ՀԱՒԱՏՔԻ ՄԱՍԻՆ

Պօղոս առաքեալ հաւատքը կը բացատրէ սա խօսքերով. «Արդ հաւատքը յուսացած բաներուն հաստատութիւնը եւ չերեւցած բաներուն ապացոյցն է». (ԵԲՐ. ԺԱ 1)։

Իսկ Յովհաննէս աւետարանիչ կը վկայէ. «Այն ատեն ներս մտաւ միւս աշակերտն ալ՝ որ առաջ գերեզմանը եկեր էր. տեսաւ եւ հաւատաց։ Քանի որ դեռ գրուածը չէին գիտեր, թէ պէտք էր որ Անիկա մեռելներէն յարութիւն առնէ». (ՅՈՎՀ. Ի 8-9)։ Եւ այսպէս, Յովհաննէս տեսաւ եւ հաւատա՛ց։ Ուստի, ան յիշեց Յիսուսի խօսքը. «Քակեցէք այս տաճարը, եւ երեք օրուան մէջ պիտի կանգնեցնեմ զայն». (ՅՈՎՀ. Բ 19)։ Եւ ան հաւատաց, որ Յիսուսի յարութիւնը քրիստոնէական հաւատքի հի՛մն է։

Կը պատմուի, թէ փոքրիկ տղայ մը իր դրացի ընկերը տուն կը հրաւիրէ։ Դրացի ընկերը չէր ճանչնար Յիսուսը, քանի որ Անոր մասին ոչինչ լսած էր։ Եւ Յիսուսի յարութիւնը կը լսէ առաջին անգամ։ Տունը երբ կը դառնայ՝ արձան մը կ՚առնէ եւ պարտէզը կը թաղէ։ Ամէն օր կ՚երթայ եւ կը նայի, բայց արձանը տեղէն չի շարժիր… եւ տղան կը հաւատայ Յիսուսին։

Անշուշտ արձան մը կամ որեւէ անկենդան բան տեղէն պիտի չշարժի. բնութեան օրէնքն է ասիկա. բայց այսօր, գիտենք որ բոլոր գերեզմանները իրեց եղածին պէս անշարժ մնացած են. գիտենք նաեւ որ Քրիստոսի գերեզմանը պարապ է։ Քրիստոսէ դա՜րեր առաջ մարգարէներ մարգարէացած էին, որ Յիսուս պիտի մեռնի եւ յարութիւն պիտի առնէ։ Եւ սակայն Քրիստոսի աշակերտները չէին հասկցած ասիկա։

Ուստի, քրիստոնեայ հաւատացեալը կը հաւատայ, կը պաշտէ «խաչեալ» եւ «յարուցեալ» Քրիստոսը։ Եւ Քրիստոսի աշակերտ է ան՝ որ այս ճշմարտութեան կը հաւատայ։ Այս իսկ պատճառով Յիսուս ըսաւ. «Խաղաղութիւն ձեզի, ինչպէս Հայրը զիս ղրկեց, ես ալ ձեզ կը ղրկեմ». (ՅՈՎՀ. Ի 21)։ Որովհետեւ Ան գիտէ, որ շատեր «քրիստոնեայ» կ՚անուանուին, բայց չեն գիտեր, չեն ճանչնար եւ հետեւաբար՝ չեն հաւատար Իրեն։ Քանի որ կոչեցեալ եւ կարծեցեալ «քրիստոնեայ»ն չէ՛ հաւատացեալ քրիստոնեան՝ ճշմարիտ քրիստոնեան։

Հոս, պահ մը անդրադառնանք Թովմաս առաքեալի հաւատքի հասկացողութեան։

Շատերու, անշուշտ ծանօթ է դէպքը, բայց անգամ մը եւս յիշենք։

Թովմաս առաքեալ աշակերտներուն հետ չէր, երբ Յիսուս յարութենէն ետք երեւցաւ։ Եւ չհաւատա՛ց։ Ութ օր ետք Յիսուս դարձեալ եկաւ եւ ցոյց տուաւ Իր վէրքերը՝ խաչի վրայ ստացած։ Եւ Թովմաս առաքեալ այն ատեն միայն հաւատաց։

Յիսուս կ՚ըսէ. «Երանի՜ անոնց որ չեն տեսած եւ կը հաւատան». (ՅՈՎՀ. Ի 29)։

Կան ոմանք՝ որ կ՚ըսեն. «Ես ալ եթէ տեսնէի, կը հաւատայի»։ Բայց Յիսուսի ժամանակ շատեր տեսան զԻնք, իր հրաշքները, ականատես եղան, բայց տակաւին չհաւատացին։

Արդարեւ, նախապաշարուած եւ կաշկանդուած միտքերու եւ սառ եւ կարծրացած սիրտերու համար դժուար է հաւատալ։

Մարմնապէս կոյրերու համար շատ աւելի դիւրին է հաւատալ, ինչպէս եւ կը վկայէ Աւետարանը, քան հոգիով կուրացածներու համար, որոնք կ՚ապրին մութի եւ խաւարի մէջ։

Հաւատալու համար, սիրելի՜ներ, շատ փաստեր կը գտնենք ամէնուրեք, ամէն պահ, եթէ ուշադրութեամբ՝ հոգեւոր աչքով դիտենք մեր շուրջը, արդարեւ, հաւատքը փաստի եւ ապացոյցի չի կարօտիր, քանի որ ան կը բխի մեր սիրտէն եւ մենք միշտ կ՚ապրինք հաւատքի բարիքները, քանի որ ճշմարիտ եւ հաստատ հաւատքը ճշմարտութի՛ւնն իսկ է, եւ ան երբեք պէտք չունի փաստի եւ ապացոյցի։ Լոյսը չի՛ կարօտիր փաստի, քանի որ ի՛նք է իր փաստը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 7, 2024, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 8, 2024