Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ԱԶԱՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Ազատականութիւնը կը վերաբերի խումբ մը տեսութիւններու, որոնք խստօրէն կը գերակայեն ազատութեան (բացասական իմաստով) այլ արժէքներուն. ինչպէս՝ իշխանութիւն, աւանդութիւն եւ հաւասարութիւն: Այսինքն, ազատականները կը ձգտին նուազացնել պետական ​​իշխանութեան ոլորտը եւ առաւելագոյնի հասցնել անհատական ​​ազատութեան ոլորտը եւ, իբրեւ կանոն, պետութիւնը կը դիտարկեն որպէս անձի ազատութեան հիմնական սպառնալիք: Ընկերավարները նոյնպէս ընդունած են ազատականութիւնը, բայց երկու ամենայայտնի ազատական ​​աւանդութիւնները արմատաւորուած են անհատական իրաւունքներու գաղափարի եւ laissez-faire1 տնտեսական սկզբունքի վրայ: Ազատականները կը տարբերին անիշխանականներէն՝ նաեւ պետութեան անհրաժեշտութեան գիտակցմամբ, թէկուզ նուազագոյն։

Անհատական ​​տեսակէտը մշակուած է յատկապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ազատատենչ մտածողներու կողմէ. օրինակ՝ Հենրի Տէյվիտ Թորոն (1817-1862), Լիզանտեր Սփունըր (1808-1887) եւ Պենժամին Թաքըր (1854-1939): Հենրի Տէյվիտ Թորոնի հոգեւոր ճշմարտութեան եւ ինքնավստահութեան որոնումները զինք ստիպեցին փախչիլ քաղաքակիրթ կեանքէն եւ ան քանի մը տարի ապրած է բնութեան հետ միահիւսուած ու մեկուսացած վիճակով:

Հենրի Տէյվիտ Թորոն պաշտպանեց Թոմաս Ճեֆըրսընի «Լաւագոյն կառավարութիւնը այն է, որ ամենաքիչը կը կառավարէ» կարգախօսը եւ այդ մէկը յարմարեցուց իր սեփական անիշխանական ​​մտքին՝ իր ամենակարեւոր քաղաքական աշխատութեան մէջ, որ կը կոչուի «Քաղաքացիական անհնազանդութիւն»: Ըստ Հենրի Տէյվիտ Թորոնի՝ անհատապաշտութիւնը կ՚ընթանայ քաղաքացիական անհնազանդութեան առաջնորդութեամբ. անհատը պէտք է կապուած ըլլայ իր խղճի հետ եւ ընէ միայն այն, ինչ որ ճիշդ կը համարէ՝ անտարբեր ըլլալով կառավարութեան օրէնքներուն եւ հասարակութեան ցանկութիւններուն նկատմամբ։ Հենրի Տէյվիտ Թորոնի անիշխանականութիւնը կը գերադասէ անհատական ​​խիղճը քաղաքական պատասխանատուութեան փոխարէն: Հենրի Տէյվիտ Թորոնի այս ըմբռնումը զինք մղեց չհնազանդիլ ամերիկեան կառավարութեան, որ, իր կարծիքով, կը տարածէր ստրկութիւն եւ կը շարունակէր պայքարիլ այլ երկիրներու դէմ:

Պենժամին Թաքըր յետագային զարգացուց ազատականութեան գաղափարը՝ հաշուի առնելով, թէ ինքնավար անհատները ինչպէ՛ս կրնան միասին ապրիլ եւ աշխատիլ առանց խնդրի եւ անհնազանդութեան: Ըստ անհատապաշտներու՝ այս խնդիրը երկու լուծում ունի. առաջինը կ՚ընդգծէ բանապաշտութիւնը եւ կ՚առաջարկէ, որ խնդրի մը կամ անհամաձայնութեան իրավիճակը կրնայ լուծուիլ ողջախոհութեան միջոցով: Այս գաղափարը կ՚ընդունի Ուիլիըմ Կոտվին, որ կը կարծէ, թէ ճշմարտութիւնը միշտ կը վերացնէ սխալները։ Երկրորդ լուծումը տարբեր մեքանիզմներ գտնելն է, որոնք կը ներդաշնակեցնեն ազատ անհատներու անկախ գործողութիւնները, նաեւ փոխյարաբերութիւնները։ Ծայրայեղ անհատապաշտներ կը կարծեն, որ առանց խնդրի համատեղ ապրելու գաղափարին կարելի է հասնիլ շուկայական փոխանակման համակարգի միջոցով: Ճոսիա Ուորըն կը նշէ, որ անհատները ունին սեփականութեան իրաւունքներ իրենց արտադրած ապրանքներու նկատմամբ, բայց միեւնոյն ժամանակ, տնտեսական տրամաբանութենէ ելլելով, անոնք պէտք է աշխատին այլ մարդոց հետ, որպէսզի օգտուին աշխատանքի փոխանակման առաւելութենէն: Ան առաջարկեց, որ այս գաղափարին կարելի է հասնիլ այնպիսի համակարգի մը միջոցով, ուր «աշխատանքը աշխատանքի դիմաց» կը փոխանակուի՝ ստեղծելով «ժամանակի պահեստներ», ուր մարդու աշխատանքը կը փոխհատուցուի։ 19-րդ դարու վերջաւորութեան ԱՄՆ-ի անհատական ​անիշխանականները յանգեցան այն մտքին, որ շուկայի «անտեսանելի ձեռքը» կրնայ կարգաւորել բոլոր ընկերային փոխազդեցութիւնները՝ առանց քաղաքական կազմակերպման անհրաժեշտութեան:

Պետութեան տեսակէտը ազատականութեան մէջ կարելի է անուանել «գիշերային պահակ պետութիւն»։ Ազատականները կ՚ըսեն. «Միայն արտաքին քաղաքականութեան համար օրէնք ու պաշտպանող բանակ ունենալը բաւական է, նոյնիսկ այսքանով մենք արդէն իսկ կը զիջինք մեր ազատութեան»։ Ի հարկէ, կան ազատատենչութեան տարբեր մեկնաբանութիւններ: Այս բոլորը մանրամասնութիւններ են, ի հարկէ։ Բոլոր ազատական շարժումներու ամենամեծ ընդհանուր կէտն է՝ «պետութիւնը որեւէ պարագային երբեք պէտք չէ միջամտէ տնտեսութեան»։ Դասական ազատականները քիչ մը աւելի ճկուն են այս հարցով։

Իրականութեան մէջ սխալ է ինքնաբերաբար ճիշդ յայտարարել ազատատենչութիւնը, քանի որ մինչ «աջակողմեանները» կը պաշտպանեն պետական ​​գերիշխանութիւնը ազատ տնտեսութեան եւ ընկերային կեանքի մէջ, իսկ «ձախակողմեանները» կը պաշտպանեն ազատութիւնը խիստ վերահսկուող եւ կանոնակարգուած տնտեսութեան եւ ընկերային կեանքի մէջ: Միւս կողմէ, ազատականութիւնը կը պաշտպանէ ազատութիւնը ինչպէս տնտեսական, այնպէս ալ ընկերային կեանքի մէջ: Ի հարկէ, իմ այս գնահատականը հիմնուած է ԱՄՆ-ի վրայ։ Ազատականութեան խնդիրը այն է, որ ան նոյնքան երազանք է, որքան ընկերվարութիւնը: Իմ կարծիքով, ազատականութիւնը սխալ ըմբռնուած հասկացութիւն է, ինչպէս դեմոկրատական ​​ընկերավարութիւնը։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ


1 Laissez-faire Տնտեսական ուսմունք, որու համաձայն երկրի տնտեսութեան պետութեան միջամտութիւնը պէտք է ըլլայ նուազագոյն։

Ուրբաթ, Յուլիս 26, 2024