէկ կարծիք արտայայտելէ:

-Դուն լռէ՛, ձեր երկրէն ներս նոյնիսկ ճամբաները մէկ ուղղութեամբ են միայն:

 Շուէտացի լրագրողը. Սակայն, տարածաշրջանէն ներս բերանները գոցելու երեւոյթը բոլորին ալ ծանօթ է:

-Յիմարութիւն: Խօսքի, հաւատալիքի ազատ արտայայտութիւնը ժողովուրդի բոլոր խաւերուն կը պատկանի, եւ ոեւէ մէկ արաբ քաղաքացի, որեւէ մէկ արաբական երկրի մէջ կրնայ ոեւէ մէկ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեայի մօտ մտնել եւ ըսել՝ ինչ որ կ՚ուզէ. բայց, թէ ե՞րբ դուրս կու գայ այնտեղէն, ատիկա ամբողջութեամբ ուրիշ հարց է:

[Շուէատցի լրագրողը]. Իսկ բանտարկեալներու պայմաններուն եւ անոնց հոգեկան ու առողջական վիճակի՞ն մասին:

Փրավատայի լրագրողը. Այս հարցը մէկ կողմ ձգեցնք:

-Ո՛չ, պիտի անդրադառնանք այս հարցին, որովհետեւ ամչնալու ո՛չինչ ունինք, եւ ինչպէս յայտնի է, մենք ո՛չ մէկ բանէ կ՚ամչնանք: Բանտարկեալներու պայմաններու մասին, ապա ինչ որ կ՚ըսուի ենթադրութիւններ եւ խելապատիկէն դուրս եկած խօսակցութիւններ են, որովհետեւ եթէ անոնց ծնողները, հայրերը, մայրերը անոնց բանտարկութենէն ի վեր ո՛չինչ գիտեն անոնց մասին, ապա օտարները ինչպէ՞ս կրնան անոնց մասին այսքան գիտելիքներ ունենալ:

Ամերիկացի լրագրող մը. Վերադառնանք օրուայ խնդիրին: Արաբական մամուլը կը շարունակէ պնդել, թէ Իսրայէլը իր նպատակները չէ իրագործած Լիբանան ներխուժելով:

-Անշուշտ:

[Ամերիկացի լրագրողը]. Ըստ ձեր կարծիքին, ի՞նչ են անոր նպատակները:

-Մենք մեր նպատակները չենք գիտեր, ո՞ւր մնաց ուրիշներուն նպատակները գիտնանք:

Ինտոնեզիացի լրագրող մը. Միջազգային գետնի վրայ տարիներով գործունեայ քաղաքական գործիչներ էիք եւ քաջալերուած էիք Ժընեւի, Վենետիկի միջազգային ընկերվարութեան համագումարներուն, ինչպէս նաեւ արաբ-եւրոպական երկխօսութեան եւ դրական չէզոքութեան ու անկողմնակալութեան: Ապա, ձեր այդ գործունեայ վիճակը խամրեցաւ եւ ձեր եռանդը մարեցաւ: Ինչո՞ւ: Յուսահատեցա՞ք աշխարհէն:

-Ո՛չ. աշխարհը յուսահատեցաւ մեզմէ:

Իտալացի լրագրող մը. Այդ ըսել է, որ ներկայիս ձեր որոշումները կը կայացնէք անկախ աշխարհի բոլոր պարագաներէն ու հոսնաքներէն:

-Ո՛չ միայն հիմա, այլ՝ միշտ, մեր որոշումները ազգային են, սակայն փոխուող կտորները՝ դուրսէն են:

Գերմանացի լրագրող մը. Ներկայիս, որ մեծ փոփոխութիւններու դարաշրջանն է՝ քաղաքականութեան, մտածումի, գիտութեան եւ տնտեսութեան մէջ, կը նկատենք, որ ձեր բոլոր որդեգրած ուղղութիւնները եւ սկզբունքները տակաւին նոյնն են, եւ արաբական աշխարհէն ներս արմատական ո՛չ մէկ փոփոխութիւն կատարուած է:

-Բաւարար չէ, որ անոր քարտէսը ամէն օր կը փոխուի:

Հոլանտացի լրագրող մը. Ի՞նչ է արաբական երկիրներուն կեցուածքը իրանական յեղափոխութենէն:

-Մենք ուրիշներու գործերուն չե՛նք խառնուիր:

[Հոլանտացի լրագրողը]. Ուրեմն, ո՞վ կանգնած է Լիբանանի, Ծոցի երկիրներուն, Մեծ Անապատին եւ այլ պատերազմներու ետին:

-Տարածաշրջանէն ներս օտար ազդեցութիւնները:

[Հոլանտացի լրագրողը]. Իսկ ի՞նչ կ՚ընեն տարածաշրջանէն ներս արաբական ազդեցութիւնները:

-Դաշնամուր կը նուագեն:

Մարզական լրագրող մը. Ձեր երկիրներէն ներս մարզանքին յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէք, միլիոններ կը ծախսէք խաղադաշտերու եւ խաղերու վրայ, մարզիկներ պատրաստելու, բայց եւ այնպէս, շատ հազուադէպ է, որ արաբական խումբ մը յիշատակելի մրցանակ մը նուաճած ըլլայ: Ինչո՞ւ:

-Անձնապէս, երբեք քաջալերուած չեմ եղած մարզանքի նկատմամբ չափազանց ուշադրութենէն, մանաւանդ ֆութպոլի նկատմամբ: Որովհետեւ, արաբը իր բնաւորութեամբ բացի մեծ խնդիրներէ ուրիշ բաներով չի՛ սիրեր խաղալ:

Չինացի լրագրող մը. Ո՞ւր հասան ձեր քայլերն ու ջանքերը արաբական միութիւն իրականացնելու գործին մէջ:

-Ներկայիս, մեզի համար արաբական համերաշխութիւնն ալ բաւարար է:

[Չինացի լրագրողը]. Սակայն, ինչ որ ներկային արաբական դաշտին վրայ կը կատարուի, ճիշդ հակառակը կը փաստէ: Լիբանանը ճակատի մը վրայ կ՚աշխատի, մերժող պետութիւնները ուրիշ ճակատի մը, չափաւորական երկիրները՝ ուրիշ ճակատի մը, իսկ ընդդիմութիւնը՝ մի քանի ճակատներու վրայ: Ի՞նչ ըսել է ասիկա:

-Ատիկա կը նշանակէ կարծիքի ազատութիւն եւ ժողովրդավարական կողմնորոշում: Տակաւին, կարեւորը այս ջանքերուն վերջնական արդիւնքն է եւ ո՞ւր պիտի հասնին:

Լիբանանցի լրագրող մը. Իրապէս կ՚ըսեմ, որ ալ-Լիթանի2 գետէն զատ, ուրիշ տեղ մը պիտի հոսի:

-Սակայն, պիտի վերադառնայ: Ալ-Լիթանին պիտի վերադառնայ, ինչպէս նաեւ Յորդանանի գետը, նոյնիսկ Նեղոսը պիտի վերադառնայ:

[Լիբանանցի լրագրող]. Դէպի գրաւո՞ւմ:

-Այլ՝ դէպի արաբական երկիրներ եւ արաբական ճակատագիր:

Հնդիկ լրագրող մը. Հետեւաբար, չէ՛ք բացառեր Եգիպտոսի վերադարձը:

-Անշուշտ ո՛չ: Սակայն, այս հանգրուանին Քեմփ Տէյվիտի պատկերը չի՛ բացակայիր ո՛չ մէկուն միտքէն:

[Հնդիկ լրագրողը]. Այս առիթով Եգիպտոսի վարչակարգին որեւէ մէկ բան ունի՞ք փոխանցելիք:

-Ներողութիւն, սակայն ինչպէս գիտէք մեր յարաբերութիւնները կտրուած են եւ պարագաները շա՜տ նուրբ են:

Արուեստագէտ լրագրող մը. Եթէ խօսքը ամօթ կը յառաջացնէ, ի՞նչ կ՚ըսէք արաբական երկիրներու անունով երգ մը նուիրելու [Եգիպտոսին]:

-Եթէ անհրաժեշտ է այդ մէկը, ապա անոր կը նուիրեմ Ֆէյրուզի «Եկո՛ւր եւ մի՛ գար» երգը:

Բոլոր լրագրողները. Այդ կը նշանակէ, թէ ապագայի նկատմամբ լաւատես էք:

-Այո՛, կատարեալ լաւատես:

[Բոլոր լրագրողները]. Եւ ուրա՞խ էք արաբական գետնի վրայ կատարուած արաբական աշխատանքով:

-Կատարեալ ուրախութեամբ: Տակաւին, անունս Սաաիտ3 է, հօրս անունը՝ Մասըուտ, մօրս՝ Սաատա, քոյրս՝ Սաատիէ: Եւ եթէ զաւակ մը ունենամ, ապա զինք «Սաատան» պիտի կոչեմ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 27

Վաղարշապատ


1 Ռուսական նշանաւոր թերթ մը, որ սկսած է լոյս տեսնել 1912-ին: Դադրած է հրատարակուելէ Պորիս Ելցինի նախագահական հրամանագիրէն ետք, 1991-ին:

2 Լիբանանի ամենէն մեծ ու ռազմավարական առումով ամենէն կարեւոր գետերէն մէկը: 1949 թուականին, ՄԱԿ-ի տնտեսական յանձնաժողովը զայն «Լիբանանի ապագայի բանալին» համարած է:

3 Սաաիտ, արաբերէն յատուկ անուն ըլլալու կողքին նաեւ բառ է, որ ուրախ կը նշանակէ:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 10, 2024