«ՊՈԼԻՍ ԼՈՒՍԱՏՈՒ»Ի ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ԿԸ ԿՐԿՆՈՒԻ ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ

Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ բացուեցաւ «Պոլիս լուսատու» լուսանկարիչներու խմբաւորման կողմէ կազմակերպուած ցուցահանդէս մը։ Իրականութեան մէջ, այս ձեռնարկը կրկնութիւն մը է, որովհետեւ «Պոլիս լուսատու»ի խնդրոյ առարկայ ցուցահանդէսը արդէն շաբաթներ շարունակ Թոփհանէի «Tütün Deposu»ին մէջ էր եւ արժանացած՝ գեղարուեստասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։ Նկատի ունենալով, որ այդ ցուցահանդէսի կազմակերպման նպաստը բերած էր նաեւ Կղզեաց թաղային խորհուրդը՝ երէկ երեկոյեան, այս անգամ ամրան շրջանին, Գնալըի բարձունքին այս ձեռնարկը կրկնուեցաւ։ Ցուցահանդէսի վերաբացման ալ պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան, որու կողքին էին հոգեւոր հայրեր։

«Պոլիս լուսատու»ի ցուցահանդէսը կը կոչուի «Վարպետ ձեռքերու կախարդանքը» (Usta Ellerin Sihri), որ կ՚ընդգրկէ բազմատասնեակ իսկապէս եզակի եւ շատ որակեալ դրուագներ, որոնք որսուած են տուեալ խմբաւորման լուսանկարիչներու ոսպնեակով։ Այժմ արդէն գրեթէ կորստեան մատնուած արհեստներու վարպետները՝ աշխատանքի գլուխ կը ներկայացնեն այդ դրուագները, որոնք մեծ ներուժ ունին ժամանակներու մէջ արժեւորուելու։

Երէկուան երեկոյթը ունէր առանձնայատկութիւն մը, որովհետեւ, միեւնոյն ժամանակ, շնորհանդէս մըն էր։ Ցուցահանդէսի Գնալըի բարձունքի վերաբացման հասած էր ալպոմ-գրքին տպագրութիւնը։ Բոլորին համար հետաքրքրական էր այդ մէկուն ծանօթանալը, քանի ալպոմ-գրքին շնորհիւ ցուցահանցէսը հետաքրքիրներու գրադարանին մէջ մնայուն ներկայութեան կը վերածուի այս ձեւով։

Յայտագրի սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան։ Լուսանկարիչներու անունով արտայայտուեցան՝ Մկրտիչ Արծիւեան, Տիգրան Տիւլկէրեան եւ Տայք Տանձիկ։ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեանն ալ ներկաներուն հետ բաժնեց իր խոհերն ու զգացումները։ Երաժշտական կատարումներով հանդէս եկաւ Ճուլիա Դաւիթ։ Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արտասանեց շնորհաւորութեան խօսք մը, որու մէջ բաժին կար թէ՛ լուսանկարիչներուն եւ թէ լուսանկարուած վարպետներուն, որոնցմէ ոմանց ներկայութիւնը տարբեր իմաս մը վերագրեց երէկուան ձեռնարկին։

Շաբաթ, Օգոստոս 3, 2024