ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

Գնալը կղզիի մէջ երէկ երեկոյեան սկսաւ համայնքային մարզական փառատօն մը, որու կազմակերպիչներն են՝ Շիշլի մարզակումբը, Գարակէօզեան տան Կազդուրման կայանը եւ Ներսէսեան դպրաց դասը։ Նախագիծը ձօնուած է երջանկայիշատակ Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանին։

Կազդուրման կայանի «Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ տեղի ունեցաւ մարզական փառատօնին բացումը։ Պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Անկլիքան եկեղեցիէն Հայր Ճոն Ուիլի, որ հիւրաբար կը գտնուի քաղաքս, նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։

Հարկ է նշել, որ մարզական փառատօնը պիտի շարունակուի մինչեւ 1 օգոստոս։

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2024