ՄԷԿ ՇՐՋԱՆ ՈՒ ՎԵՐՋ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն որոշեց ետ քաշել իր թեկնածութիւնը՝ յառաջիկայ նոյեմբերին նախատեսուած նախագահական ընտրութենէն։ Կը հաղորդուի, որ Պայտըն ընտրապայքարէն հրաժարած է՝ հարցախոյզներու արդիւնքներու կանխատեսումներուն հետեւանքով։ «Ռէօյթըրզ» գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ Պայտըն այս որոշումը հրապարակելէ միայն րոպէներ առաջ տեղեակ պահած է իր օգնականները։ Տակաւին շաբաթավերջին ան յայտնած էր, որ վերընտրուելու համար ընտրապայքարը պիտի շարունակէ՝ Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի դէմ։
Այսպէսով Ճօ Պայտըն երկրորդ ժամկէտով պաշտօնավարելու համար մրցակցութենէն հրաժարած ԱՄՆ-ի նախագահներու շարքին կը դասուի։ Վերջին անգամ նման պարագայ մը պատահած էր 1968 թուականին։ 82-ամեայ Ճօ Պայտընի առողջութեան եւ լիակատար պաշտօնավարման ընդունակութիւններուն վերաբերեալ երկար ժամանակէ ի վեր պնդումներ շրջանառութեան մէջ կը գտնուէին։ Յամենայնդէպս, ան այս որոշումը առած է՝ նկատի ունենալով հարցախոյզներու արդիւնքներով պայմանաւորուած կանխատեսումները։ Տանըլտ Թրամփ, որ վերջերս ձախող մահափորձի մը ենթարկուեցաւ, այդ դէպքէն վերջ, սկսաւ թափով բարձրացնել իր ժողովրդականութիւնը։ Ուստի, Ճօ Պայտընի եւ Դեմոկրատական կուսակցութեան շրջանակներէն ներս սկսաւ գերակշռել այն համոզումը, թէ նոյեմբերի ընտրութեան արդիւնքը դրական պիտի չըլլայ։ Հուսկ, Ճօ Պայտըն առանձինն ընտրապայքարէ դուրս գալ որոշեց ու կը պատրաստուի յառաջիկայ օրերուն հրապարակել իր հիմնաւորումները։
Ճօ Պայտըն իրեն փոխարէն դեմոկրատներու կողմէ նախագահական թեկնածու առաջադրուած Քամալա Հարիսին անվերապահ զօրակցութիւն յայտնեց։ Քամալա Հարիսն ալ, որ Պայտընի փոխ-նախագահն էր, այդ աջակցութիւնը համարեց մեծ պատիւ։
Ըստ հարցախոյզներու արդիւնքներուն՝ Քամալա Հարիս նոյնիսկ Ճօ Պայտընէն աւելի նուազ հասարակական զօրակցութիւն մը ունի Տանըլտ Թրամփի դիմաց։ Ան դեմոկրատներու կողմէ առաջադրուած իգական սեռէ երկրորդ թեկնածուն հանդիսացած է ու եթէ ընտրուի, ապա պիտի դառնայ ԱՄՆ-ի առաջին կին նախագահը։
Իր կարգին, Տանըլտ Թրամփն ալ արձագանգեց Ճօ Պայտընի ընտրապայքարէն դուրս գալուն։ Իր խօսքով՝ շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ Քամալա Հարիսը պարտութեան մատնելը։ Թրամփ, որ մօտաւոր անցեալին հեռուստաբանավէճի ժամանակ լուրջ առաւելութեան մը հասած էր Պայտընի դիմաց, կը պնդէ, թէ ԱՄՆ-ի պատմութեան ամենավատ նախագահը կը համարուի Ճօ Պայտընը։
Դեմոկրատական կուսակցութեան մեծ համագումարը նախատեսուած է օգոստոսի 19-ին, Շիքակոյի մէջ։ Եթէ հաստատուի Քամալա Հարիսի թեկնածութիւնը, ապա հետաքրքրական պատկեր մը պիտի ստեղծուի։ Այսպէս, մրցապայքարը պիտի շարունակուի նախկին դատախազ Քամալա Հարիսի եւ այժմու մեղադրեալ Տանըլտ Թրամփի միջեւ։ Մինչ Թրամփի դատական գործընթացը կը շարունակուի, Հանրապետական կուսակցութիւնը նոր թափ կու տայ իր արշաւին։ Այսպէս, հանրապետականները կ՚ըսեն, որ եթէ Պայտըն թեկնածու ըլլալու յարմար չէ, ապա սա կը նշանակէ, որ նախագահ ըլլալու ալ յարմար չէ, ուստի, պէտք է հրաժարի իր պաշտօնէն։