ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Առակաց 21.31-ին մէջ կը կարդանք. «Ձին պատերազմի համար կը պատրաստուի, բայց փրկութիւնը Տիրոջմէ է»: Ինչպէ՞ս պէտք է հասկնալ այս համարը:
Պատասխան. Այս համարով իմաստուն առակագիրը կու գայ պատգամելու մեզի, որ ճի՛շդ է, թէ փրկութիւնը Տիրոջմէ է, բայց միաժամանակ, մարդ այդ փրկութեան մէջ իր մասնակցութիւնը պէտք է ունենայ, այսինքն՝ մարդ պէտք է աշխատի, ջանք թափէ, որպէսզի արժանանայ փրկութեան: Այստեղ, իմաստունը կը պատգամէ, որ մարդ ապաւինելով Աստուծոյ, նոյն ատեն պէտք է ձին պատրաստէ պատերազմի, այսինքն՝ ինքզինք պէտք է միշտ զգաստ եւ արթուն պահէ, որպէսզի երբ չարը յարձակի իր վրայ, կարենայ պաշտպանուիլ, կարենայ պատերազմիլ անոր դէմ Աստուծոյ ողորմութեամբ:
Սաղմոսերգու Դաւիթ թագաւորը կը գրէ. «Տէրը իմ լոյսս ու փրկութիւնս է, ես որմէ՞ պիտի վախնամ: Տէրը իմ կեանքիս ապաւէնն է, ես որմէ՞ պիտի դողամ: …Եթէ վրաս զօրքի բանակ ելլէ, սիրտս պիտի չվախնայ: Եթէ ինծի դէմ պատերազմի պատրաստութիւն ըլլայ, դարձեալ ես վստահ պիտի ըլլամ» (Սղ 27.1, 3): Այո՛, երբ մարդ պատրաստուի, իր հոգին ու մարմինը կրթէ ու մարզէ եւ զգաստ պահէ, պատրաստ՝ ամէն տեսակի յարձակումներու, նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու, ապա Աստուած զինք ամօթով չի՛ ձգեր, այլ՝ կ՚օգնէ անոր, կ՚առաջնորդէ զինք դէպի յաղթանակ:
Կարեւորը մարդուն կառչածութիւնն է Աստուծմէ եւ չարէն ու անոր արբանեակներէն չվախնալը, աւելին՝ առիթ չտալը անոր, որ գերէ մեզ ու իր մանկլաւիկները դարձնէ, մեզ զրկելով մեր յաւիտենական հայրենիքէն՝ դրախտէն՝ Աստուծոյ ներկայութենէն: Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կը գրէ. «Կորսնցուցիք դրախտը, բայց Աստուած երկինքը պարգեւեց ձեզի, որպէսզի հաստատէ Իր կարեկցանքը, ինչպէս նաեւ [հաստատէ] թէ ինք սատանան պարտութեան կը մատնէ, ցոյց տալով, որ ան եթէ նոյնիսկ հազարաւոր ծրագիրներ ունենայ մարդկային ցեղին դէմ, ատոնք պիտի չօգտեն իրեն, որովհետեւ Աստուած մեզ միշտ կ՚առաջնորդէ աւելի մեծ պատիւի:
Դուք կորսնցուցիք դրախտը (Եդեմի պարտէզը), եւ Աստուած ձեզի համար երկինքը բացաւ:
Դուք որոշ ժամանակի համար դատաստանի տակ իյնաք յոգնութեամբ, եւ սակայն յաւիտենապէս կեանքով պատուուեցաք:
Աստուած կը հրամայէ երկրին, որ փուշ ու տատասկ բուսնի, իսկ Հոգիին հողը՝ ձեզի պտուղներ կու տայ: Չէ՞ք տեսներ, որ շահը աւելի մեծ է, քան՝ վնասը»:
Իսկ Սուրբ Օգոստինոս կը գրէ. «Այն պահուն, երբ տակաւին կռուի մէջ ենք, կը կռուինք ու կը վիրաւորուինք, մենք մեզի կը հարցնենք. ո՞վ պիտի յաղթէ:
Յաղթողը, եղբայրնե՛ր, ան է, որ Աստուծոյ կ՚ապաւինի՝ որ թիկունք կ՚ըլլայ իրեն՝ երբ ան կը պատերազմի, եւ ո՛չ թէ ինքն իր ուժին կ՚ապաւինի: Սատանան, պատերազմի փորձառութիւն ունի, սակայն, եթէ Աստուած մեզի հետ է, ապա պիտի յաղթենք անոր:
Սատանան ինքն իրմով կը կռուի: Եթէ փորձենք նոյն բանը ընել, ապա ան պիտի յաղթէ մեզի: Ան փորձառու պատրեազմիկ է: Այդ պատճառով, մենք պէտք է Ամենակարողը հրաւիրենք, որպէսզի անոր դէմ կանգնի:
Քու մէջդ թող բնակի Ան՝ որ չի՛ պարտուիր, որով պիտի յաղթես անոր՝ որ սովոր է յաղթել: Որո՞նց կը յաղթէ. անոնց՝ որոնց սիրտերը դատարկ են Աստուծմէ:
Աստուած գիտէ ձեր ջանքերն ու բարի կամքը, կը սպասէ ձեր պայքարին, թիկունք կ՚ըլլայ ձեր տկարութեան եւ կը պսակէ ձեր յաղթանակը»:
Սուրբ հայրերուն գրածներէն յստակօրէն կը հասկնանք, որ մարդ պէտք է ի՛նք եւս իր մասնակցութիւնը ունենայ իր փրկութեան: Ճի՛շդ է, որ Աստուած Ի՛նք է որ փրկութիւնը կը պարգեւէ, բայց առանց մարդուն մասնակցութեան, փրկութիւն չ՚իրականանար. մարդ իր փրկութեան համար պէտք է աշխատի, ջանք թափէ, որպէսզի արժանի ըլլայ փրկութեան:
Մարդուն ջանքը, աշխատանքը կ՚իրականան այն ժամանակ, երբ մարդ առողջ յարաբերութիւն մշակած ըլլայ Աստուծոյ հետ: Առանց Աստուծոյ հետ առողջ եւ շինիչ յարաբերութիւն ունենալու, մարդ ոչինչի կը հասնի:
Այդպիսի առողջ յարաբերութեան մէկ նմոյշն է հետեւեալը. «Առանց Աստուծոյ սիրոյն, որուն անճառելի դրսեւորումն է համայն ստեղծագործութիւնը, եւ առանց Անոր անսահման գթութեան ու ողորմութեան եւ փրկագործական ծրագրով մեղաւոր մարդոցս հանդէպ ցուցաբերած աներեւակայելի եւ անպատմելի շնորհքին՝ ոչ ոք արժանի պիտի ըլլար Աստուծոյ ներկայութեան կանգնելու, ո՛ւր մնաց՝ Աստուծոյ պատրաստած յատուկ փառքն ու երանութիւնը ժառանգելու եւ Քրիստոսի գահակից ըլլալու: Ինչքա՜ն երախտիք կը պարտի մարդ արարածը այսպիսի Արարիչի: Եւ այդ երախտիքը կարելի չէ՛ այլապէս արտայայտել, եթէ ոչ միայն՝ ընդունելով Աստուծոյ կամքը եւ ընծայած շնորհքը, եւ պաշտումով խոնարհիլ ու ծառայել Անոր, անդադար փառաբանելով զԱյն» (Զարեհ Արք. Ազնաւորեան):
Շատ յաճախ կը կարծենք, որ Աստուծոյ հետ ենք, կը լսենք զԻնք, Իր խրատներով, պատուիրաններով ու թելադրութիւններով կ՚առաջնորդուինք, բայց կը սխալինք, որովհետեւ երբեմն մեր եսը կը կուրցնէ մեզ եւ չարը մեր եսը գործածելով, կամաց-կամաց կը հեռացնէ մեզ Աստուծմէ, մեր մէջ այն մտածումը ներշնչելով, թէ մենք Աստուծոյ հետ ենք եւ Անոր հետ կը քալենք: Դարձեալ, լուսահոգի Զարեհ Սրբազանն է գրողը. «Աւա՜ղ, ամէն օր մեր շրթները կը բանանք «Հա՜յր մեր» բացագանչութեամբ, բայց Աստուծոյ միակ հայրութեան մէջ մեր սերտութիւնը, մեր հարազատութիւնը, մեր եղբայրութիւնը կը դժուարանանք կարդալու եւ ճանչնալու: Ամէն օր աստուածային Սիրոյ ծնունդ Որդիին սիրոյ պատկերը կը կրկնենք ու կը տարփողենք, բայց այդ սիրոյն բոցակիզող, փոխակերպող, սրբագործող ու միաւորող ուժն ու զօրութիւնը չենք զգար մեր մէջ: Ամէն օր Ս. Հոգիին կոչ կ՚ուղղենք որ չհեռանայ մեզմէ, այլ՝ ընդհակառակը՝ մեզ Իր աննիւթական պարգեւներովը ողողէ, բայց կը դանդաղինք ամբողջապէս Անոր յանձնուելու՝ որպէսզի լեցնէ մեզ, առաջնորդէ մեզ, աճեցնէ եւ Իր գործին ծառայող ընտիր անօթներու վերածէ մեզ, որպէսզի այս աշխարհի վրայ փրկագործութեան աստուածային գործին մարդկային գործիքները ըլլանք՝ Իր փառքին համար»:
Զգոյշ ըլլանք, հետեւաբար, մեր աղօթքներուն մէջ միշտ խնդրենք, որ Աստուած մեզի պէտք եղած իմաստութիւնը տայ, որպէսզի ճշմարտութիւնը՝ սուտէն, բարին՝ չարէն զանազանել գիտնանք, մեր փրկութեան համար մեր բաժին գործը կատարենք, որպէսզի արժանանանք յաւիտենական փրկութեան:
Աւարտենք, Սուրբ Կիւրեղ Երուսաղէմացիին հետեւեալ խրատով, որ վերցուցած ենք անոր «Կոչումն ընծայութեան» գիրքէն. «Հետեւաբար, լարենք մեր միտքերը. ամրացնենք մեր հոգիները, պատրաստենք մեր սիրտերը: Կը վազենք հոգիին համար: Յաւիտենական բարիքներու մասին յոյս ունինք: Աստուած հզօր է, Ան կը ճանչնայ մեր սիրտերը եւ գիտէ, թէ ձեզմէ ո՞վ անկեղծ է եւ ո՞վ՝ կեղծաւոր: Ան կրնայ անկեղծը պահպանել, իսկ կեղծաւորին՝ անկեղծ եւ հաւատարիմ դարձնել: Որովհետեւ, Աստուած նոյնիսկ անհաւատին կրնայ հաւատացեալ ընել, եթէ ան միայն Աստուծոյ տայ իր նախընտրանքն ու սիրտը»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 103
Վաղարշապատ
Հարթակ
- 11/22/2024