ԳԱՂԹԱԿԱՆ ԳԻՐՔԵՐ ՈՒ ՄԱՐԴԵՐ

Որոշ ժամանակ ետք հասկցայ, որ աշխարհի մութ անկիւններուն մէջ միայն մարդիկ որբ չե՛ն դառնար. կ՚ապրին, կ՚որբանան ու կը մեռնին նաեւ անշունչ իրերը: Զրկուած իրենց սկզբնական նպատակէն՝ անոնք եւս որոշ ժամանակ մարդկային կեանքի մէջ կարեւոր տեղ գրաւելէ ետք կը տրուին մոռացութեան, դառնալով որբացած անցեալի լուռ յիշատակ մը՝ մինչեւ դառնան անյայտութիւն։ Անոնք եւս կ՚ապրին, կը շնչեն եւ ի վերջոյ ժամանակ մը ետք կը բախուին լքուածութեան դառն ճակատագրին:

Նման հսկայական որբերու դաս մըն են մեր անապատ գրադարաններու մէջ իրենց գոյութիւնը ողբացող բազմահազար գիրքերը, որոնք շրջան մը մարդկութիւնը լուսաւորելու համար հրատարակուած էին, իսկ այժմ իրենց որբացումը կը սգան, սպասելով այն անխուսափելի վախճանին՝ օր մը փոշոտած ապակիներու փոշիներուն «կտաւ» դառնալու եւ ճմռթուած մէկ կողմ նետուելու:

Այնպէս ինչպէս մարդ երիտասարդ կը ծնի եւ ժամանակի ընթացքին կ՚ընկճուի, նոյնպէս գիրքերը, ժամանակի ընթացքին կը սկսին դեղնիլ եւ ծերանալ ու անկելանոց դրուող պառաւի մը պէս կը դրուին հին արկղերու մէջ՝ որ դագաղէ մը տարբերութիւն չունի: Մարդկութիւնը իր խիղճի ձայնին կողքին կը խեղդէ նաեւ գիրքերուն ձայնը՝ լուռ արձագանգի մը վերածելով զանոնք: Անոնք նման են այն ծերերուն, որոնք շա՜տ բան ունին պատմելիք ու խօսելիք՝ սակայն չունին ունկնդիր, չունի՛ն վշտակից:

Տակաւին շաբաթ մը առաջ լիբանանահայ «Ազդակ» օրաթերթը հրապարակեց Անի Ու. Բագրատունի «Գիրքը» խորագրեալ յօդուածը, ուր կ՚ըսուի. «Վերջերս պարզուած իրականութիւն մըն է, որ շատեր կը փափաքին ձերբազատիլ իրենց տան գրադարանէն, մանաւանդ, երբ այդ գրադարանի տէրը ծնողք մըն է, որուն մահէն ետք զաւակները պատրաստ են «նուիրելու» իրենց ժառանգ մնացած գիրքերը»: Բոլորիս համար արեւու լոյսին չափ յստակ է, որ այդ «նուիրել»ը իրականութեան մէջ ձերբազատում է «բեռն»է մը՝ որ «սրբազան» արժէք ըլլալով հանդերձ երեսի վրայ ձգուած իր մահավճիռին կը սպասէ:

Ի դէպ ըսենք, շատեր այս երեւոյթը կը փորձեն «արդարացնել» արդի արհեստագիտութիւնը պատճառ բռնելով։ Իրականութեան մէջ դար մը առաջ եւս երեւոյթը տարբեր չէր. Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հրատարակուած «Կոչնակ» շաբաթաթերթը, իր 10 հոկտեմբեր 1908 թուականի թիւին մէջ կը գրէ. «Նիւ Եորքի հայկական գրադարանի 1907 թուականի խնամակալութեան մնացող անդամները, ջանքեր ըրին ըստ կանոնագրի նոր խնամակալութիւն մ՚ընտրել տալ անցեալ սեպտեմբերին, բայց անկարող լինելով յաջող արդիւնք մը ձեռք բերել, նոր տարիին գրադարանը գոցեցին»: Այդ գրադարանը վերաբացուեցա՞ւ թէ ոչ՝ չեմ գիտեր, սակայն առաջինը չէր եւ ո՛չ ալ վերջինը պիտի ըլլար, որովհետեւ եթէ մէկ նոր գրադարան բացուէր, միւս կողմէ տասնեակ մը առ յաւէտ պիտի փակէր իր դռները:

Իրականութեան մէջ հայ գիրքին վիճակը տարբեր չէ՛ր հայ մարդու ճակատագիրէն. անոնք եւս թափառականի պէս շրջեցան մէկ տեղէն միւսը. անոնցմէ շատեր յայտնաբերուեցան աղբամաններու եզրին՝ արկղերու մէջ. շատեր պատռտուելով դարձան մաքրութեան միջոց. անոնցմէ շատեր ուղեղները ջերմացնելու փոխարէն ծառայեցին ցուրտ օր մը սենեակներ ջերմացնելու՝ որպէս գերեզման ընտրելով վառարանը: Ու այս բոլորին դիմաց ակամայ տխուր գուշակութեամբ կը նայիմ գրադարանիս գիրքերուն. եթէ դուք եւս ունիք գրադարան, պահ մը նայեցէք. ձեր մահէն ետք ի՞նչ պիտի ըլլան. այն գիրքերը, որոնք ձեզի համար հոգի ու շունչ են, ո՞ւր պիտի օթեւանին. այլ գրադարանի մէջ անշնչանալու բախտաւորութիւնը պիտի ունենա՞ն, թէ ոչ անգութ ճակատագիր մը պիտի ունենան: Գուցէ աւելի լաւ չէ՞ նախքան մեռնիլը սեփական ձեռքերով վճռել անոնց ճակատագիրը՝ աւելի ապահով ապագայ մը երաշխաւորելու մտադրութեամբ:

Այսօր նոյն այդ գիրքերու ջարդը կը շարունակուի. տակաւին մի քանի օրեր առաջ ծանօթ մը կը յայտնէր, թէ Սուրիոյ մէջ գտնուող հայկական գրադարան մը նիւթական դժուարութեանց պատճառով որոշած է վաճառքի հանել բոլոր այն գիրքերը՝ որոնցմէ մէկէ աւելի օրինակներ ունի. հետաքրքրութեան համար կապուեցայ գրադարանի վարչութեան հետ եւ վաճառքի դրուած գիրքերէն գնեցի Շահան Շահնուրի երկհատոր «Երկեր»ը՝ որ դժուար կարելի է գտնել: Աւելի քան երբեք յստակ էր, որ վարչութեան համար կարեւորը գումարն էր եւ այդ գումարի սիրոյն անոնք պատրաստ էին արժէքաւոր գիրքեր չնչին ու աննշան արժէքով մը ծախելու: Ո՞վ է մեղաւորը. գրադարանի վարչութի՞ւնը՝ թէ ոչ ամբողջ հայութիւնը, որ լուռ ականատեսը եղաւ եւ կը շարունակէ ըլլալ Սուրիոյ դժբախտ ճակատագրին:

Ազգովին դժբախտ վիճակի մը մէջ կը գտնուինք։ Կեանքի դառն ճակատագրին դէմ յանդիման գտնուող գաղութներ, միւս կողմէ անտերունչ բազմահազար գիրքեր ու հատորներ. զիրենք կապող հասարակաց դժբախտ գիծը մէկ է. կորուստ: Գիրքին մէջէն թուղթեր, իսկ մեր հոգիին մէջէն տակաւ առ տակաւ հայութիւնը կը թափի. ու կը թափի ամէ՛ն բան՝ որովհետեւ բաժակը որուն մէջ կը փորձենք ջուրը լեցնել, արդէն իսկ նախապէս բազմի՜ցս կոտրած է եւ այդ վէրքերը կարելի՞ պիտի ըլլայ բուժել թէ ոչ՝ ժամանակը թող պատասխանէ:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ջղայնութեան պահուն պէ՞տք է պատասխանել:

Պատասխան. Ջղայնութեան պահերուն նախընտրելի է չպատասխանել, որովհետեւ զգացումները կրնան մթագնել դատողութիւնը եւ պատճառ ըլլալ աւելի լարուած ու ջղային պատասխաններ տալու: Պէտք է պահ մը լուռ մնալ եւ հաւասարակշռել մտածելակերպը՝ աւելի յաջող հաղորդակցութիւն ունենալու համար: Այս մէկը կը կանխէ կռիւը, օգնելով որ տրուած պատասխանը ըլլայ աւելի կառուցողական ու յարգալից:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յուլիս 31, 2024