ՍՈՒՐԲ ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ

Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի կենսագիրն է՝ Կորիւն, որ միայն «Մաշտոց» անունով կը յիշէ զայն, եւ որ ըստ գիտնականներու՝ պարսկերէն «Մազտա» բառէն առնուած է եւ կը նշանակէ «իմաստութիւն» կամ «իմաստուն»։

Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց ծնած կը համարուի 361 թուականին Տարօն գաւառի Օշական աւանին մէջ։ Ան, երիտասարդ հասակին կու գայ Խոսրով Գ. թագաւորի պալատը եւ կը դառնայ պաշտօնեայ եւ փայլուն զինուորական մը։

Բայց այս պաշտօնը երբեք չէ՛ հրապուրած Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցը, ինչպէս կը վկայէ Ղազար Փարպեցի։ Ան շարունակ Սուրբ Գիրք կը կարդար։ 33 տարեկանին, այսինքն Յիսուս Քրիստոսի տարիքին, ըստ աւանդութեան, մեծ յեղաշրջում մը կ՚ունենայ իր կեանքին մէջ, Յիսուս Քրիստոսը կ՚ընդունի որպէս իր Փրկիչը եւ իր կեանքը կը նուիրէ։ Ան լրիւ կը քաշուի աշխարհիկ կեանքէն՝ կը մեկուսանայ վանքերու մէջ եւ անընդհատ կ՚աղօթէ եւ Սուրբ Գիրք կը կարդայ։

Աւանդաբար Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց կը ներկայացուի «միայն» որպէս Հայ գիրերու գիւտարարը։ Իր մասին գրուած բոլոր գրութիւնները եւ դասագիրքերը միայն ա՛յս է որ կը ներկայացնեն։ Անտարակոյս, բացարձակապէս ճի՛շդ է որ առանց իր այս գիւտին հայ ժողովուրդը պիտի չունենար իր ուրոյն «ազգային գրականութիւն»ը, իր մշակոյթը եւ հաւանաբար ուրիշ շատ մը ժողովուրդներու նման, ինչպէս կը վկայէ պատմութիւնը, պիտի ձուլուէր կամ կորսուէր։

Հոս կայ կարեւոր եւ կենսական հարցում մը՝ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց ինչո՞ւ հնարեց կամ գտաւ հայերէն գիրերը։ Արդարեւ, ի՞նչ էր նպատակը, պատճառը՝ շարժառիթը այս մասին…

Ղազար Փարպեցի սապէս կը գրէ այս մասին.

«Ժողովուրդի բազմութիւնը ունայն եւ թափուր կ՚երթար եկեղեցիէն, եւ ուսուցիչներ հոգոց հանելով եւ հառաչելով կ՚ափսոսային իրենց սնոտի ջանքը, որովհետեւ ոչ ոք կ՚օգտուէր հոգեւոր խրատներու վարդապետութենէն, քանի որ ամէն բան ասորերէն լեզուով կը կատարուէր»։

Իսկ Կորիւն սապէս կ՚ըսէ.

«Միաժամանակ Մեսրոպ կը քարոզէր, սակայն ներքին ապրումներ ունէր եւ կ՚ըսէր.- Տրտմութի՛ւն է ինծի եւ անպակաս ցաւ իմ սրտին, եղբայրներուս եւ ազգականներուս համար…։ Եւ ելք մը կը փնտռէր»։

Եւ ան իբրեւ հաւատաւոր հաւատացեալ ուրիշ ճար չունէր, եթէ ոչ աղօթել եւ աղերսել Աստուծոյ եւ անընդհատ արցունք թափել, որ Տէրը ցոյց տայ հնար մը, ելք մը, որ կարենայ լուսաւորել հայոց աշխարհը՝ ժողովուրդը։ Եւ ահաւասի՛կ, այսպիսի ժամանակ մըն է, որ կը յայտնուի իրենց ելքը՝ ունենալ հայկական սեփական գիրերը։ Եւ երբ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի աղօթքի եւ աղերսանքի ընթացքին կը յայտնուի ելքը, այսինքն՝ ունենալ սեփական գիրերը, ան անմիջապէս կը փութայ Վաղարշապատի Սուրբ Սահակ Կաթողիկոսին մօտ, խորհրդակցելու համար անոր հետ։ Երկուքը միասին գործի կը լծուին եւ կ՚որոշեն բոլորին հասցնել Քրիստոսաւանդ փրկութեան, եւ թէ այդ նպատակին հասնելու միակ եւ կտրուկ միջոցը գիրերն էին։

Միասին, անոնք կը դիմեն Վռամշապուհ թագաւորին։ Ան կ՚ըսէ, թէ Դանիէլ անուն ասորի եպիսկոպոսի մը մօտ հայերէն գիրեր կան։ Ուստի, անկէ գիրերը կը ստանան եւ երկու տարի Մեսրոպ Մաշտոց եւ գործակիցները կ՚աշխատին, ի վերջոյ կը նկատեն, որ այդ գիրերը թերի են եւ բաւարար չեն հայերէն լեզուի բոլոր հնչիւնները արտայայտելու։

Ուստի, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եւ Սուրբ Սահակ Կաթողիկոս դարձեալ կը լծուին հայ գիրերու յայտնաբերման գործին։

Ի վերջոյ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց կը յաջողի «Հայրական չափ ծնիլ Հայերէն գիրերը»։ Եւ յանկարծ կը լուծուին բոլոր խնդիրներ, եւ ան իր սուրբ աջովը կը յօրինէ հայ լեզուի հնչիւններուն յարմար «նոր նշանագրեր»։

Մէյէ՝ ֆրանսացի յայտնի լեզուագէտը սապէս կ՚ըսէ. «Յայտնի է, որ հայկական այբուբենը գլուխ գործոց մըն է։ Հայ հնչաշարքի հնչիւններէն իւրաքանչիւրը յատուկ նշանով մը նօթագրուած է եւ սիստեմը այնքան լաւ է հաստատուած, որ հայ ազգին հայթայթած է հնչիւնաբանութեան վերջնական արտայայտութիւն մը՝ որ պահպանուած է մինչեւ այսօր, առանց որեւէ փոփոխութեան…»։

Ինչ որ ալ ըլլայ Հայ գիրերու աւանդական-պատմական-գիտական յօրինման կամ գիւտի պարագաները, սա անուրանլի իրողութիւն մըն է, որ ան սրբազան-նուիրական աշխատութեան մը արդիւնքն է, եւ ան իր ամենալայն իմաստով ԱՐԺԷ՛Ք մըն է։ Եւ այդ մեծ «արժէք»ին սեփականատէրերը մենք ենք, որպէս հարազատ ժառանգորդներ։

ԲԱՅՑ, այս կէտին հարցը սա է.

Ներկայիս, անոնք, որ «Հայ» կ՚անուանուին, արդեօք ո՞րքան տէր են իրենց այս ժառանգին։

Ձեր ուշադրութեան կ՚ուզեմ յանձնել սա վերոյիշեալ տողերը Ղազար Փարպեցիի, որ կ՚ըսէր. «Ժողովուրդի բազմութիւնը ունայն եւ թափուր կ՚երթար եկեղեցիէն… ոչ ոք կ՚օգտուէր հոգեւոր խրատներու վարդապետութենէն, քանի որ ամէն բան ասորերէն լեզուով կը կատարուէր…»։

Սիրելինե՜ր, այս ինչ հակադրութիւն է, որ աշխարհի վրայ բազմաթիւ Հայ Եկեղեցիներու մէջ, ներկայիս, յարգելով արժանավայել բացառութիւնները, ժողովուրդի գոնէ մեծամասնութիւնը «ունայն եւ թափուր կ՚երթայ եկեղեցիէն», երբ հոգեւոր խրատներ կը կատարուին հայերէն լեզուով… եւ որովհետեւ հայ լեզուն խորթացեր է հայ մարդուն…

Եւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց արդեօք ի՞նչ կը խորհի այս տխուր երեւոյթին նայելով. երբ իրմով մարմին առած գիրերը այլեւս ցիրուցան՝ նետուեր են հոս եւ հոն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 30, 2024, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 1, 2024