ԱՆԿԵՂԾ ԿՈՆԴԱԿ ՄԸ
Ընդհանրապէս հայրապետական կոնդակներ չկարդալու սովորութիւն մը ունիմ, որովհետեւ այսպէս կամ այնպէս այդտեղ գրուածները լսած կամ կարդացած ենք նախապէս. պարզապէս տարբեր է ստորագրութիւնն ու ոճը՝ շատ անգամ հրատարակուած աւանդութիւն մը վառ պահելու համար: Սակայն այսօր ձեռքս անցաւ բազմահազար կոնդակներէն տարբերուող այլ կոնդակ մը՝ գրուած երջանկայիշատակ Գէորգ Ե. Սուրէնեանց Կաթողիկոսի կողմէ, գրուած մեր թուականէն 112 տարիներ առաջ՝ կիրակի, 29 սեպտեմբեր 1912 թուականին:
Ընդհանրապէս կոնդակները առիթով մը կը գրուին, սակայն Գէորգ Կաթողիկոս կ՚ուզէ առանց առիթի գրել իր անդրանիկ կոնդակը եւ զայն փոխանցել հայ ժողովուրդին: Իր կոնդակի սկիզբը հայրապետը կը յիշէ բոլո՛ր անոնք, որոնք այսպէս կամ այնպէս կը նպաստեն ազգային եւ եկեղեցական գործին, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ եւ զանոնք կը կոչէ «Նժդեհ»ներ, «որք ի մէջ այլալեզու եւ այլակրօն ազանց տարագրեալք» կը շարունակեն պայքարիլ պահելու համար իրենց հայութիւնը, աւանդութիւններն ու սրբութիւնները:
Կը յայտնէ, թէ ժողովուրդին ընտրութիւնը Աստուծոյ կամքը ցոյց կու տայ եւ եթէ ինք անարժանաբար հրաւիրուած է կաթողիկոսանալու շնորհքին, ապա այդ մէկը պարտի կատարել՝ ունենալով գիտակցութիւնը, որ այդ մէկը իր ուսերուն վրայ կը դնէ ծանր պատասխանատուութիւն մը: Վեհափառ Հայրապետը կը խոստովանի, թէ այդ պատասխանատուութեան դիմաց «սարսիմք եւ զարհուրիմք», որովհետեւ այդ բեռը որ կը դրուի իր ուսերուն՝ ծանր է, սակայն կու գայ միասնութեան կարեւորութիւնը շեշտելու՝ ըսելով, որ այդ ծանր բեռը թեթեւ կ՚ըլլայ, նկատի ունենալով, որ ի՛նք որպէս կաթողիկոս մինակ չէ եւ իր հետ ունի լծակիցներ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի պատրիարքութիւնները, իրենց միաբանութիւններով, որովհետեւ Գէորգ Կաթողիկոս կը հաւատայ, թէ «օգնութեամբ եղբարց եւ զաւակաց Մերոց կարեմք լցուցանել զպէտս կարեաց Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ»:
Վեհափառ Հայրապետը այստեղ յստակ ձեւով կ՚ընդգծէ, թէ երկու կաթողիկոսութիւններուն ու պատրիարքութիւններուն հասարակաց ու ամենէն կարեւոր գիծը ժողովուրդի կարիքները հոգալն է եւ այդ սրբազան առաքելութեան մէջ անոնք միայն իր հետ, իրարու գործակից ըլլալով կրնան շատ աւելի առողջ ու դրական արդիւնքներ ձեռք բերել: Իր կոնդակին մէջ Գէորգ Կաթողիկոս իր առաջին խօսքը կ՚ուղղէ իր լծակից եղբօր՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ այդ թուականներուն հայ ժողովուրդը դժբախտ վիճակ մը կ՚ապրէր՝ մանաւանդ Ատանայի կոտորածներէն ետք. իր աղօթքը բարձրացնելու Գէորգ Կաթողիկոս կ՚ըսէ. «աղաչեմք զԱստուած լինել օգնական եւ զօրավիգ Ձեզ առ ի ամոքել զվիշտս եւ զտառապանս ժողովրդեան ի մխիթարութիւն Մեր, Ձեր եւ համօրէն ազգիս»։ Ետքը մէկ առ մէկ իր խրախուսական խօսքերը կ՚ուղղէ պատրիարքներուն. կ՚անցնի եպիսկոպոսներուն եւ կ՚ուզէ յիշեցնել, թէ ինչ մեծ պաշտօն մըն է եպիսկոպոսութիւնը եւ կը մաղթէ ըսելով «նախ քան զամենայն ի միտ առնուլ զվեհութիւն պարտուց աստիճանիդ, զոր ունիք»:
Գէորգ Կաթաղիկոս իր կոնդակին մէջ կը յիշէ բոլոր եկեղեցւոյ սպասաւորները, պաշտօնեաները, մեծատուները, որոնք Յոբի օրինակով մի՛շտ եկեղեցւոյ եւ ազգի կողքին կը մնան. սակայն մեզ ամենէն շատ գրաւողը Վեհափառ Հայրապետին ուսուցիչներներու ուղղած խօսքն է: Կաթողիկոսը կը գրէ, թէ հայրն ու մայրը մանուկի մարմնական պէտքերը կը հոգան, սակայն «դուք էք դաստիարակք եւ կրթիչք, դուք էք մարզիչք նոցա ի պէսպէս գիտութիւնս եւ ի բարոյական կրթութիւնս». այս համոզումով եւ գիտակցութեամբ կը յորդորէ ուսուցիչներուն. «կրթեցէք զհոգի մանկանց երկիւղիւն Աստուծոյ, զի ի տղայ տիոց ընտելացեալ բարի գործոց». կը յորդորէ, որ տղայոց չափ կրթել նաեւ աղջիկները եւ հայ աշակերտը աշխատասէր մտաւորական դարձնել, «բարի եւ սիրող առ ընկերակիցս, կարգապահ եւ համեստ. եւ ո՛չ միայն բանիւ բերանոյ, այլ եւ օրինակաւ անձին ձերոյ եղերուք դաստիարակք»:
Գէորգ Կաթողիկոս կարեւորութեամբ կը շեշտէ գաւառի վիճակը, որովհետեւ գաւառներու մէջ կրթութիւնն ու ուսումը շատ աւելի խեղճ ու կրակ վիճակի մէջ կը գտնուէին՝ քան քաղաքը եւ գրելէ ամէ՛ն մարդ իր ջանքն ու ուժը կեդրոնացուցած էր քաղաքի մէջ՝ մոռնալով բազմահազար հայութիւնը՝ որոնք գաւառներու մէջ ձուլուելու վտանգին դէմ յանդիման կը գտնուէին։ Գաւառի վիճակը այսպէս կը ներկայացնէ Գէորգ Կաթողիկոս. «գտանի յանձուկ վիճակի եւ խարխափէ ի գիտութեան, ոչ կարէ անթերի լցուցանել զպէտս եւ զկարիս ընտանեկան անհրաժեշտ պիտոյից եւ ոչ հոգ տանիլ ուսման մատաղերամ զաւակաց իւրեանց»:
Իր անդրանիկ կոնդակին մէջ Գէորգ Կաթողիկոս կը յիշէ նաեւ հողագործը, հացագործը եւ ձեւով մը կը փորձէ հաւասարապէս օրհնել հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակները՝ անկախ իրենց պաշտօններէն, աստիճանէն ու վայրէն: Իր խօսքը կ՚ուղղէ տղամարդոց, ինչպէս նաեւ հայ կիներուն եւ կը խօսի ամէն մէկուն պատասխանատուութեան մասին եւ ամբողջ հայ ժողովուրդը Քրիստոսի արեան եւ մարմնի ճամբով կը կոչէ սննդակից եւ որպէս վերջաբան կը խոստանայ հաւատարիմ մնալ բոլոր այն կանոններուն, որոնք հաստատուած են մեր նախահայրերուն կողմէ. կը խոստանայ նեղութեան պարագային չտկարանալ, այլ միայն յուսալ Աստուծոյ, որպէսզի տայ ուժը ի գործ դնելու բոլոր պարտաւորութիւնները:
Կաթողիկոսը իր անդրանիկ կոնդակին մէջ կը խնդրէ հայ ժողովուրդի զաւակներէն, որ նախապէս զինք ներէ բոլոր այն թերութիւններուն համար, որոնք կամայ տեղի պիտի ունենան եւ կը խնդրէ, որպէսզի ժողովուրդը իրենց աղօթքներուն մէջ զի՛նք եւս յիշէ, որպէսզի Աստուած արժանի ընէ այդ դժուարին սակայն քաղցր լուծը թեթեւութեամբ տանելու:
Ահաւասիկ, կաթողիկոսի մը անկեղծ արտայայտութիւններն ու խօսքերը՝ որոնք հոգեհարազատ են ժողովուրդին, որովհետեւ թէ՛ կաթողիկոսը, թէ՛ նախագահը, թէ՛ վարչապետը առանց ժողովուրդի նեցուկին՝ չի կրնար գոյատեւել:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ծնողներուն մեծագոյն սխալը ի՞նչ է:
Պատասխան. Ծնողներու մեծագոյն սխալներէն մէկն է սեփական անկատար երազներն ու ձգտումները իրենց զաւակներուն պարտադրելը: Այս մէկը կրնայ ճնշուածութեան զգացում արթնցնել զաւակներու մօտ, որովհետեւ զաւակը ինքզինք հարկադրուած կը զգայ այդ ակնկալիքները բաւարարելու, որոնք չեն համապատասխաներ իրենց սեփական կիրքերուն ու հակումներուն: Նման մօտեցում մը կրնայ խեղդել զաւակին անհատականութիւնը եւ լուրջ խնդիրներ ստեղծել զաւակ-ծնողք յարաբերութեան մէջ: Պէտք է զաւակներուն խրախուսել իրականացնելու համար իրենց երազները, տաղանդներն ու հետաքրքրութիւնները՝ հասնելու ընդհանուր բարեկեցութեան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան