ՔՐԻՍՏՈՍ ՄԵՐ ՕԳՆԱԿԱ՛ՆՆ Է
Մէկէ մը օգնութիւն ստանալու համար պէտք է, որ անոր վստահինք, ապաւինինք՝ աներկբայ, անվարան եւ առանց տարակուսելու։ Եւ մարդ միշտ պէտքը կը զգայ զինք ապահովութեան մէջ պահող օգնականի մը։ Եւ ահա այդ վստահելի օգնականը Յիսուսն է՝ որ միշտ պատրա՛ստ է մեզ պահելու ապահովութեան մէջ եւ փրկելու՝ ամէն տեսակ չարութիւններէ եւ չարագործ մարդոցմէ։ Այնպիսիներ չեն պակսիր մարդուս կեանքին մէջ, բայց ամենավստահելին կը փրկէ մարդս՝ բաւ է որ փնտռէ զԱյն եւ ապաւինի Անոր։
«Ես եմ կեանքի հացը», կ՚ըսէ Յիսուս։ Անոր Խօսքը կեանքն իսկ է. կենդանի հա՛ցը։ Արդարեւ, մարդ պէտք է անդրադառնայ, որ մարդկային տեսողութենէն եւ կարողութենէն վեր իրականութիւններ կան եւ այդ կարողութիւնները կը յայտնուին որպէս հրաշքներ։ Մենք պէտք է գիտնանք, թէ կեանքի մէջ, կեանքին ընթացքը որոշող «հոգեւոր սնունդ» մը կայ, եւ մարդուս համար կարեւորը այդ հոգեւոր սնունդն է, քան նիւթական սնունդը։ Բայց մարդիկ, ընդհանրապէս, նիւթական-ֆիզիքական պէտքերը կը հոգան եւ կ՚անտեսեն «հոգեւոր»ը։ Մինչդեռ «Մեր հաղորդակցութիւնը Հօրը հետ է եւ Իր Որդիին Յիսուս Քրիստոսի հետ». (Ա ՅՈՎՀ. Ա 3)։ Եւ «Սկիզբէն էր Բանը եւ Բանը Աստուծոյ քով էր եւ Բանը Աստուած էր… Բանը մարմին եղաւ եւ մեր մէջ բնակեցաւ». (ՅՈՎՀ. Ա 1-2 եւ 14)։ Արդարեւ, Յիսուս միշտ նո՛յնն է. երէկ, այսօր եւ վաղը։
Ուստի, Աստուծոյ Խօսքը՝ Քրիստոսը հաղորդակից կը դարձնէ մեզի եւ Ան կ՚ապրի մեր մէջ։ Երկիր եւ երկինք կ՚անցնին, բայց Անոր Խօսքը կը մնայ յաւիտեա՛ն։
Այս իմաստով՝ Աստուածաշունչ մատեանը իր ամէն մէկ խօսքով մեզ կը մօտեցնէ եւ հաղորդակից կը դարձնէ Աստուծոյ։ Եւ Խօսքին միջոցով Աստուած կը յարաբերի, կ՚առնչակցի մեզի հետ, մտերմութիւն մը կը հաստատուի Հօր եւ որդիի միջեւ։ Ուստի, Աստուծոյ հետ յարաբերուելու առաջին պայմա՛նն է Աստուածաշունչ կարդալ, քանի որ ան Աստուծոյ շունչին արտայայտութիւնն է։
Աստուծոյ հետ յարաբերուելու միջոց մըն է նաեւ Ս. Հաղորդութիւն ստանալ՝ որով Յիսուս Քրիստոս կը բնակի մեր մէջ։ Ինչ որ կը նշանակէ՝ կեանքի հացին հաղորդակից դառնալ։ Յիսուս Վերջին ընթրիքին երբ Հացը եւ Գինին բաժնեց իր աշակերտներուն՝ որպէս Իր Մարմինը եւ Արիւնը, պատուիրեց, որ այդ կատարուի Իր յիշատակին համար։
Աստուած մարդուն՝ Իր բանաւոր արարածին «ազատ կամք» շնորհեց, ինչ որ կը նշանակէ Աստուծոյ Խօսքով եւ կամքով խորհիլ, խօսիլ եւ գործել եւ կամ առանց Աստուծոյ կամքին։ Եւ մարդ երբ իր ազատ կամքով նախընտրէ Աստուծոյ կամքով ապրիլ՝ հաղորդակից կ՚ըլլայ Անոր եւ կ՚արժանանայ բարիքներու։
Այդ բարիքներուն արժանանալու համար փնտռենք եւ հաղորդակից ըլլանք Յիսուս Քրիստոսի, որով պիտի վայելենք յաւիտենական կեանքը։ Եւ Քրիստոս պատրա՛ստ է մեզ ընդունիլ Իր մէջ, բա՛ւ է որ մենք պատրաստ ըլլանք զԱյն ընդունիլ մեր մէջ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 6, 2024, Իսթանպուլ