ՆԵՐՇՆՉԱՆՔԻ ԱՂԲԻՒՐ

Հայաստանի Ազգային գրադարանի երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը։ Թէեւ կոկիկ թիւով մասնակիցներով նեղ մասնագիտական շրջանակի համար նախատեսուած հաւաքոյթ մըն էր այս մէկը, սակայն, հայ գրականութեան տեսակէտէ շատ յատկանշական էր։ Այսպէս, ձեռնարկը ձօնուած էր անմոռանալի բանաստեղծ Զահրատի ծննդեան 100-ամեակին։ Հայ արդի բանաստեղծութեան տիտաններէն, աստղերէն մին է Զահրատ։ Պոլսահայ նոր գրականութեան ջահակիրներէն ըլլալու առընթեր սփիւռքահայ գրականութեան տեսակէտէ ալ ան կը համարուի անկրկնելի մեծութիւն մը, որ ներշնչանքի մշտական աղբիւր է սերունդներու համար։ Հայաստանի Ազգային գրադարանի երէկուան տեղին նախաձեռնութիւնը այս բոլորի խաչաձեւման կէտին վրայ թէ՛ յետմահու մեծարանք մըն էր Զահրատի համար եւ թէ վերյիշման ու երախտագիտութեան թարմացման հնարաւորութիւն։

Գրական հաւաքոյթը համախմբեց գրականագէտներ, երիտասարդ ուսանողներ ու գրասէրներ։ Սրահին մէջ ստեղծուած մթնոլորտի պայմանաւորած զգացումները շատ աւելին էին՝ քան մասնակիցներու տեսանելի թիւը։ Այդ անտեսանելի մթնոլորտի ստեղծման եւ ձեռնարկի բացառիկ յաջողութեամբ պսակման հիմնական դերակատարն էր հեղինակաւոր գրականագէտ Երուանդ Տէր-Խաչատրեան, որ պանծացուց Զահրատի յիշատակը։ Ան այնպիսի վարպետութեամբ մը բանախօսեց, որ բոլորին համար անկրկնելի կարելիութիւն մը ընձեռեց Զահրատի վիթխարի աւանդին հետ հաղորդակցութիւն թարմացնելու։ Երուանդ Տէր-Խաչատրեան բոլոր առումներով արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը, որովհետեւ ունկնդիրներու շարքին նկատելի էր սերունդներու զանազանութիւն եւ ան կարողացաւ իւրաքանչիւրը թիրախաւորել ու բոլորը համախմբել՝ մեծ բանաստեղծի թողած ժառանգութեան անգնահատելի արժէքի հասարակաց յայտարարի վրայ։

Գրականագէտ Տէր-Խաչատրեան Զահրատի կեանքի եւ ստեղծագործութեան ուղին մեկնաբանեց մեծ համայնապատկերի մը վրայ՝ բիւրեղացնելով անոր գրական ժառանգութիւնն ու հայ գրականութեան ամբողջին մէջ կարեւոր դերն ու դիրքը։ Բանախօսը բախտաւորութիւն համարեց, որ այսօր կարելի է յիշել այս բացառիկ կերպարին անունը։ Արդարեւ, Երուանդ Տէր-Խաչատրեան համոզուած է, թէ դժուար է մատնանշել ուրիշ մը, որու մարդկային հմայիչ կերպարն ու գրականութիւնը այդքան ներդաշնակ ըլլան։

«Զահրատի բանաստեղծութիւնը կ՚ենթադրէ ընթերցողի մասնակցութիւնը, ան վերացական, կեանքէ կտրուած բանաստեղծ մը չէ։ Հեղինակը ամենապարզ իրերու մէջ խորհուրդ մը տեսնելու կարողութիւնը ունի, սովորական իրականութեան մէջ՝ բանաստեղծութիւն։ Զահրատ իսկապէս յայտնաբերած է մեր գրականութեան մէջ նոր կարելիութիւններ», ըսաւ ան։

Այս բանախօսութեան առընթեր Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ երէկ բացուեցաւ նաեւ Զահրատին ձօնուած ցուցահանդէս մը։ Թամանեանական փոքր ցուցադրասրահին մէջ կարծես տողանցք մը կազմակերպուած ըլլար իր հեղինակած գիրքերու կողքերով։ Բացի Զահրատի ստեղծագործութիւններէն, հետաքրքիրներու նկատառման յանձնուեցաւ նաեւ Զահրատի վերաբերեալ գրականութենէն եւ այլ զանազան ձեւաչափերով իր մասին հրատարակութիւններէն նմոյշներ։

Ցուցահանդէսի տաղաւարներէն մէկուն մէջ առանձնապէս ներկայացուած էին՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի համարները, որոնք կը գուժէին Զահրատի կորուստը։ Անոնք մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձան՝ քանի Զահրատի առաջին բանաստեղծութիւնն ալ լոյս տեսած էր նոյնպէս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ։

  

Հինգշաբթի, Յուլիս 25, 2024