ԱՆՄԻԱԲԱՆ ՄԻԱԲԱՆԵԱԼ ԱԶԳԵՐԸ

Յաճախ օտարներ հարց կու տան, թէ ինչո՞ւ համար մերթ ընդ մերթ հայ ժողովուրդը «կ՚ատէ» թուրք ժողովուրդը, իսկ թուրքը՝ հայը. ամէ՛ն սփիւռքահայ նուազագոյնը անգամ մը ընդունած է այս հարցումը եւ այսպէս կամ այնպէս փորձած է խօսիլ արդէն իսկ դարաւոր անցեալ մը ունեցող դժբախտ պատահարներու մասին. սակայն ատելութիւնը միշտ ալ եղած է յարաբերական, որովհետեւ ատելութեան կողքին եղած է նաեւ սէրը եւ այդ երկուքը իրենք իրենց միջեւ բաժնուած է մի քանի տասնեակ խմբաւորումներու:

«Սէր»ը մեր օրերուն յատուկ իրողութիւն մը չէ. նոյնիսկ մեր թուականէն աւելի քան դար մը առաջ թուրքեր եւս կը գիտակցէին հայերու ունեցած կարեւորութեան. օրինակ՝ Թուրքիոյ մէջ 1908 թուականին հիմնուած «Թանին» թերթը 1910 թուականին հրատարակած խմբագրականին մը մէջ կը գրէ. «...անոնք (թուրքերը, հայերը եւ քիւրտերը) իրարու թերին կը լրացնեն եւ արեւելեան կեանքին համար երեքն ալ անհրաժեշտ են»: Խմբագիրը խօսելով «լրացնել» հասկացութեան մասին՝ կը գրէ. «...քիւրտը պատերազմիկ, հողագործ եւ պահպանողական ցեղ է, հայը առեւտրական, ձեռներէց եւ ուսումնասէր ցեղ է, եւ երկուքն ալ եղած են զիրար հասկնալու եւ իրարու գործակցելու համար»:

Խմբագիրը այս երեք ազգերուն միատեղ ապրիլը դրական կը գնահատէ, դիտել տալով, որ իւրաքանչիւրը ունի իր յատուկ դերն ու բաժինը՝ ընկերային կեանքը բարելաւելու, հակառակ անոր, որ կամայ թէ ակամայ, անոնց միջեւ յաճախ անմիաբան վիճակ մը կը ստեղծուի: Այս անմիաբան վիճակը խմբագիրը կը բացատրէ հետեւեալ բառերով. «Համիտ զայրացաւ հայերուն, ուստի եւ քիւրտերը հայոց վրայ արձակեց» եւ ըստ խմբագիրին, այս է պատճառը հայերու եւ քիւրտերու միջեւ ստեղծուած վիհին:

Սակայն խմբագիրը կառուցողական ըլլալ ուզելով՝ երեք կողմերն ալ կը հրաւիրէ «իրաւախոհութեան» եւ խորհուրդ կու տայ անցեալը մոռնալ եւ «այսուհետեւ համերաշխութեամբ գործել» ու ապրիլ: Այդ ժամանակաշրջանին երեքն ալ ունեցան բախումներ եւ, բնականաբար, երեքն ալ ամէն ձեւով փորձեցին պաշտպանել իրենց իրաւունքը՝ նոյնիսկ զէնքի եւ ուժի գործածութեամբ եւ, վստահաբար, այդ ուժի գործածութիւնը սեփական պաշտպանութենէն անդին դիտուեցաւ որպէս ըմբոստութիւն: Սակայն գալով ատելութեան ու սիրոյ, պէտք է նկատի ունենալ, որ շատ անգամ քաղաքական նիւթերը վեր ու տարբեր է հասարակ ժողովուրդի ապրելակերպէն. օրինակ՝ լիբանանցին ատելութիւն մը չունի իսրայէլացիին հանդէպ եւ ո՛չ ալ իսրայէլացին՝ լիբանանցիին, սակայն, որովհետեւ պետական գետնի վրայ գոյութիւն ունին խնդիրներ, անոնք բնականաբար կը դառնան թշնամիներ՝ շատ անգամ առանց իսկ հիմնական պատճառը գիտնալու: Այսօր նոյնն է պարագան նաեւ հայուն եւ թուրքին. այսօր կան բազմաթիւ հայեր, որոնք թուրքին հետ կ՚ապրին հաշտ ու միատեղ, նոյնպէս թուրքեր՝ որոնք հայերը որպէս «հարազատ» մարդ կ՚ընդունին։ Միւս կողմէ, ունինք խաւ մը, որ կը հաւատայ, թէ անոնք պէտք է շարունակեն դարաւոր թշնամի մնալ, մինչ ուրիշներ կը հաւատան, որ անոնց հաշտութիւնը երկու պետութիւններու համար բարեկեցութիւն պիտի տայ՝ զօրացնելով համագործակցութիւնը երկու պետութիւններու միջեւ:

Պատմութեան մէջ տարբեր էջ մըն է հայու եւ քիւրտի յարաբերութիւնը. մեր թուականէն աւելի քան դար մը առաջ ապրող վերլուծող մը հետեւեալ տողերով կը նկարագրէ քիւրտը. «Մենք գիտենք, թէ քիւրտը մեծաւ մասամբ իր տգիտութեան եւ անօթութեան զոհն է. լաւ ձեռքերու եւ հսկողութեան տակ ան կրնայ լաւ քաղաքակրթութիւն ստանալ եւ օգտակար ու լաւ տարր մը ըլլալ»: Իրարու հետ միատեղ ապրող ազգերու մեծագոյն խոցը եղած է համագործակցելու փոխարէն պահանջելն ու հրամայելը:

«Թանին» թերթը պատերազմիկ կը կոչէ քիւրտերը, մոռնալով որ դարերու պատմութիւնը կը փաստէ, թէ հայը շա՜տ աւելի պատերազմական ժողովուրդ եղած է՝ քան քիւրտը. այս մէկը աւելի մօտէն հասկնալու համար բաւարար է ուսումնասիրել Խորհրդային Միութեան պատմութիւնը եւ տեսնել այդտեղ որպէս հրամանատար բազմաթիւ պատերազմներու յաղթած հրամանատարներն ու զինուորականները: «Թանին» հայը լոկ վաճառական եւ առեւտրական կը կոչէ, մոռնալով որ հայը իր մէջ ունի նաեւ միւս տարրերը. որովհետեւ հայը առեւտրական ըլլալու չափ նաեւ հողագործ է:

Հին մամուլի մը մէջ կարդացած եմ հետեւեալ հետաքրքրական արտայայտութիւնը. «Հողը մարդուն համար վերջին ապաւէնն է, իսկ զէնքը վերջին պաշտպանութեան միջոցը»: Թէ՛ հողը եւ թէ զէնքը ամէն ազգի համար անհրաժեշտութիւն է, որովհետեւ սովը հողով, իսկ սեփական անձն ու ազատութիւնը զէնքով կարելի է փրկել:

«Թանին» թերթը իր աշխատութեան վերջ տուած է 1947 թուականին՝ 39 տարուան ծառայութիւն մատուցելով: Այդ օրուընէ ի վեր այդ ատելութիւնն ու սէրը, միատեղութիւնն ու հակառակութիւնը ինչ մակարդակի հասած է՝ չենք ուզեր ուսումնասիրել, սակայն գիտենք, որ ազգերու միջեւ անմիաբանութիւններ մի՛շտ ալ պիտի ըլլան՝ այնքան ժամանակ որ գոյութիւն ունի աշխարհը, գոյութիւն ունի մարդ արարածը։ Պարզապէս ազգերու կռիւը ընտանիքներու մէջ տեղի ունեցած կռիւներուն կը նմանին, որովհետեւ վերջաւորութեան այսպէս կամ այնպէս անոնք նոյն սեղանի շուրջ կը հաւաքուին եւ ձեւով մը կը փորձեն մոռացութեան տալ այն ամէնը՝ որ եղած էր:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Երբ զաւակը «գողութիւն» ընէ, ի՞նչ պէտք է ընել:

Պատասխան. Երբ զաւակը «գողութիւն» ընէ պէտք է նախ հանգստութեամբ քննարկել եւ հասկնալ միջադէպը, հասկնալու համար, թէ ինչո՞ւ համար տեղի ունեցած է այդ արարքը եւ զաւակը ինչո՞ւ առանց թոյլտուութեամբ վերցուցած է այս կամ այն իրն ու առարկան: Պէտք է օգնել, որպէսզի զաւակը հասկնայ, թէ այդ «գողութիւն»ը ինչպիսի ազդեցութիւն կրնայ ունենալ հակառակ կողմին վրայ: Պէտք է անոնց մէջ զօրացնել կարեկցանքն ու ազնուութիւնը, սորվեցնելով յարգել ուրիշի ունեցուածքը: Պէտք է ուղղումներու մասին մտածել. ինչպէս՝ գողուած ապրանքը վերադարձնել: Պէտք է զաւակին մօտ դրական վարքագիծ մշակել:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Օգոստոս 8, 2024