ԱՆՀԵՏԵՒԱՆՔ ԱՐԱՐՔ

Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած հայութեան վերադարձի հաւանականութիւնը միշտ կը զբաղեցնէ միջազգային օրակարգը։ Սա թէեւ գործնականին մէջ բաւական նուազ հաւանականութիւն մըն է, բայց եւ այնպէս, իրաւական հարթութեան վրայ կարեւոր հարց մըն է։ Քաղաքական գործիչներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու յայտարարութիւններուն առընթեր, վերջերս «Freedom House» միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակեց զեկոյց մը, որով արծարծուեցաւ նոյն խնդիրը։ «Ինչո՞ւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայեր չկան» խորագրեալ զեկոյցին մէջ մանրամասնօրէն ուսումնասիրուած են Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւնները՝ 2020 թուականի պատերազմէն սկսեալ մինչեւ 2023 թուականի սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ատրպէյճանի յարձակումն ու հետեւանքները։ Այս զեկոյցը մանաւանդ կ՚ընդգրկէ միջազգային փաստահաւաք առաքելութեան աշխատանքը՝ ներառեալ հարցազրոյցներ հարիւրաւոր վկաներու եւ բաց աղբիւրներու հետ, որոնց նպատակն է պատասխանել այն հարցման, թէ ինչո՞ւ 2024 թուականի մայիսի դրութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ այլեւս հայեր չեն մնացած։ Զեկոյցին մէջ վերլուծութեան կ՚ենթարկուի ու կը փաստուի, թէ ինչպէ՛ս Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդիկ դիտաւորեալ կերպով ենթարկուած են կանոնաւոր յարձակումներու, ահաբեկումներու, զրկուած են տարրական իրաւունքներէ ու կենսապայմաններէ եւ ի վերջոյ ենթարկուած՝ զանգուածային տեղահանութիւններու։ Ապացոյցները կը մատնանշեն, որ Ատրպէյճան՝ որպէս պետութիւն, գործած է մեթոտաբար մշակուած ռազմավարութեամբ՝ Լեռնային Ղարաբաղը դատարկելու համար իր էթնիք հայ բնակչութենէն, անոր պատմական ու մշակութային ներկայութենէն։ Զեկոյցին մէջ ներկայացուած ապացոյցները յստակօրէն կը փաստեն, թէ այս ուղղութեամբ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները մեթոտական ու համակարգուած ձեւով իրականացուցած են իրենց գործողութիւնները՝ նպատակ ունենալով Լեռնային Ղարաբաղէն հեռացնել բնիկ հայերը, մաքրել տարածաշրջանը հայկական պատմական ծառանգութենէն ու մշակոյթէն։

Տարուած աշխատանքին արդիւնքը ի յայտ կը բերէ, որ Ատրպէյճան աստիճանաբար ու մեթոտաբար ստեղծած է այնպիսի պայմաններ, որոնք նպատակ ունեցած են կա՛մ հայ բնակչութեան աստիճանական ոչնչացումը կամ ալ անհնարին դարձուցած են անոնց մնալն ու գոյատեւումը, ինչ որ յանգեցուցած է բռնի տեղահանութեան։ Հայերու տեղահանումէն վերջ Ատրպէյճանի պաշտօնատարները պաշտօնապէս յայտարարած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը «լուծուած է» եւ «արդարութիւնը վերականգնուած է», ինչ որ կը վերահաստատէ կանխամտացուածութեան պարագան։ Զեկոյցը կը բիւրեղացնէ միջազգային չափանիշներու մշտական անտեսումը եւ շարունակական խախտումները՝ հակառակ միջազգային դատապարտման։ Ըստ զեկոյցին՝ Ատրպէյճանի փաստաթղթաւորուած գործողութիւնները կը համապատասխանեն էթնիք զտումներու չափանիշներուն, որոնք կը հետեւցուին նախկին Եուկոսլաւիոյ հակամարտութեան համատեսքին մէջ։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւս իրականացուած են արտադատական սպանութիւններ, խոշտանգումներ, կամայական ձերբակալութիւններ եւ կալանաւորումներ, ինչպէս նաեւ սահմանափակուած է սննդամթերքի եւ կեանք փրկող դեղամիջոցներու հասանելիութիւնը։

Զեկոյցի եզրափակիչ բաժնին մէջ կ՚ընդգծուի, որ սոյն բացայայտումներն ու Ատրպէյճանի մէջ ներքին հետապնդումներու բացակայութիւնը կ՚ընդգծեն միջազգային իրաւական վերահսկողութեան եւ հաշուետուողականութեան հրատապ անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի գործը փոխանցուի Միջազգային քրէական դատարան։

Բաց աստի, «Christian Solidarity International» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնն ալ վերջերս յայտարարեց, որ Ատրպէյճան տակաւին որեւէ հետեւանքի չէ բախուած՝ Լեռնային Ղարաբաղի հազարամեայ հայ համայնքը վտարած ըլլալու համար։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ վերջերս յայտարարեց, որ հայոց Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձը պէտք է ապահովուի փոխադարձաբար՝ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։

Շաբաթ, Օգոստոս 10, 2024