ԱԿՆԱՐԿ - 74 - ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՕՐՐԱՆՆԵՐՈՒ ՁԱԽՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Այսօր, առաւել քան երբեք մեր դպրոցները կը գտնուին ահաւոր եւ ողորմելի վիճակի մը մէջ: Եթէ մօտիկ անցեալին մատի վրայ հաշուող տիպար ուսուցիչներ կային, այսօր շա՜տ դժուար է նման ուսուցիչներ գտնելը: Լաւ եւ տիպար ուսուցիչները մատնուած են անուշադրութեան եւ անշուք կեանքով մը կ՚ապրին, մինչ անդին, երկու բառ քով քովի դնող չգիտցող անձեր՝ ուսուցիչի անուան տակ կը շարունակեն աւերել ու աւիրել մեր սերունդները, կը շարունակեն դեռատի աշակերտներու հոգիին, միտքին ու սիրտին մէջ տգիտութիւն սերմանել՝ գիտութեան անուան տակ:
Պահ մը նայինք մեր այսօրուան դպրոցներուն: Ի՞նչ վիճակ կը ներկայացնեն անոնք: Այսօրուան հայ երիտասարդը, որ դպրոցը աւարտելով կը պատրաստուի համալսարան մտնելու, ի՞նչ գիտելիքներ ունի: Երբեք հարցուցա՞ծ էք հայկական դպրոցներ աւարտած երիտասարդներու, թէ ի՜նչ ի՜նչ դժուարութիւններու հանդիպած են իրենց համալսարանական ուսումի առաջին մէկ երկու տարիներու ընթացքին: Ի՞նչն է այս բոլորին պատճառը, կամ ո՞ւր է գաղտնիքը այս ձախողութեան: Պատճառն ու գաղտնիքը մեր՝ նիւթը եւ երեւոյթը էականէն ու իրականէն չկարենալ զանազելուն մէջն է: Մենք մեզ լոզունգներու եւ գեղեցիկ ճառերու տուինք, զգացումներու դաշտին մէջ նետուեցանք, առանց երբեք մտածելու մեր գալիքին մասին, առանց մեր միտքէն անցընելու, թէ դէպի ո՞ւր կ՚երթանք, ո՞ւր կրնանք հասնիլ այս ընթացքով:
Մէկ երկու բանաստեղծութիւն արտասանելը, մէկ երկու գրութիւն կարդալը, մէկ երկու շարադրութիւն գրելը, մէկ երկու երգ երգելը մե՜ծ յաղթանակ ու նուաճում համարեցինք, խաբելով թէ՛ մենք մեզ, թէ՛ մեր աշակերտները եւ թէ մեր ամբողջ ընկերութիւնը:
Խնամի, ծանօթ, բարեկամ, կուսակցական, միութենական եւ այլնի միջոցով դպրոցներու տնօրէններ նշանակուեցան եւ ուսուցիչներ տեղաւորուեցան, առանց ամբողջացնելու մանկավարժի կամ դաստիարակի նուազագոյն տուեալները: Գեղեցիկ դպրոցներ կառուցեցինք, արդիական սարքաւորումներով օժտեցինք զանոնք, հսկայ մարզադաշտեր ու մարզասրահներ շինեցինք, մոռնալով սակայն, որ այդ բոլորէն առաջ ու վեր մեր գլխաւոր պարտականութիւնը պէտք է ըլլար աշակերտներուն հոգիները կառուցել, զանոնք բարոյական, հոգեւոր, գիտական, ազգային եւ մշակութեային արժէքներով օժտել, ու ի վերջոյ անոնց մէջ Աստուծոյ նմանութիւնը ունեցող ՀԱ՛Յ մարդը շինել:
Թերեւս ոմանք ընդվզին այս տողերը կարդալով: Ե՛ս ալ ընդվզում կ՚ապրիմ այս տողերը արձանագրելով, որովհետեւ երկա՜ր տարիներ դպրոցներ պահած ենք, սերունդներ հասցուցած ենք, բայց դժբախտաբար չե՛նք յաջողած զանոնք կրթել ու դաստիարակել: Կրթել ու դաստիարակել նախ եւ առաջ որպէս մարդ, երկրորդ որպէս ՀԱ՛Յ մարդ:
Այսքանը ներկային մասին, չնայած եթէ գրելու ըլլամ՝ տակաւին կարելի է երկար գրել: Բայց երթանք քիչ մը դէպի անցեալ, ուր կարծէք վիճակը շատ տարբեր չէ՛ եղած մեր ներկայէն, որով այլ կսկծալի ցաւ մը կու գայ աւելնալու, այն՝ որ մենք մեր պատմութենէն չենք յաջողած դասեր քաղել, չենք յաջողած մենք մեզ սրբագրել եւ մեր սխալները ուղղելով թարմանալ ու զօրանալ, մեր հաւաքական մարմինին վրայ յայտնուած վէրքերը սպիացնելով:
Կարդանք, թէ Մուշեղ Եպիսկոպոս Սերոբեանը ի՛նչ կը գրէ այս մասին.
* Դաստիարակը, հակառակ իր ստանձնած պատասխանատուութեան, չկրցաւ իր կոչումը արդարացնել: Մեր դպրոցները ուսումնարաններ ըլլալու ցաւագար ճիգ մը ըրին, բայց կրթարաններ, դաստիարակութեան օրրաններ ըլլալու իրենց պարտականութիւնը անտեսեցին: Երեւնալու ջանքը յաղթեց ըլլալու կոչումին, եւ երբ աշակերտներուն միտքը գոնէ մակերեւութապէս մշակելու ձեռնարկեցինք, մոռցանք թէ անոնք սիրտ մը, հոգի մըն ալ ունէին, որոնց ազնուացումին հոգը մեր գերագոյն պարտականութիւնը պէտք էր կազմէր: Մեր ուսումնասէրի մարմաջը զմեզ կրթատեցութեան (misopédie) տարաւ: Դաստիարակութենէ եւ բարոյականի մշակութենէ զուրկ վկայագրուածը, երբ իր կիսուսումի տիպլոմը ձեռքը բռնած հրաժեշտ կու տայ դպրոցին, ան իր «վտանգաւոր յաւակնութիւններով», չըսենք վնասակար, բայց գէթ մակաբոյծ տարր մը կը դառնայ. չունի ո՛չ ազգային-ընտանեկան աւանդութիւններու հանդէպ պատկառանք, ո՛չ բարոյական արժանիք, ո՛չ ուղիղ նկարագիր եւ ոչ ալ կոչումի մը, իտէալի մը ծառայելու յարմարութիւնները: «Մտաւորական պրոլէտէր» մըն է անիկա, մարդկային առաքինութիւններէ զրկուած մը, անընդունակ գեղեցկութիւն մը, արդարութիւն մը ստեղծելու: Դաստիարակութենէ զուրկ տղան իր ընտանիքի արգասաբեր հողէն դուրս աղբակոյտի մէջ փոխատնկուած ծառ մըն է, իր արմատները այրելու, փտելու դատապարտուած են: Ուր որ ազգային եւ ընտանեկան բարեպաշտիկ աւանդութիւններու վրայ հիմնուած առողջ դաստիարակութիւնը կը պակսի, հոն մի՛ փնտռէք գեղեցիկ եւ արդար գործի մը արգասաւորութիւնը: Մեր կրթական միջավայրը ամուլ է, չըսելու համար ապականարար. ահա թէ ինչո՞ւ դաստիարակը, իր դպրոցական ծրագիրներով, չկրցաւ յաջողիլ «Վաղուան հոգի»ին կազմաւորութեանը մէջ («Վաղուան հոգին», Մուշեղ Եպիսկոպոս [Սերոբեան], Աղեքսանդրիա 1910, էջ 14-15):
Սերոբեան Սրբազանի այս հատուածէն առանձնացնենք կարգ մը կէտեր, համոզուելու համար, որ գրեթէ ոչինչ փոխուած է անցեալին ու ներկային միջեւ:
ա. Դաստիարակը, հակառակ իր ստանձնած պատասխանատուութեան, չկրցաւ իր կոչումը արդարացնել: Հարցնենք. այսօրուան դաստիարակները յաջողա՞ծ են իրենց կոչումը արդարացնել: Մեծաւ մասամբ ո՛չ: Յաջողած են ա՛յն դաստիարակները, որոնք հակառակ տիրող վիճակին եւ հոսանքն ի վեր ընթանալով, հաւատարիմ մնացած են իրենց կոչումին եւ արդարացուցած են իրենց կոչումը: Յարգա՜նք այդպիսիներուն:
բ. Մեր դպրոցները ուսումնարաններ ըլլալու ցաւագար ճիգ մը ըրին, բայց կրթարաններ, դաստիարակութեան օրրաններ ըլլալու իրենց պարտականութիւնը անտեսեցին: Այսօր նոյն վիճակը չի՞ տիրեր: Կը տիրէ, յաւելեալ դժբախտութեամբ մը, որ այսօրուան մեր կարգ մը դպրոցները վերածուած են անբարոյականութեան եւ թմրանիւթեր օգտագործելու որջերու:
գ. Երեւնալու ջանքը յաղթեց ըլլալու կոչումին: Այսօր նոյնը չէ՞: Շատ յաճախ երբ դպրոց մտնէք, պահ մը կասկածելով կը մտածէք արդեօք դպրոց մտա՞ծ ենք, թէ՞ մարմիններու ցուցադրութեան սրահ: Տնօրէն, ուսուցիչներ եւ աշակերտներ կարծէք մրցումի մտած ըլլան:
դ. Դաստիարակութենէ եւ բարոյականի մշակութենէ զուրկ վկայագրուածը, երբ իր կիսուսումի տիպլոմը ձեռքը բռնած հրաժեշտ կու տայ դպրոցին, ան իր «վտանգաւոր յաւակնութիւններով», չըսենք վնասակար, բայց գէթ մակաբոյծ տարր մը կը դառնայ. չունի ո՛չ ազգային-ընտանեկան աւանդութիւններու հանդէպ պատկառանք, ո՛չ բարոյական արժանիք, ո՛չ ուղիղ նկարագիր եւ ոչ ալ կոչումի մը, իտէալի մը ծառայելու յարմարութիւնները: Այս նկարագրութիւնը լաւապէս հասկնալու համար պահ մը լաւապէս ուշադրութիւն դարձուցէք Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու վարքագիծին եւ սփիւռքի աւանդական կառոյցներու աշխատելաոճին, ու պիտի զարմանաք, թէ քանի՜ քանի կիսուսումի տիպլոմներով մարդիկ կան այդ կառոյցներէն ներս, որոնք իրենց վտանգաւոր յաւակնութիւններով աւերներ կը գործեն Հայ կեանքէն ներս:
ե. Ուր որ ազգային եւ ընտանեկան բարեպաշտիկ աւանդութիւններու վրայ հիմնուած առողջ դաստիարակութիւնը կը պակսի, հոն մի՛ փնտռէք գեղեցիկ եւ արդար գործի մը արգասաւորութիւնը: Այս կէտը լաւապէս հասկնալու համար, ի տարբերութիւն նախորդ կէտին, արժէ միայն Հայաստանի մերօրեայ իշխանութիւններուն ապազգային ու ազգակործան գործունէութիւնը նկատի ունենալ եւ հասկնալ, թէ ո՛ւր է խնդիրը: Կը հաւատանք, որ այս կէտին մէջ սփիւռքը տակաւին իր զգօնութիւնը կը պահէ:
Աւարտենք երջանկայիշատակ Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի դպրոցի, ուսումին եւ կրթութեան մասին ունեցած մտածումով, յուսալով, որ մօտիկ ապագային ազգովին կը հասնինք այդ բարձրութեան: Կարդանք թէ Սրբազանը ի՛նչ կը գրէ. «Դպրոց, ուսում, կրթութիւն:
Դպրոցը յարկ մըն է պարզապէս, առաւել կամ նուազ ջերմ, ժամանակաւոր հանգամանքով մը կեանքի մէջ: Ուսումը միջոց մըն է միայն, օժանդակ գործիք մըն է մարդուն համար, զէնք մը՝ ինքզինք հաստատելու: Իսկ դպրոցին եւ ուսման նպատակն է՝ կրթութիւնը, դաստիարակութիւնը: Ինչո՞ւ:
Պարզապէս որովհետեւ կրթութիւնը կամ դաստիարակութիւնն է որ մարդս կեանքին համար կը պատրաստէ: Հիմնական դերը որ ուսումն ու կրթութիւնը պէտք է ունենան՝ մարդուն կերտումն է, մարդուն մտաւոր եւ հոգեւոր կազմաւորումը, մարդուն նկարագիրը, վարքագիծը: Ա՛յս է որ դաստիարակութիւն կը կոչենք»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ, 8 յուլիս 2024