ՊԱՏՄԱԿԱՆ՝ Կ.ՊՈԼՍՈՅ ՀԱՅԵՐՈՒՆ
Բիւզանդական կայսրութեան գոյութեան ժամանակներէն հայերը՝ չնայելով յունաց կրօնական հալածանքներուն, անընդհատ գաղթած են դէպի Կ.Պոլիս եւ այնտեղ բնակութիւն հաստատած եւ նոյնիսկ իշխանութեան եւ կայսրութեան հասած են։ Ե. եւ Զ. դարերուն հայոց թիւը Կ.Պոլսոյ մէջ մօտաւորապէս 3000 էր հաւանաբար, սակայն անշուշտ, մեծ մասամբ «հոռոմացած»։
Յունաց կրօնական հալածանքներու բուռն շրջանին՝ ԺԲ. եւ ԺԳ. դարերուն՝ Բիւզանդիոնի հայ համայնքը մեծ բազմութիւն մը չէր կազմեր եւ ուրեմն առանձին եպիսկոպոսութիւն չունէր, բայց վերջերը՝ ԺԴ. դարուն, երբ Բիւզանդական կայսրերը տկարացան, հայ գաղթականութիւնը՝ մանաւանդ կիլիկեացիներ, բազմացան, ան հաստատուեցաւ Ղալաթիոյ մէջ 1300 թուականին, ճենովական գաղութին մօտ։
1391 թուականին, Թէոդրոս Բ. Կաթողիկոսի (Տ. Թէոդորոս Բ. Կիլիկեցի. 1382-1393) օրով, Կոմս անուանով քէֆէցի հայ վաճառական մը, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին շինեց։
Այս գաղթականութեան առաջին եպիսկոպոսն էր Յուսիկ, որ 1307 թուականի Սսի ժողովին ներկայ եղաւ, որը կը կոչուի «եպիսկոպոս Ստինպոլայ»։ Սսի ժողովը հայ եւ միւս քրիստոնէական եկեղեցիներու միութիւնը ընդունեց։ Այս թուականէն յետոյ Կ.Պոլսոյ հայ եպիսկոպոսներ միաժամանակ (1433 թուականին) կը յիշուին Յովհաննէս եւ Եսայի արքեպիսկոպոսներ՝ որոնց Եւգենիոս Դ. Պապը կ՚առաջարկէ Փլորենտիայի ժողովին մասնակցիլ. իսկ անոնք՝ յայտնելով Հայ Եկեղեցւոյ դաւանութիւնը, կը խոստանան այդ մասին իրենց Կաթողիկոսին ծանուցանել եւ տեղեկութիւն տալ։
Միաժամանակ նոյն քաղաքին մէջ եպիսկոպոսներու ներկայութիւնը հաստատել, թէ հայ գաղութը Կ.Պոլսոյ մէջ բաւական մեծ էր՝ երկու եպիսկոպոսներ երկու կամ աւելի թաղերու մէջ անշուշտ։ Այսպէս, ուրեմն 1433 թուականէն յետոյ, երբ 1453 թուականին Սուլթան Մեհմէտ Բ. Կ.Պոլիսը առաւ, այնտեղ արդէն կար բաւական մեծ գաղութ, մանաւանդ Ղալաթիոյ մէջ։
Կ.Պոլիսի առումէն ութ տարի վերջ՝ 1461 թուականին Սուրթան Մեհմէտ Բ. հայ գաղթականներու հետ Պոլիս կանչեց իր երբեմնի ծանօթ Յովակիմ Եպիսկոպոսը, որ Կուտինայի (Քիւթահիա) եւ Պրուսայի (Պուրսա) հայոց առաջնորդ էր եւ անոր առանձին հրովարտակով (ֆէրման)՝ «փաթրիկ», այսինքն պատրիարք կարգեց։
Ահա, այս ժամանակէն սկսաւ Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութիւնը։
Հայոց պատրիարքութեան իրաւասութեան սահմանը սկզբնապէս ընդարձակ չէր. այդ իրաւասութիւնը սահմանափակուած էր Փոքր Ասիոյ (Անատոլու) մի քանի մերձաւոր մասերով. բայց հետզհետէ Օսմանեան տէրութեան ընդարձակուելովը՝ բարձրացաւ նաեւ մայրաքաղաքի հայ եպիսկոպոսի դիրքը։ Ան դարձաւ միւս թեմերու առաջնորդներու ներկայացուցիչը եւ անոնց հաստատութեան հրովարտակը ստացողը։
Կախում ունենալով կրօնական խնդիրներու մէջ Հայոց ընդհանուր Հայրապետութենէն՝ Կ.Պոլսոյ հայ պատրիարքները Օսմանեան տէրութեան առջեւ պատասխանատո՛ւ էին հայ հպատակներու բոլոր գործունէութիւններու համար. ուստի եւ կարեւոր դէպքերուն անոնք կ՚օգտուէին տէրութեան միջոցներէն։
Կ.Պոլսոյ Պատրիարքութեան, նախապէս կ՚ենթարկուէին քսան առաջորդութիւններ.
1- Էտիրնէ, 2- Թեքիրտաղ, 3- Կեսարիա, 4- Ամասիա, 5- Պրուսա, 6- Սեբաստիա, 7- Ակն, 8- Շապին-Գարահիսար, 9- Թոմարզա, 10- Տրապիզոն, 11- Երզնկա, 12- Ուրֆա, 13- Արմաշ, 14- Էնկիւրի (Գաղատիա-Անգարա), 15- Թոքատ, 16- Տիարպեքիր, 17- Էրզրում, 18- Կարս, 19- Ախալցխա եւ 20- Ռումելի։
Առաջին 13 առաջնորդութիւնները կապ ունէին անմիջաբար Կ.Պոլսոյ Հայ Պատրիարքութեան հետ. յաջորդ թեմերը՝ թէեւ առաջնորդական իշխանութեան կողմէ դարձեալ Կ.Պոլսոյ հետ կապուած էին, բայց այնտեղ կը գործէին նաեւ Մայր Աթոռի նուիրակները։ Իսկ Վան, Մուշ, Պայազիտ, Զմիւռնիա (Իզմիր), Պաղտատ եւ այլն Տէրունի, այսինքն՝ Մայր Աթոռին ենթարկուող վիճակներ էին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 1, 2024, Իսթանպուլ