ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանի պատմութեան տեսակէտէ երէկ շրջադարձային իրադարձութիւն մը ապրուեցաւ։ Այսպէս, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերու հրամանատարութիւնը ամբողջութեամբ պաշտօնապէս ստանձնեց օդակայանի վեսահսկման ու պաշտպանութեան գործառոյթները։ Այսպէս, տասնամեակներ անց առաջին անգամ հայկական կողմը տէրը դարձաւ «Զուարթնոց» օդակայանի անցակէտի պետական սահմանի պատասխանատուութեան։

Չհաշուած սովետական շրջանը, 1992 թուականէն ի վեր օդակայանի վերահսկողութիւնը, ըստ էութեան, Ռուսաստանի կողմէ կը կատարուէր՝ Հայաստանի հետ համագործակցութեամբ։

1 մարտ 2024 թուականին հայկական կողմի կատարած դիմումին հիման վրայ այս իրադրութիւնը ամբողջովին փոխուեցաւ։ Ռուսական կողմը ամբողջութեամբ հայկական կողմին յայնձնեց գործառոյթները։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերու հրամանատար Էտկար Յունանեան եւ Հայատանի մէջ Ռուսաստանի սահմանային վարչութեան պետ Ռոման Կոլուպիցքի ստորագրեցին համապատասխան փաստաթուղթը։ Ստորագրման արարողութեան ընթացքին Երեւանի մօտ Ռուսաստանի ժամանակաւոր հաւատարմատար Մաքսիմ Սելեզնիով յայտնեց, որ ռուս սահմանապահները անգնահատելի փորձառութիւն, գիտելիքներ եւ հմտութիւններ փոխանցած են իրենց հայ գործընկերներուն՝ յուսալի հիմքեր դնելով անցակէտի ապագայ բարձր մակարդակով գործունէութեան համար։

Այս պատասխանատու հանգրուանին կը մնայ ակնկալել, որ «Զուարթնոց» օդակայանէն ներս մատուցուած այս ծառայութիւններն ու կատարուած ընդհանուր գործառոյթները ո՛չ միայն նոյն մակարդակի վրայ մնան, այլեւ՝ ա՛լ աւելի զարգանան՝ միջազգային չափանիշներու համապատասխան։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 1, 2024