ԲԱՐԵՅԻՇԱՏԱԿ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ԳԱԼՈՒՍՏ ԿՈՒԼՊԷՆԿԵԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ ԼԻԶՊՈՆԻ ՄԷՋ

Ազգային անմոռանալի բարերար Գուլուստ Սարգիս Կիւլպէնկեան շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ Լիզպոնի մէջ։ Ամէն տարի երախտաշատ բարերարի ծննդեան օրը առիթ կը հանդիսանայ, որպէսզի անոր յիշատակին նկատմամբ յարգանքը թարմացուի ու բոլորը վերյիշեն իր թողած աւանդին անգնահատելի նշանակութիւնը։

Լիզպոնի ոգեկոչումներուն մասնակցեցաւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որ հիւրընկալուեցաւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի նախագահ Անթոնիօ Ֆոյժոյի կողմէ։ Նորին Սրբազնութիւնը Լիզպոնի մէջ հանդիպեցաւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի նախագահ Անթոնիօ Ֆոյժոյի, վարչութեան մշտական անդամ Մարթին Եսայեանի եւ հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն տքթ. Ռազմիկ Փանոսեանի հետ։ Ան նաեւ շրջեցաւ «Հայերը եւ Երուսաղէմը» խորագրեալ ցուցահանդէսը, որ բացուած է «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Լիզպոնի կեդրոնէն ներս, Արուեստի գրադարանի ճեմասրահին մէջ։

Հոգելոյս Գալուստ Կիւլպէնկեանի համար հոգեհանգստեան կարգը տեղի ունեցաւ՝ Լիզպոնի Igreja de Nossa Senhora do Rosnrio de Fatima եկեղեցւոյ մէջ։ Հանդիսադիր Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան այս առթիւ խօսեցաւ քարոզ մը, որու ընթացքին «Ի վերին Երուսաղէմ» շարականի մեկնութիւնը փոխանցեց ներկաներուն՝ անգլերէն թարգմանութեամբ։ Նորին Սրբազնութիւնը աւելի վերջ մանրամասնօրէն բացատրեց թէ՛ Գալուստ Կիւլպէնկեանի եւ թէ իր շառաւիղներուն կողմէ Հայ Երուսաղէմին ի նպաստ ցուցաբերուած զօրակցութիւնն ու արգասիքները։ Ան ողջունելի համարեց նաեւ «Հայերը եւ Երուսաղէմը» խորագրեալ ցուցահանդէսի կազմակերպումը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 22, 2024