ՎԻՐԱՒՈՐԱԿԱՆ ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետին եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան Սրբազան Պապին հետ զրուցելու ընթացքին անդրադարձաւ Փարիզի Ողիմպիականներու բացման արարողութեան որոշ բաժիններուն մէջ ի յայտ եկած անբարոյական դրուագներուն՝ շեշտելով, որ անոնք ցասումի եւ հակազդեցութիւններու պատճառ դարձած են։ Ըստ Էրտողանի՝ կարծիքի ազատութեան եւ հանդուրժողութեան պատրուակով կ՚ոտնահարուի մարդկային արժանապատուութիւնը, կրօնական ու բարոյական արժէքները ծաղրանքի կ՚ենթարկուին, ինչ որ քրիստոնեայ աշխարհին չափ վիրաւորած է նաեւ մահմետականները։ Նախագահը համոզուած է, թէ այս բոլորին դէմ պէտք է միասնաբար ձայն բարձրացնել եւ համատեղ դիրգորոշում մը որդեգրել։ Էրտողանի խօսքով՝ Ողիմպիականները մարդկութիւնը միացնելու նպատակով կը կազմակերպուին, սակայն, աշխարհի մատնուած բարոյական անկումի ահազանգը կը համարուին՝ կրօնական արժէքներու դէմ կարդացուած ասպարէզն ու զարտուղի քարոզչութիւնները։
Նախագահ Էրտողան Սրբազան Պապի հետ զրոյցի ընթացքին արծարծեց նաեւ Կազզէի պատերազմը։ Ան ընդգծեց, որ Իսրայէլի յարձակումները վերածուած են ցեղասպանութեան մը, մարդասիրական լուրջ տագնապ մը ստեղծուած է եւ Իսրայէլ այդ սպանդները կ՚իրականացնէ՝ կարգ մը պետութիւններու կողմէ ապահովուած դիւանագիտական, զինուորական ու ռազմական հովանոցին ներքեւ։
Նախագահին խօսքով՝ «Համաս»ի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէի դէմ մահափորձը, Լիբանանի վրայ կատարուած յարձակումները հերթական անգամ ի յայտ կը բերեն, որ Իսրայէլ սպառնալիք մըն է ամբողջ տարածաշրջանին, աշխարհին ու մարդկութեան դէմ։ Մանաւանդ Պաղեստինի մահմետականներու եւ քրիստոնեաներու անդորրին համար անյապաղ շարժման պէտք է անցնիլ՝ ձեւաւորելով համամարդկային դաշինք մը։
Զրոյցի ընթացքին Էրտողան ընդգծեց նաեւ, որ եթէ Սրբազան Պապը յաչս Իսրայէլին աջակից երկիրներուն շփումներու ձեռնարկէ, ապա սա կրնայ նպաստել յարձակումներու կասեցման ու յարատեւ խաղաղութեան ապահովման՝ նախքան տարածաշրջանի եւ աշխարհի քաղաքական, անվտանգային ու հասարակական դրուածքի մշտական վնասներու ենթարկուիլը։
Իր կարգին, Սրբազան Քահանայապետը Էրտողանին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ խաղաղութեան համար գործադրած ջանքերուն եւ կրօնական արժէքներուն կապակցութեամբ ցուցաբերած զգայնութեան համար։
Էրտողան-Պայտըն զրոյցի ընթացքին ալ շօշափուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, նաեւ տարածաշրջանային ու համաշխարհային իրադարձութիւնները։ Պայտըն Էրտողանին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Թուրքիոյ միջնորդութեամբ կազմակերպուած պատանդներու փոխանակման համար։ Արդարեւ, ՄԻԹ-ի համակարգմամբ, երէկ, Անգարայի «Էսէնպողա» օդակայանին մէջ տեղի ունեցաւ՝ եօթ տարբեր երկիրներէ 26 լրտեսի փոխանակումը։ Այդ երկիրներն էին՝ ԱՄՆ, Գերմանիա, Լեհաստան, Սլովենիա, Նորվեկիա, Ռուսաստան եւ Սպիտակ Ռուսիա։ Սա եղաւ վերջին շրջանի ամենածաւալուն փոխանակումը, ինչ որ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Էրտողան-Պայտըն զրոյցի ընթացքին։ ԱՄՆ-ի նախագահը երախտագիտութիւնը յայտնելու ժամանակ շեշտեց, որ Թուրքիան վստահելի բարեկամ մըն է։ Էրտողան դիտել տուաւ, որ Անգարա Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւնները բոլոր բնագաւառներու մէջ զարգացնելու համար կ՚ընէ հնարաւորը եւ նոյն ձեւով պիտի շարունակէ։
Էրտողան Պայտընի նկատառման յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի վարչախումբը իւրաքանչիւր քայլափոխին ցոյց կու տայ, թէ հրադադարի ու խաղաղութեան չի ձգտիր։ Ան շեշտեց, որ Նեթանիյահուի ԱՄՆ այցելութեան օրերուն քոնկրէսի մէջ ի յայտ եկած դրուագները խոր հիասթափութեան պատճառ դարձած են Թուրքիոյ եւ աշխարհի մէջ։ Բաց աստի, նախագահը պաշտօնակցին հետ զրուցելու ժամանակ մտահոգութիւն յայտնեց, թէ Հանիյէի սպանութիւնը լուրջ հարուած մը եղած է հրադադարի ջանքերուն դէմ՝ մինչ Իսրայէլ կը ջանայ Կազզէի հրդեհը ընդլայնել ամբողջ տարածաշրջանին մէջ։