ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄՈԳՈՆՈՂՆԵՐԸ
Անգլիացի հանրայայտ գրող Ճորճ Օրուէլի կարծիքով՝ պատմութիւնը վերահսկողը՝ ապագան կը վերահսկէ։ «Կենդանիներու ագարակը» եւ «1984» նշանաւոր գործերու հեղինակը կ՚ակնարկէ, որ պատմութեան շարադրումը ունի քաղաքական ենթագիր մը, որուն իրականացնողը կը ձեւակերպէ իր իշխանութեան օրինակարգութիւնը։ Հանգամանքներու բերումով, ի դժբախտութիւն Հայաստանի, 2018-էն ետք իշխանութիւն եկած խմբակի հիմնական զբաղմունքը հին, նոր եւ նորագոյն պատմութեան խմբագրումն ու սրբագրումն է: Սա ունի երկու հիմնական նպատակ։
2020-էն սկսեալ սողացող անձնտուութեան՝ պարտութեան ու տարածքներու զիջման համար պէտք է պատասխանատուներ ու մեղաւորներ կարգուին.
ա) եկեղեցին՝ դեռեւս Պապ թագաւորի ժամանակաշրջանէն,
բ) պահանջատէր դաշնակցականները,
գ) Խորհրդային Միութիւնը, որ մեր հարեւաններու դէմ թշնամանք սերմանած է մեր մէջ,
դ) Ռուսաստանը, որ Արցախը մեր ձեռքէն առած, նուիրած է Ատրպէյճանին,
ե) նախկին իշխանութիւնները, որոնք սխալ քաղաքականութիւն վարած են՝ ժամանակին Արցախը չյանձնելով։
Մէկ խօսքով՝ մեղաւորներու ցուցակը կարելի է երկարել, բայց այդ ցուցակին մէջ չկայ կառավարութիւնը՝ իր գլուխով, որուն օրօք սկսան պարտութիւններն ու կորուստները:
Քանի որ մեղաւոր են գրեթէ բոլորը եւ կայ քաղաքական միայն մէկ ուժ, որ երբեք մեղաւոր չէ, ապա համապատասխան ձեւով պատմութիւնը շարադրելով՝ իշխանութիւնը պէտք է մնայ այդ «անմեղ» ուժին ձեռքը եւ ան պէտք է շարունակէ պաշտօնավարել:
Քաղաքականութեան մէջ պատմութեան շարադրումը կամ սրբագրումը կարեւորագոյն նշանակութիւն ունի։
Գաղափարականացուած երկիրներուն մէջ պատմութեան դասագիրքերու իւրաքանչիւր տողը կարեւոր է: Խորհրդային Միութեան ժամանակ Հին Հռոմի ստրուկներու ապստամբութեան առաջնորդ Սպարտակը՝ որպէս ընկերվարական կը ներկայացուէր, իսկ հայոց պատմութեան մէջ յայտնի պաւլիկեանները՝ շահագործող դասակարգին դէմ գաղափարական շարժման հերոսներ էին: Գաղափարականացուած երկիրներուն մէջ սա կրնայ հասկնալի ըլլալ, սակայն, «իզմ»երը հերքող կառավարութեան մը համար, ինչպիսին ՔՊ-ն է, պատմութեան հանդէպ նման հետաքրքրութիւնը առաջին հայեացքէն անըմբռնելի է։
Հայաստանի մէջ Օրուէլի գաղափարական հետեւորդներու աշխուժութիւնը նոյնպէս զգալի է՝ մասնաւորապէս կրթութեան եւ շարք մը այլ բաներու նախարարը կը տեղեկացնէր, որ քանի մը օր ետք, դպրոց յաճախող երեխաները պատմութեան նոր դասագիրքեր պիտի չունենան, որովհետեւ կան խնդրայարոյց հարցեր. ինչպէս՝ նոր դասագիրքին մէջ «Մարտի 1»ի դէպքերու ներառման նիւթը:
Դասագիրքերը մէկ կողմ, բայց, խնդրոյ առարկայ՝ մարտմէկեան դէպքերը գործող իշխանութեան համար այնքան կարեւոր են, որ անոնց սիրոյն կարելի է կրթական ամբողջ գործընթաց մը զոհաբերել:
Բացի գաղափարաբանական վէճէն, պատմութեան վերաշարադրումը նաեւ ոչ-գաղափարական պատճառներ կ՚ունենայ, երբ քաղաքական վերնախաւը կը ճաքի եւ անոր մէկ մասը իշխելու իր իրաւունքը հիմնաւորելու համար իր մրցակիցները կը վարկաբեկէ։ Այսինքն, էականը ո՛չ թէ ճշմարտութեան փնտռտուքն է, այլ՝ իշխելու իր իրաւունքին հաստատումը։ Փաստօրէն, իշխանութեան օրինակարգութիւնը կը կառուցուի ո՛չ թէ նոր արժէքներու, «Նոր Հայաստան»ի համար, այլ. օրինակ՝ 2008-ի դէպքերուն վրայ։
Արդեօք «Նոր Հայաստան»ի համար քուէարկողները տեղեա՞կ էին, որ իրենք հին վէճի կողմերէն մէկուն օգտին քուէարկեցին եւ ոչ թէ նոր երկիր մը կառուցելու համար։
Խմբագրական՝ www.acnis.am-ի