ՀԱԿԱՀԱՐՈՒԱԾ ՀԱԿԱՀԱՐՈՒԱԾԻ ԴԻՄԱՑ
Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն վրայ գործադրուած յարձակումէն անմիջապէս ետք, Իսրայէլ այս անգամ հարուածեց Թեհրանը: Երկու գործողութիւններն ալ թիրախային էին. առաջինը «Հիզպուլլահ»ի ռազմական խորհուրդի անդամներէն մին էր, իսկ երկրորդը՝ «Համաս»ի գլխաւոր ղեկավարը:
Առաջինի պարագային հաղորդուեցաւ, որ տեղեակ պահուած են Ուաշինկթընի համապատասխան բաժանմունքները, մինչ երկրորդի պարագային ո՛չ միայն որեւէ բան չըսուեցաւ, այլեւ՝ Ամերիակայի Միացեալ Նահանգները պետական քարտուղարի ճամբով փութաց յայտարարելու, որ ինք կապ չունի Հանիյէի սպանութեան հետ:
Առաջինի պարագային կը թուէր, որ տարողութեան եւ ձեւին մասին կանխաւ համաձայնութիւն կար: Սահմանափակ, ուժգին եւ կարմիր գիծերը չհատելու մասին բազմակողմանի յորդորներ: Պէյրութ այս պարագային պաշտօնապէս յայտարարեց, որ առընչուած պետութիւնները հաւաստիացուցած են, թէ գործողութիւնը պիտի ըլլայ սահմանափակ եւ տարողութեան սահմաններու պահպանման հարցը «Հիզպուլլահ»ի պատասխանատուներուն հետ եւս արծարծուած է: Իսրայէլ փոխեց ռազմական հարուածի աշխարհագրութիւնը: Թէեւ առաջին անգամը չէր: Լիբանանի ներկայացուցիչները քանի մը անգամ շեշտած էին, որ հարաւային հատուածէն Պէյրութի արուարձաններ տեղափոխումը սահմանափակումի հասկացութենէն դուրս կու գայ:
Պլինքընի յայտարարութիւնը, թէ Ուաշինկթըն կապ չունի Թեհրանի գործողութեան հետ, քաղաքական ուղերձներ ունի, անշուշտ: Սա կը տեղաւորուի սահմաններուն մէջ այն անյստակ բանաձեւի, ըստ որուն ԱՄՆ կը զօրակցի Իսրայէլի ինքնապաշտպանուելու իրաւունքին, սակայն, կը յորդորէ, որ բախումները չվերածուին բաց պատերազմի: Աւելի՛ն: ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան նախարարը յայտնած էր, որ չի կարծեր, թէ Իսրայէլ-«Հիզպուլլահ» մեծ պատերազմը անխուսափելի է:
Պլինքընի յայտարարութեան մէջ կար այլ նշմարելի բաղադրիչ մը: Հանիյէի սպանութենէն ետք, Կազզէի մէջ կրակը պէտք է դադրի: Ըսել կ՚ուզուի, որ այս շրջադարձային դէպքը պէտք է մեկնարկ ծառայէ՝ հրադադարի հաստատման եւ անկէ ետք բանակցութիւններու սկսման:
Եւ որովհետեւ ցարդ Լիբանանի հարաւի գօտին ու Կազզէն կը փոխկապակցուին եւ մէկէ աւելի անգամներ պաշտօնապէս, համակողմանիօրէն յայտարարուած է, որ Կազզէի հրադադարը կրնայ առաջնորդել հարաւային գօտիի մէջ կրակի դադրեցման, ապա լուռ ձեւով այս պատգամը եւս կը փոխանցուի:
Իրանի հակազդեցութիւնը նոյնը չէ, անշուշտ: Ի վերջոյ, իր տարածքին վրայ սպաննուած է՝ Իրանի ռազմական աջակցութիւնը վայելող կազմակերպութեան առաջին դէմքը եւ, բնականաբար, բազմակի պատճառներով Իսրայէլի հարուածը ուղղուած է նաեւ անոր:
Իրան կը խոստանայ ցաւոտ հակահարուած հասցնել:
Ռազմական այս «բանակցութիւններ»ը արդէն տարածաշրջանին մէջ վարքագիծի վերածուած են՝ հակահարուած-հակահարուածի կշռոյթներով: Պարզ է, սակայն, որ Մաժտալ Շամսի մէջ տիւրզիներու վրայ ինկած հրթիռի դէպքը Թել Աւիւի կողմէ լիարժէք կը շահարկուի՝ «Հիզպուլլահ»ի եւ «Համաս»ի կարեւորագոյն դէմքերու չէզոքացման համար: Այս միտումը որքա՛ն կը բխի Իսրայէլի կողմէ ձեռնարկուած ցեղասպանական արարքներէն հանրային ուշադրութիւնը շեղելու մօտեցումէն, այնքան նաեւ կրնայ ներքին քաղաքական շարժառիթներ ունենալ:
Իսրայէլի վարչապետը պարզ է, որ պիտի շարունակէ պաշտօնավարել մինչեւ հրադադար կամ բանակցութիւններու մեկնարկ: Կայ լրջագոյն դժգոհութիւն իր վարած քաղաքականութեան դէմ եւ ատիկա կ՚արտայայտուի մեծածաւալ բողոքի ցոյցերով: Իսրայէլ չէ լուծած իր առաջադրանքները Կազզէի մէջ, ներքաշուած է Լիբանանի հարաւի, Կարմիր ծովու եւ վերջերս նաեւ Իրաքի ռազմակէտերուն մէջ: Իսրայէլի վարչապետին համար պատուաբեր ելքի պատուհաններու բացման կրնան ծառայել հեղինակաւոր դէմքերու չէզոքացման այս երկու հարուածները:
Այս առումով ալ կը բացատրուի Իսրայէլի յոխորտանքը. «Թեհրանի հրթիռակոծումը Իրանի տարածքներէն չէ»:
Այս յոխորտանքը հայկական ոսպնեակը կրնայ աշխատցնել: Պարզ է, որ յարձակումը այլ երկիրէ մեկնարկած է: Ռազմագիտական առումով, հաւանաբար, տեղէ մը, ուր Իսրայէլ ռազմական յենակէտեր ունի: Ատրպէյճան Իրանին սահմանամերձ երկիր է եւ Թեհրան շատ անհանգիստ էր բռնագրաւուած Արցախի տարածքներու վրայ Իսրայէլի ռազմակէտերու յայտնութենէն: Տակաւին վերջնական գնահատական չէ տրուած նաեւ Իրանի նախկին նախագահին մահուան պատճառներուն մասին: Յիշենք, որ անոր ուղղաթիռը ճամբայ ելած էր Ատրպէյճանէն դէպի Թաւրիզ:
Այս հանգամանքները կրնան կարեւոր բաժինները ըլլալ խճանկարի մը, ուր վառ են ԱՄՆ-ի եւ Իրանի գոյները: Այդ գունաւորումներէն կախեալ է նաեւ տարածաշրջանին մէջ բախումնայի՞ն թէ բանակցային գործընթացի մը մեկնարկը:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի