ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ներսէսեան դպրաց դասուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլուի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։ Բացօթեայ հաւաքոյթի ընթացքին արտայայտուեցան թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան եւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Հուսկ բանքը արտասանեց Նորին Ամենապատուութիւնը։ 

Երկուշաբթի, Յուլիս 22, 2024