ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ, ՄԻՋԱՆՑՔ ԵՒ ՄԻՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով անդրադարձած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն եւ վերստին յանկերգած է նոյն պահանջը: «Եկած է ժամանակը, որպէսզի հայկական կողմը տարածքային պահանջներու փոխարէն ընտրէ տարածաշրջանային համագործակցութիւնը», յայտարարած է ան:

Այս յայտարարութեամբ Պաքուի ներկայացուցիչը ըսել կ՚ուզէ՝ խաղաղութեան պայմանագիրը պատրաստ է. կը մնայ, որ Հայաստան ձեռնարկէ սահմանադրական փոփոխութեան եւ Անկախութեան հռչակագիր-Սահմանադրութիւն կապը վերացնէ:

Այս պահանջին առընթեր Հայաստանի իշխանութիւնները կը շեշտեն Սահմանադրութեան փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը՝ ուղղակի այդ առումով որոշումի մասին բարձրաձայնելով: Անշուշտ, խնամքով անուշադրութեան կը մատնեն այդ իրաւական յղումի վերացումը եւ ամբողջ շեշտադրումը կը դնեն՝ ժողովուրդին կողմէ իրողապէս ընդունուած սահմանադրութիւն մը ունենալու հրամայականին վրայ: Այստեղ եւս նախկին-ներկայ խաղը կը շարունակուի. ըսել կ՚ուզուի, որ նախապէս կեղծուած քուէարկութեամբ որդեգրուած է Սահմանադրութիւնը եւ այժմ պէտք է ժողովուրդի կամքի արտայայտութիւնը արձանագրուի:

Սահմանադրական փոփոխութեան հանրաքուէի անհրաժեշտութեան մասին հանրային կարծիք ստեղծելու զուգահեռ՝ իշխանամէտ այլ կուսակցութիւններ, քառեակի տարազին տակ կ՚առաջադրէին հանրաքուէ կազմակերպել Եւրոպական Միութեան համարկումի առաջադրանքով: Այլ խօսքով՝ ձեռք բերել ժողովուրդի համաձայնութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան դիմումի պահանջի ձեւակերպումով:

Այս խայտաբղէտ կացութեան մէջ Երեւան-Ուաշինկթըն համատեղ զօրավարժութիւն կատարելու որոշումը կը հրապարակուէր՝ իրադարձութիւններուն կշռոյթի արագացում տալով:

Ուաշինկթընի մէջ ՆԱԹՕ-ի համաժողովին մասնակցութեան հրաւէր ունեցաւ նաեւ Երեւան: Չէր բացառուեր, որ այնտեղ գտնուող Անգարայի, Պաքուի եւ Երեւանի ներկայացուցիչներուն միջեւ կայանան հանդիպումներ:

Դերերու բաժանում մը կայ՝ յայտնապէս Ատրպէյճանի նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին միջեւ: Ռուսաստանի նախագահին հետ տեսակցութենէն բխած յայտարարութիւններուն մէջ Ատրպէյճանի ղեկավարը չի խօսիր Հայաստանի օրէնսդրութեան մասին: Օրակարգը ենթակառուցուածքներն են, Հիւսիս-հարաւ մայրուղիները եւ ռուս-ատրպէյճանական գործընկերութեան խորացումը:

Սահմանադրական փոփոխութեան նիւթը բացակայած է նաեւ ԱՄՆ-ին ուղղուած Ատրպէյճանի նախագահի նամակին մէջ: Ընդգծուած է Ուաշինկթընի բարենպաստ դերը հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան կարգաւորման մէջ եւ շեշտուած՝ Պաքուի գնահատանքը ԱՄՆ-ի հզօր աջակցութեան, Ատրպէյճանի ուժային ռազմավարութեան եւ կազի հարաւային միջանցքի իրականացման նկատմամբ, ինչ որ կարեւոր դեր կը խաղայ Եւրոպայի ուժանիւթի անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ:

Եթէ համադրուին Ռուսաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն ուղղուած Պաքուի ներկայացուցիչին ուղերձները, ապա յստակ կը դառնայ, որ խօսքը առաջադրուած միջանցքին մասին է: Ենթակառուցուածքներ, մայրուղիներ, թէկուզ կազի ձեւակերպումով միջանցքներ եւ այսպէս շարունակ… Պաքու պայմաններու եւ ճնշամիջոցներու հետ կը խաղայ իր ներկայացուցիչներուն ճամբով: Կը փորձէ խաղալ նաեւ միջնորդութեան յաւակնորդներուն հետ:

Էական իրադրութիւն մը, սակայն, խաղաթուղթերը կը խառնէ: Ռուսաստան յայտարարեց, որ Թուրքիան չի կրնար միջնորդի դեր վերցնել ռուս-ուքրանական պատերազմի դադրեցման մէջ: Բոլոր արձագանգները այնպէս էին, որ Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւնները անբարենպաստ փուլ մը կը թեւակոխեն: Մոսկուան փորձեց մեղմացնել կացութիւնը՝ յայտարարելով, որ որեւէ միջնորդ չի կրնար արդիւնաւէտ աշխատիլ, որովհետեւ Քիեւ պատրաստ չէ խաղաղութեան: Այդ յայտարարութիւնը, անշուշտ, կապ չունէր Անգարայի միջնորդութեան մերժումին հետ:

Մոսկուան այս կերպով կը հակազդէր Անգարային, որ անհրաժեշտ աջակցութիւնը չի ցուցաբերեր, որպէսզի Մոսկուան միջնորդէ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան եւ ի վերջոյ վերահսկէ Նախիջեւան-Ատրպէյճան ցամաքային կապը:

Այլ ուղղութեամբ, սակայն, կը թուի, որ ռուսական միջնորդութեամբ Անգարա-Դամասկոս յարաբերութիւնները կրնան վերահաստատուիլ: Թուրքիոյ համար այստեղ ամենէն առաջնային թիրախը հիւսիսային Սուրիան է կամ՝ քիւրտերու կողմէ վերահսկուած տարածքները:

Նոյն նժարի վրայ չեն, սակայն, թրքական եւ ռուսական միջնորդութիւնները: Սուրիոյ պարագային ռուսական միջնորդութիւնը կրնայ աշխատիլ եւ անկարելի չի թուիր Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներուն հանդիպումը: Ուքրայնայի պարագային թրքականը տակաւին ոչ՝ գէթ ներկայ պայմաններու դրութեամբ:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Ուրբաթ, Յուլիս 12, 2024