ՅԱՐԱՏԵՒ ԱՐԻՒՆԱՀԵՂՈՒԹԻՒՆ
Մերձաւոր Արեւելքէն ամէն օր նոր արիւնալի դրուագներ կը հասնին՝ խոր մտահոգութիւն պատճառելով համայն աշխարհին։ Այս սրտաճմլիկ համայնապատկերին վրայ միշտ կ՚առանձնանայ Կազզէի պատերազմը՝ մինչ Իսրայէլի բանակը հերթական ցամաքային գործողութիւններուն ձեռնարկած է Խան Եունիսի մէջ։ Կազզէի հարաւի այս քաղաքի պարագային Իսրայէլի հետախուզութիւնը ստացած էր տուեալներ, ըստ որոնց՝ «Համաս»ի զինեալներ եւ անոնց համար պիտանի սարքաւորումներ կուտակուած են այնտեղ։ Այս տուեալներու լոյսին տակ, Իսրայէլի բանակը արդէն երրորդ անգամ գործողութեան ձեռնարկեց Խան Եունիսի դէմ։ Նախօրէին Խան Եունիսի բնակիչ պաղեստինցիներու հրահանգուած էր՝ տարհանուիլ դէպի Իսրայէլի կողմէ նշուած մարդասիրական գօտին։ Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը աւելի քան երեսուն հարուած հասցուցած են, իսկ ցամաքային զօրքերը արդէն երկու օր առաջ մուտք գործած են Խան Եունիս։ Անոնք կը յարձակին «Համաս» խմբաւորման զինապահեստներուն եւ փոխաբեռնման կէտերուն, դիպուկահարներու եւ ականանետերու դիրքերուն վրայ։ Մարտական գործողութիւններ կ՚ընթանան գետնի վրայ եւ գետնի տակ։ Միեւնոյն ժամանակ մարտերը կը շարունակուին աւելի հարաւին՝ Ռեֆահ քաղաքին եւ Նեցարին միջանցքին մէջ, որ Կազզէի հատուածի հիւսիսային եւ հարաւային մասերը կը բաժնէ։
Իսրայէլի այս գործողութիւններու մթնոլորտին մէջ մտահոգութեան առարկայ է նաեւ Իրանի կողմէ ակնկալուած յարձակումը՝ «Համաս»ի նախկին ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէի Թեհրանի մէջ սպանութեան վրէժը լուծելու համար։ Յամենայնդէպս, միջազգային զանազան աղբիւրներու հրապարակումներով, «Համաս»ի նոր առաջնորդը՝ Եահիա Սինուար մտադիր է նախքան Իրանի գրոհը, Իսրայէլի հետ համաձայնութեան հասնելու՝ հրադադարի հաստատման եւ պատանդներու ազատ արձակման շուրջ։
Ի դէպ, Իսրայէլի յարձակումները Խան Եունիսի առընթեր կը շարունակեն թիրախաւորել նաեւ Լիբանանի հարաւը։ Երէկ երեկոյեան ժամերուն միջազգային աղբիւրները հաղորդեցին, որ Սայիտ քաղաքի պաղեստինեան ճամբարներէն մէկուն մէջ Իսրայէլի բանակի անօդաչու սարքերու հարուածով սպաննուած է «Համաս»ի եւս մէկ հրամանատար։
Մերձաւոր Արեւելքի բարձր լարման կէտերէն մին ալ կը շարունակէ մնալ Կարմիր ծովը։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Անգլիան հերթական հարուածները հասցուցին Եմէնի Հոտեյտա նաւահանգստային քաղաքը, որ կը գտնուի հուսիներու «Անսար Ալլահ» խռովարար շարժման վերահսկողութեան տակ։ Առնուազն երեք հարուածի ենթարկուած է Ռաս Իսա նաւահանգիստը, որ կը գտնուի Կարմիր ծովու ափի Էս Սալիֆի շրջանին։ ԱՄՆ-ի զինուորական աղբիւրներն ալ տեղեկացուցին, որ Եմէնի մէջ յաջողութեամբ ոչնչացուած են հուսիներու թիրախներ՝ երկու հականաւային թեւաւոր հրթիռ եւ կառավարման կայան մը։ Բաց աստի, Կարմիր ծովուն մէջ ոչնչացուած է հեռակառավարուող վերջրեայ նաւ մը։ Ոչնչացուած հրթիռները վտանգ կը ներկայացնէին ԱՄՆ-ի եւ դաշնակից ուժերու, նաեւ առեւտրային նաւերու համար։
Միւս կողմէ, ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտըն, Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսի եւ Քաթարի էմիր Շէյխ Թամիմ պին Համիտ ալ Սանի հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը՝ դիմելով Իսրայէլին եւ «Համաս»ին, որպէսզի Կազզէի մէջ հրադադարի հաստատման օրակարգով բանակցութիւնները վերսկսին Գահիրէի կամ Տոհայի մէջ։
Այս երեք նախագահներու կոչի լոյսին տակ վերլուծաբանները կ՚արտայայտեն այն համոզումը, թէ Կազզէի մէջ հրադադարի ժամանակը եկած է։ Այս պահու դրութեամբ հրադադարի բանակցութիւններու վերսկսման համար նախատեսուած թուականն է օգոստոսի 15-ը։