ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ԶԱՐԳԱՑՆԵԼՈՒ ՆՈՐ ՍԿԻԶԲ ԵՒ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Այս տարի կը լրանայ հայոց ձեռագիրներու ամենամեծ պահոցը՝ «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանը գիտական եւ հետազօտական հիմնարկ հռչակելու 65-ամեակը:

Նշանաւոր այս յոբելեանի մեկնարկը տրուեցաւ ամիսներ առաջ, երբ հանդիսաւոր կերպով Մատենադարանին ընծայւեցաւ Յովհաննէս Երէցի ընդօրինակած Աւետարանը, եւ այդ առթիւ ցուցադրութեան հանուեցան մեծ նուիրատուներու կողմէ Մատենադարանին ընծայաբերուած ձեռագիրներու, արխիւային նիւթերու եւ հնատիպ գիրքերու բացառիկ հաւաքածոներ։ Այդ ցուցահանդէսով Մատենադարանի տնօրէնութիւնը սկիզբ դրաւ աւանդութեան մը, որ ժամանակ առ ժամանակ ցուցադրուին այն ձեռագիր մատեանները, որոնք Հայաստան հասած են մանաւանդ նուիրատուութեան միջոցով՝ որով անգամ մը եւս կարեւորելու ձեռագիր մատեաններու տունդարձի անհրաժեշտութիւնը:

Վերջին մէկ տարին մանաւանդ բեղմնաւոր եղած է այդ առումով. 2023 թուականի յուլիսէն մինչեւ 2024 թուականի յուլիսը ինկած ժամանակահատուածին Մատենադարանէն ներս հանգրուանած են աւելի քան 40 միաւոր բացառիկ ձեռագիրներ, հնագոյն պատառիկներ ու լուսանկարներ, առանձնապէս արժէքաւոր ու հազուագիւտ փաստաթուղթեր, որոնցմէ հատընտիր նմոյշներ ընտրուած եւ ներկայացուած են «1 տարուայ յաւերժութիւնը. Մատենադարանի ձեռագրական համալրումներ» խորագրով ցուցահանդէսին: Ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ Հայագիտական միջազգային քոնկրէսի շրջանակներէն ներս՝ յուլիսի 20-ին:

Ցուցադրուած գանձերը Մատենադարան հասած են թէ՛ նուիրատութիւններու միջոցով, թէ՛ ձեռք բերուած են պետական կամ այլ միջոցներով: Այս ցուցադրութեան բացումը նշանաւորուեցաւ երկու նոր ձեռագիրներու մուտքով, որոնք Մատենադարանի Ընծայաբերման սրահին մէջ հանդիսաւոր կերպով յանձնուեցան Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեանին: Ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանին, Եւրամիութեան դեսպանին, Իտալիոյ դեսպանատան աշխատակիցներու, հրաւիրեալ մշակութային-հասարակական գործիչներու, բարերարներու մասնակցութեամբ: Ձեռագրական նմոյշներ ներկայացնող այս ցուցահանդէսին յաջորդեց Մատենադարանի բակին մէջ Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբին համերգը, որ եզրափակուեցաւ Շարլ Ազնաւուրի 100-ամեակին նուիրուած ստեղծագործութիւններով։

Ցուցահանդէսի եւ համերգի ներկաներուն մէջ մեծ թիւ կը կազմէին մանաւանդ Հայագիտական միջազգային քոնկրէսի հիւրերը:

Երեք օր տեւած Հայագիտական միջազգային քոնկրէսը իր աշխատանքները աւարտեց երէկ՝ Տաթեւի վանքին մէջ, ուր կայացաւ Մատենադարանի անգլերէն գիտական պարբերականի առաջին համարին շնորհանդէսը: Տաթեւի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Մատենադարանի գիտաշխատող Արսէն Յարութիւնեանի «Սիւնեաց հոգեւոր միջնաբերդը. Տաթեւ» խորագրով գիրքին շնորհանդէսը։ Հայագիտական միջազգային քոնկրէսի մասնակիցները այցելեցին նաեւ Վայոց ձորի եւ Սիւնիքի այլ վայրեր, եղան Արէնի Ա. քարանձաւին մէջ, որ յայտնի է իբրեւ Թռչուններու քարանձաւ: Գիտնականները այս քարանձաւին մէջ յայտնաբերուած կօշիկը նկատած են իբրեւ աշխարհի ամենահին կօշիկը, իսկ այսօր անոր ներսը հնութեան բազում հետքեր կան, որոնք կը գրաւեն այցելուները, գիտնականները: Հայագիտական միջազգային քոնկրէսի մասնակիցներու կարգին են 16 երկիրներէ ժամանած հեղինակաւոր հայագէտներ ու միջնադարագէտներ, հոգեւոր-ձեռագրական կեդրոններու ներկայացուցիչներ՝ Վենետիկէն, Վիեննայէն, Պոլիսէն, Անթիլիասէն, Զմմառէն, Երուսաղէմէն, առաջատար համալսարաններու ու գիտական կեդրոններու՝ Օքսֆորտի, Հարվըրտի, Պոլոնիայի, Ժընեւի, Սորպոնի, Համպուրկի համալսարաններու հայագիտական ամպիոններու ղեկավարներ ու ներկայացուցիչներ։

ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՎԵՀՈՒԹԻՒՆԸ

Հայ ժողովուրդի մշակութային ու գիտական ժառանգութիւնը հսկայական է եւ հին ձեռագիրներու, գիրքերու ու փաստաթուղթերու պահպանումը անգնահատելի արժէք ունի: Այդ գանձերը ցրուած են աշխարհով մէկ, եւ միշտ չէ, որ նշանաւոր մշակութային կեդրոններու մէջ են: Շատ են նաեւ տուներու մէջ, անհատներու քով պահուող ձեռագիրները: «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանը հիմնադրման օրուընէ ի վեր իր առջեւ միշտ ունեցած է նաեւ ձեռագիրներու տունդարձի նպատակը, մանաւանդ այն ձեռագիրներու, որոնք պատշաճ պայմաններու տակ չեն պահուիր եւ գիտական կեդրոն հասնելով ո՛չ միայն ապահով կ՚ըլլան, այլ նաեւ՝ ուսումնասիրութեան նիւթ կը դառնան գիտնականներուն համար: Մատենադարանը գոյատեւած եւ զարգացած է շնորհիւ բազմաթիւներու նուիրատուութիւններուն: Այս նուիրատուութիւնները անգնահատելի են, քանի որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը դարաշրջանի մը պատմութիւնը կ՚ամփոփէ: Նոյնիսկ մէկ թերթ կամ տող պարունակող ձեռագիրները անգին արժէքներ են: Կարեւորելով ատոնց նշանակութիւնը՝ շատ եղած են ինքնաբուխ նուիրատութիւններ: Նուիրատուութեան պատմութիւնը կը սկսի տակաւին 19-րդ դարէն, երբ շատեր կը ձգտէին փրկել հայկական գիրքն ու մշակոյթը: Հայ մեծահարուստները, գիտնականները, հոգեւորականները եւ այլ անձեր յաճախ իրենց ձեռագիրները, գիրքերը եւ փաստաթուղթերը կը նուիրէին Մատենադարանին: Ատոնք եղած են կրօնական բնոյթի ձեռագիրներ. ինչպէս՝ Աւետարաններ, պատարագամատոյցներ եւ այլ գիրքեր, որոնք կ՚արտացոլացնեն հայ ժողովուրդի հաւատքը եւ հոգեւոր կեանքը: Մատենադարանի հաւաքածոն, շնորհիւ նուիրատուութիւններուն, այսօր ունի միջազգային համբաւ եւ կը ծառայէ որպէս կարեւորագոյն աղբիւր գիտնականներու, ուսանողներու եւ այցելուներու համար:

ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

«1 տարուայ յաւրժութիւնը. Մատենադարանի ձեռագրական համալրումներ» ցուցահանդէսէն մէկ շաբաթ առաջ ալ Մատենադարանը ցուցադրութեան հանած էր երկու Աւետարաններ՝ Չարսանճաքի եւ Զէյթունի Աւետարանները, որոնք նոյնպէս գիտական այս կեդրոն հասած են նուիրատուութեան միջոցով: Չարսանճաքի խնդրակատար Աւետարանը 2017 թուականին Մատենադարանին նուիրաբերած են ամերիկաբնակ Հռիփսիմէ Տատայեան-Բարունակեան եւ իր եղբայրը՝ Հրայր Տատայեան: Այս Աւետարանը ընդօրինակուած է 1471 թուականին՝ Երուսաղէմի մէջ եւ ունի «Հրաշափառ», «Հրաշագործ» անուանումները:

Արժէքաւոր այդ ձեռագիրը պահուած է Չարսանճաք գաւառակի Կոտառիճ գիւղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ եւ շատ տարիներ յետոյ Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն հասած է Երեւան: Ի սկզբանէ, ան չէ պատկանած Տատայեաններուն: Ձեռագիրը 1918 թուականի գարնան Երեւանի մէջ Տատայեան ընտանիքէն Եղսա անունով կնոջ մը փոխանցած է այդ գիւղէն գաղթած հիւանդ հայ մը՝ շատ հետաքրքրական պայմաններու մէջ:

Այդ թուականէն ի վեր Աւետարանը երկար ճանապարհ հարթած է։ Նախ տեղափոխուած է Ֆրանսա, ապա՝ Միացեալ Նահանգներ: 1990 թուականին այս հնագոյն Աւետարանը ժառանգած են Եղսայի թոռները՝ Հրայրը եւ Հռիփսիմէն, որոնք միասնաբար սրբօրէն պահուած թանկագին այդ ձեռագիրը «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանին նուիրելու որոշում առած են: Տատայեան ընտանիքը ո՛չ միայն փափաքած է աշխարհի որեւէ երկրի հեղինակաւոր թանգարանի մը կամ մատենադարանի մը պահ տալ այս Աւետարանը, այլ նաեւ տիկին Հռիփսիմէ մերժած է մասնագէտներուն խորհուրդը՝ նիւթական գնահատական տալ Աւետարանին, այսինքն որոշել անոր դրամական գինը: Իսկ երբ այսպիսի ձեռագիր մը մտնէ Մատենադարան, ան կը դադրի այլեւս նիւթական արժէք ըլլալէ, կը դառնայ անգին: Բացի դարաւոր պատմութենէն ու կենսագրութենէն՝ Աւետարանը կ՚առանձնանայ նաեւ ձեռագրագիտական ինքնատպութեամբ: Մատենադարանի մասնագէտները կը վկայեն, որ սեւ ներկով մշակուած կողք մը առաջին անգամ կը տեսնեն: Հրաշափառ Աւետարանը հնագոյն ձեռագիրներու գանձարանին վերջին տարիներու ամենէն արժէքաւոր ու իւրօրինակ ձեռքբերումներէն մէկն է, որ մասնագէտներուն հնարաւորութիւն տուած է ուսումնասիրել Երուսաղէմի հայկական գրչութեան հարուստ աւանդոյթները:

Չարսանճաքի Աւետարանի հետ ցուցադրութեան հանուած միւս Աւետարանը Զեյթունի Աւետարանն է, որ հայ մանրանկարչութեան հռչակաւոր ներկայացուցիչ Թորոս Ռոսլինի՝ մեզի յայտնի առաջին ստորագրուած Աւետարանն է՝ գրուած եւ ծաղկուած 1256 թուականին՝ կաթողիկոսանիստ Հռոմկլայի մէջ եւ կրկին Հայաստան հասած է նուիրատուութեան միջոցով: Զայն Մատենադարան հասած է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանէն՝ 1969 թուականին՝ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Շնորհք Եպսկ. Գալուստեանի եւ յետագային կաթողիկոս եղած Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Վեհափառի նախաձեռնութեամբ: Ձեռագրին մէջ պահպանուած են չորս աւետարանիչներու պատկերները եւ չորս խորան (ընծայականը, Եվսեբիոսի նամակը Կարպիանոսին): Աւետարանը պակաս էջեր ունի:

Վերջին ամիսներուն Մատենադարանը նուէր ստացած է արմատներով Ջաւախքէն Գրիգոր Եղիազարեանի ընտանեկան մասունքը՝ Նկարազարդ Նոր կտակարան, տպագրուած Վենետիկ, 1789 թուականին: Այս Աւետարանը 1830 թուականին Էրզրումէն Ախալցխայի Նորաշէն գիւղ գաղթած հոգեւորական մը իր հետ փրկած է: Աւետարանը ժառանգաբար փոխանցուած է ընտանիքի անդամներուն, իսկ ընտանիքի անդամներէն Գրիգոր Եղիազարեանը որոշում կայացուցած է թանկարժէք մասունքը պահ տալ Մատենադարանին: Ան, շատ մը նուիրատուներու պէս վստահ եղած է, որ գիրքը այդպէս աւելի ապահով ու խնամուած պիտի ըլլայ: Ան նաեւ ուրիշներու կոչ ըրած է հետեւիլ իր օրինակին:

Վերջին ամիսներուն Մատենադարանին ընծայաբերուած գանձերէն է փարիզաբնակ վիրաբոյժ Պաղտասար Մանուէլեանի ընտանիքին նուէրը՝ 17-րդ դարու ձեռագիր՝ Տօնացոյց: Ան գրուած է Վասպուրականի մէջ, գրիչ՝ Աւետիս, ծաղկող` Յովհաննէս Ղարուեցի:

Մէկ այլ նուէր ալ Մատենադարանը ստացած է հայաստանցի արուեստաբան Նարեկ Վան Աշուղաթոյեանէն: Ան Մատենադարանին նուիրած է Սուլթանական երկու հրովարտակ (ֆէրման)՝ 1759 եւ 1906 թուականներու:

Հայ միջնադարագէտները յատկապէս կը կարեւորեն այն հանգամանքը, որ Մատենադարանին կը նուիրուին ընտանիքէ ներս պահուած, սերունդէ սերունդ փոխանցուած գանձեր, որոնք ո՛չ միայն ազգային արժէք են, այլեւ այդ ընտանիքի համար սրբազան մասունք, ինչ որ կը կրկնապատկէ նուիրատուութեան կարեւորութիւնը:

Մատենադարանը մշտապէս կը փնտռէ նոր ձեռագիրներ ու գիրքեր, որոնք կրնան համալրել իր հաւաքածոն: Այս առումով, մեծ կարեւորութիւն կը տրուի յատկապէս սփիւռքի մէջ գտնուող հայերու գանձերու որոնումին եւ անոնց հաւաքումին:

ԿԸ ՄՇԱԿՈՒԻ ՀԱՅԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի մէջ երեք օր տեւած Հայագիտութեան միջազգային քոնկրէսը միջազգային օրակարգի ձեւաւորման, արտասահմանեան հայագիտական կեդրոններու հետ համատեղ միջնադարագիտական հետազօտութիւններու կայացման եւ գիտական նոր սերունդի ի յայտ գալու հարթակ կը միտուի դառնալ: Յամենայնդէպս, այդպէս յայտարարած են կազմակերպիչները, որոնք այսօր արդէն կ՚ամփոփեն արդիւնքները, կը մշակեն հայագիտութեան նոր ռազմավարութիւնը, որ կողմնորոշիչ պիտի դառնայ յառաջիկայ աշխատանքներու համար:

ԳՐԱՏՕՆ

Հայագիտութեան միջազգային քոնկրէսի շրջանակներէն ներս Մատենադարանը կազմակերպած էր նաեւ գիրքերու ցուցահանդէս-վաճառք՝ Գրատօն, որուն ներկայացուած էին Հայաստանի եւ սփիւռքի պետական ու մասնաւոր շուրջ երկու տասնեակէ աւելի հրատարակչութիւններու, թանգարաններու ու զանազան հիմնարկներու վերջին հինգ տարիներու հայագիտական հրատարակութիւնները:

2019 թուականէն ի վեր գործող Մատենադարանի հրատարակչութիւնը Գրատօնին մասնակցած էր շուրջ վեց տասնեակ գիրքերով ու ամսագիրներով։

Իրենց հրատարակութիւնները ներկայացուցած էին նաեւ Հայաստանի Ազգային գրադարանը, Ակադեմիան, այլ կառոյցներ:

Այս գրատօնի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Հասկ» հայագիտական տարեգիրքի 13-րդ հատորի շնորհանդէսը, որ նուիրուած է Սուրբ Ներսէս Դ. Շնորհալի Հայրապետի մահուան 850-րդ տարելիցին։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

        

Երեքշաբթի, Յուլիս 23, 2024