ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՄԻՇՏ ՍԵՐՏ ՇՓՄԱՆ ՄԷՋ ԿԸ ՄՆԱՆ՝ ՄԻՆՉ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՍԱՍՏԿԱՆԱՅ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Հարաւային Կովկասի բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Լուիս Պոնօ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ընդունուեցաւ Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ։ Ուաշինկթըն երկար ժամանակէ ի վեր անմիջական ուշադրութիւն կը ցուցաբերէ Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացին նկատմամբ ու հանդէս կու գայ ազդու միջնորդի մը դերով. բան մը, որուն բուռն ձեւով կը հակազդէ Մոսկուան։ Նախագահ Ճօ Պայտըն վերջերս յայտարարեց, որ պիտի չմասնակցի ԱՄՆ-ի յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան։ Այս իրադարձութեան լոյսին տակ, բազմաթիւ քաղաքական մեկնաբաններ յայտնեցին, թէ ԱՄՆ-ի միջնորդական ջանքերն ու նախաձեռնութիւնները անհեռանկար կը դառնան, որովհետեւ հորիզոնին վրայ ուրուագծուած է Տանըլտ Թրամփի Սպիտակ տուն վերադարձը եւ ան տրամագծօրէն տարբեր վերաբերմունք կը ցուցաբերէ միջազգային կամ տարածաշրջանային հիմնախնդիրներուն նկատմամբ։ Այս իրավիճակին մէջ տեղի ունեցաւ Լուիս Պոնոյի այցելութիւնը, որով կարծես ամերիկեան կողմը վերահաստատեց իր վճռակամութիւնը Հարաւային Կովկասի կայունացման եւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի ապահովման ուղղութիւններով։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Գրիգորեան եւ Պոնօ կանգ առին տարածաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան հարցերուն վրայ։ Անոնք անդրադարձան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին իրադարձութիւններուն։ Հայկական կողմը վերահաստատեց՝ համապարփակ ու երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ յանձնառութիւնը։

Լուիս Պոնոյի այցելութիւնը յաջորդեց նաեւ Հայաստան-ԱՄՆ համատեղ զօրավարժութիւններուն։ Նոյն օրերուն յայտարարուած էր, որ յառաջիկայ շրջանին Փենթակոնէն ներկայացուցիչ մը՝ որպէս խորհրդական աշխատիլ պիտի սկսի Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս։ Մինչ Ռուսաստան բուռն բողոք յայտնեց այս կապակցութեամբ՝ ամերիկեան կողմը տեղեկացուց, որ հայկական կողմին աջակցելու մտադիր է անվտանգութեան ոլորտի կառավարման բարելաւման հարցին մէջ։

ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻ՞Ք

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յոյս յայտնեց, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ տարաձայնութիւնները շուտով կը հարթուին։ Իր խօսքով՝ Երեւան-Պաքու ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը Մոսկուայի կողմէ կը դիտարկուի՝ որպէս անփոխարինելի գործօն տարածաշրջանէն ներս ամրութեան։ Բանբերը յոյս յայտնեց, թէ գործընթացը կը շարունակուի Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած եռակողմանի համաձայնութիւններու տիրոյթին մէջ։ «Հարաւային Կովկասի ճակատագիրն ու ապագան պէտք է որոշեն բացառապէս տարածաշրջանի երկիրները եւ գործընկերները։ Այլ գործօններ խաղաղութիւն չեն բերեր մեր ընդհանուր տան», նշեց Զախարովա եւ աւելցուց, որ Մոսկուա միշտ պատրաստ է բանակցութիւնները հիւրընկալելու եւ գործընթացին նպաստելու։

Զախարովայի այս խօսքերուն առընթեր լայն արձագանգ ստեղծեցին նաեւ Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքովի վերջին յայտարարութիւնները, որոնք վերլուծաբաններուն կողմէ որակուեցան՝ որպէս բացայայտ սպառնալիք Հայաստանի դէմ։ Արդարեւ, Եւրոմիութիւնը վերջին օրերուն պաշտօնապէս որոշեց Հայաստանը ընդգրկել Եւրոպայի խաղաղութեան գործիքակազմին մէջ եւ անոր յատկացում կատարել՝ Եւրոպական խաղաղութեան հիմնադրամէն։ Փեսքով այս առթիւ ըսաւ հետեւեալը. «Մենք կ՚ակնկալենք, որ Հայաստան գործընկերներու փնտռտուքի մէջ չերթայ Ուքրայնայի վարչակազմի ճանապարհով՝ Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի միջեւ նախընտրութեամբ»։

Ուրբաթ, Յուլիս 26, 2024