ՓԱՈՒԸՐ ԿԸ ՄԱՏՆԱՆՇԷ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՎ ԲԱՑՈՒԵԼԻՔ ՄԵԾ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան կառավարիչ Սեմենթա Փաուըր արդէն աւարտելու վրայ է դէպի Հայաստան ներկայ այցելութիւնը։ Ան բազմաբնոյթ ծրագիր մը իրականացուց Երեւանի կեցութեան օրերուն՝ մասնաւորապէս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ քննարկելով Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի պատրաստութեան գործընթացին վերաբերեալ մանրամասնութիւնները։ Երեւանի ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերուն հետ Հարաւային Կովկասի ընդհանուր իրավիճակը արժեւորելու առընթեր, Սեմենթա Փաուըր երէկ սարքեց նաեւ մամլոյ ասուլիս մը։ Ան այս փուլին զանազան տեղեկութիւններ տուաւ ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութեան կողմէ Հայաստանի համար տրամադրուելիք դրամական միջոցներուն շուրջ, որոնք զանազան ուղղութիւններով բարելաւումներ արձանագրելու նպատակը կը հետապնդեն։ Ասուլիսի ընթացքին ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը շեշտեց, որ Հայաստան խաղաղութեան պայմանագրին մօտ է եւ ԱՄՆ պիտի օգնէ այդ մէկուն իրականացման։ Միեւնոյն ժամանակ Փաուըր ընդգծեց, որ խաղաղութեան պայմանագիրը մեծ հնարաւորութիւններ պիտի բանայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն առջեւ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն առջեւ Սեմենթա Փաուըր յիշեցուց, որ Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը վերջին երեք տարուան ընթացքին աւելի քան եռապատկուած է։ Ան Ատրպէյճանին ալ կոչ ուղղեց, որպէսզի ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուածներու անվտանգ վերադարձը։
«Վերջին հինգ տարիներու ընթացքին Հայաստանի մէջ եղած են զգալի զարգացումներ, որոնք ապահոված են աւելի շատ ազատականացում քաղաքացիներուն համար», լրագրողներուն հետ իր համոզումը բաժնեց Սեմենթա Փաուըր։