ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԷՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ՀԱՄԱՐ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԱԾ 10 ՄԻԼԻՈՆ ԵՒՐՈՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ

Եւրոպական խաղաղութեան հիմնադրամին կողմէ 10 միլիոն եւրօ պիտի տրամադրուի Հայաստանին։ Այս որոշումը արդէն հաստատուած է։ Եւրոպական Միութիւնը առաջին անգամ սոյն հիմնադրամէն յատկացում կը կատարէ Հայաստանին։ Նպատակն է բարձրացնել Հայաստանի զինեալ ուժերու նիւթաթեքնիք կարողութիւնները եւ նպաստել ճգնաժամային կամ արտակարգ իրավիճակներու մէջ խաղաղ բնակչութեան պաշտպանութեան բարելաւման։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս որոշումը տրուած է Հայաստանի եւ ԵՄ-ի գործընկերութեան շրջանակներէն ներս ու հիմնուած է ընդհանուր արժէքներու վրայ, որոնք ուղղուած են Հայաստանի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, կայունութեան ու բարգաւաճման խթանման։ Որդեգրուած նպատակներէն մին է բարձրացնել Հայաստանի դիմադրունակութիւնը, արագացնել զինեալ ուժերու գործունակութիւնը ապագային երկրի կողմէ միջազգային ռազմական առաքելութիւններու կամ գործողութիւններու հաւանական մասնակցութեան պարագային՝ ներառեալ ԵՄ-ի կողմէ կազմակերպուելիքները։ Ըստ որոշման՝ աջակցութիւնը թոյլ կու տայ գումարտակի մը չափով ստորաբաժանման համար ապահովել լիարժէք վրանային ճամբար։

ԵՄ-ի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորէլ յայտնեց, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ անվտանգութիւնը կը հանդիսանայ կարեւոր բաղադրիչ մը։ Ան յայտնեց, որ ԵՄ-Հայաստան Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը կ՚ընդգրկէ անվտանգութեան քաղաքականութեան ոլորտէն ներս երկխօսութիւնն ու համագործակցութեան աշխուժացումը։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ողջունեց ԵՄ-ի կողմէ առնուած այս պատմական որոշումը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 22, 2024