ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ան­ցեալ Կի­րա­կի նա­խա­գա­հեց Օր­թա­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Այս առ­թիւ Օր­թա­գիւ­ղի ե­կե­ղե­ցին այ­ցե­լեց նաեւ Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պետ Մու­րատ Հա­զի­նէ­տար, ո­րուն կ՚ըն­կե­րա­նար թրքա­հայ հա­մայն­քին գծով իր խորհրդա­կա­նը՝ Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու։ Ե­կե­ղեց­ւոյ խորհր­դա­րա­նին մէջ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը եւ քա­ղա­քա­պե­տը զրու­ցե­ցին ան­մի­ջա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ։

Հան­դիպ­ման ներ­կայ էր նաեւ Օր­թա­գիւ­ղի Սուրբ Աստուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Իս­քէն­տէր Շա­հին­կէօզ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 27, 2015