ՅԱՆՑԱՆՔԸ ՄԻԱՆԳԱՄ ՊԱՏԻԺԸ՝ ՄՇՏՆՋԵՆԱԿԱ՛Ն
Մարդկային կեանքի մէջ սխալներ, վրիպումներ եւ յանցանքներ անխուսափելի են։ Բայց կան այնպիսի սխալներ, այնպիսի յանցանքներ՝ որոնք կրնան փոխել ամբողջ կեանքին ընթացքը, ո՛չ միայն յանցաւորին, այլ նաեւ՝ ընտանիքի մը եւ կամ ժողովուրդի մը ամբողջ։ Պատմութիւնը լեցուն է նման օրինակներով՝ ուր մէկ հոգիի մը սխալը կամ յանցանքը պատճառ եղած է, որ տուժեն բազմաթիւ մարդիկ, որոնք որեւէ կապ չեն ունեցած սխալին կամ յանցանքին հետ։
Ուստի, մարդիկ իրենց գործած յանցանքին կամ սխալին արատը եւ հետեւանքները կը կրեն կեանքի տեւողութեամբ, եւ ի՛նչ որ ալ ընեն, չեն կրնար անոնցմէ մաքրուիլ եւ ազատուիլ։
Մարդ երբ կորսնցնէ իր վստահելիութիւնը, զայն վերստին շահիլը գրեթէ անկարելի է։ Երբ մէկուն սուտը բռնուի եւ հրապարակուի, իր ամենէն ճշմարիտ խօսքերուն ալ հաւատացող դժուար կը գտնուի։ Գող եւ խարդախ ճանչցուած մէկուն, ոչ ոք կը վստահի, «եթէ տասը մատը մոմ ալ վառէ», ինչպէս կ՚ըսէ ժողովրդական առածը։
Պատկան իշխանութիւններու կը պահուին դատապարտեալներու եւ կասկածելիներու ցանկեր, եւ ամէն ոճրի եւ պատահարի առթիւ, այդ ցանկերուն կը դիմեն պատասխանատու պաշտօնեաներ, խնդրին հետ առընչութիւն ունեցող հաւանական յանցաւորը որոշելու համար։ Դատարաններու մէջ մէկուն նախապէս դատապարտուած ըլլալը, եթէ իրեն ընդդէմ վճռական փաստ չըլլայ իսկ, ուրիշ փասերը կը զօրացնէ։ Նախապէս գործուած յանցանք մը փաստարկում մըն է կասկածելիին դէմ։
Պարտկեշտ եւ ամբասիր մարդիկ՝ ամէն իրաւունք ունին, իրենց դէմ եղած զրպարտութեան մը համար բողոքելու, եւ օրէնքի եւ հանրային կարծիքին դիմելու եւ պաշտպանութիւն պահանջելու։ Հաստատեալ յանցապարտութեամբ ճանչցուածներ գանգատելու իսկ իրաւունք չունին, երբ աչքեր կասկածով իրենց կը հետեւին, եւ խօսքի առարկայ կ՚ըլլան այնպիսի պարագաներու մէջ, ուր որեւէ բանէ լուր իսկ չունին եւ անմեղ են։ Մարդ կրնայ ուրիշի մը իր ձեռքը անցուցած շղթան խորտակել, բայց իր ձեռքով իր վզին կապած «յանցանքի շղթան», նոյնիսկ օրինական պատիժը քաւելէ յետոյ, չի կրնար թօթափել, մինչեւ գերեզման կը քաշէ եւ կը տանի իր հետը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 14, 2024, Իսթանպուլ