ԿԵՆՍԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐ

Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութիւնը կը շարունակէ զարգանալ շօշափելի քայլերով, որոնք ունին կենսական նշանակութիւն։ Երեւան-Պրիւքսէլ առանցքին վրայ արձանագրուած հետեւողական վերելքը միշտ կ՚անհանգստացնէ Պաքուն։ ԵՄ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու վերջին ժողովը այս ուղղութեամբ եկաւ նոր անկիւնադարձ մը բնորոշել։ Այսպէս, եւրոպացի նախարարները երկու կարեւոր որոշման հաւանութիւն տուին։ Առաջին՝ Եւրոպական խաղաղութեան հիմնադրամէն 10 միլիոն եւրօ օժանդակութիւն պիտի յատկացուի Հայաստանին, ինչ որ աննախընթաց իրողութիւն մըն է։ Երկրորդ՝ Եւրոմիութիւնը որոշած է բանակցութիւններու սկսիլ՝ Հայաստանի քաղաքացիներուն ազատ մուտք ապահովելու հեռանկարով։ Հարկ է նշել, որ եւրոպացի նախարարներու այս որոշումները ողջունուեցան ԵՄ-ի խորհուրդին կողմէ՝ ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած գրառումով մը։

Մինչ Երեւանի ղեկավարութիւնը եւս ողջունած է այս որոշումները, հայ քաղաքական վերլուծաբաններ ալ կենսական նշանակութիւն կը վերագրեն անոնց։ Ընդդիմադիր շրջանակներն ալ աննկատ չեն թողած այս իրադարձութիւնը։ Խորհրդարանի «Պատիւ ունիմ» ընդդիմադիր խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Մամիճանեան երէկ այս կապակցութեամբ հակիրճ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ։ Իր խօսքով՝ Հայաստան-Եւրոմիութիւն կապերը ամբողջութեամբ կը կառուցուին այն հիմնարար փաստաթուղթին վրայ, որ դիւանագիտական մեծ ջանքերու շնորհիւ կնքուած է՝ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած Հանրապետական կուսակցութեան իշխանութեան օրով։

Ի դէպ, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ բողոք յայտնեց ԵՄ-ի վերջին որոշումներուն դէմ։ Այսպէս, Պաքու կը հակազդէ Եւրոպական խաղաղութեան գործիքակազմի ներքեւ Երեւանին աջակցութիւն ցուցաբերելու որոշման դէմ։ Ըստ յայտարարութեան՝ Հայաստանին ռազմական օգնութիւն տրամադրելու ուղղեալ Եւրոմիութեան որոշումը ապակողմնորոշուած ու վտանգաւոր քայլ մըն է, որ կը ծառայէ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութեան սրացման։ Ուստի, Պաքու Պրիւքսէլի այս որոշումները ակնյայտօրէն միակողմանի ու կողմնակալ կը համարէ, նաեւ տարածաշրջանէն ներս բաժանարար գիծեր ստեղծելու հետամուտ քաղաքականութեան դրսեւորում։

Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ Եւրոմիութեան վերջին որոշումները համահունչ են երկրի քաղաքացիներու՝ դէպի Եւրոպա ձգտումներուն։ Երէկ, Միրզոյեան Լոնտոնի մէջ կլոր սեղանի ձեւաչափով քննարկման մը մասնակցեցաւ Անգլիոյ Ռազմավարական հետազօտութիւններու միջազգային կաճառէն (IISS) ներս, ուր մէկտեղուեցաւ փորձագիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներու հետ, որոնց նկատառման յանձնեց Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները։ Նախարար Միրզոյեան բացատրեց տարածաշրջանէն ներս կայունութեան ու յարատեւ խաղաղութեան հաստատման հարցին մէջ հայկական կողմին տեսլականը ու զայն կեանքի կոչելու համար ձեռնարկուած քայլերը։ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի ամբողջին մէջ Միրզոյեան ընդգծեց սեղմ ժամկէտով խաղաղութեան պայմանագրի կնքման կարեւորութիւնը։ Ան կանգ առաւ կայուն խաղաղութեան ապահովման նշանակութեան վրայ ու նոյն ծիրէն ներս ներկայացուց՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը, միջազգային գործընկերներու արձագանգով հանդերձ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 23, 2024