ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐ ՈՒ ԽԱՂԵՐ
Ռուսաստանի ուշադրութեան կեդրոնին է Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները, որոնցմէ միշտ անհանգիստ է։ Իբր այդ, Մոսկուայի դիւանագէտները առիթ չեն փախցներ քննադատութիւններ ուղղել Երեւանի իշխանութեանց հասցէին։ Անցեալ տարի հնչեցին փոխմեղադրանքներ, որոնցմէ ետք Երեւան-Մոսկուայ յարաբերութիւնները մինչեւ այսօր կը շարունակեն մնալ լարուած։
Ճիշդ տարի մը առաջ ՆԱԹՕ-ի ամերիկեան ստորաբաժանումի ռազմաջոկատ մը ժամանեց Հայաստան եւ խաղաղապահութեան համագործակցութեան ծիրէն ներս համատեղ ռազմափորձեր կազմակերպեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան խաղաղապահ ջոկատներուն հետ։ Թէեւ ռազմափորձերը ամբողջական չէին, բայց եւ այնպէս, ամերիկացի զինուորականներուն, ամերիկեան դրօշներուն Հայաստանի հողին վրայ երեւումը անհանգստութիւն յառաջացուց ռուսական կողմին մօտ։ Այդ բոլորէն անդին, ստեղծուեցաւ անորոշութիւն մը, որովհետեւ Հայաստանի իշխանութիւնները ո՛չ միայն ռուսերը հանդարտեցնելու կոչերով հանդէս չեկան, այլեւ յայտարարեցին, թէ այսուհետեւ պիտի չմասնակցին ՀԱՊԿ-ի ռազմափորձերուն եւ միջոցառումներուն, որոնք տեղի կ՚ունենան Ռուսաստանի հովանիին ներքեւ։ Հետեւաբար, Հայաստանի իշխանութիւնները հնարաւորութիւն տուին հաւատալու եւ մտածելու, թէ իրենք ո՛չ միայն գոհ են ԱՄՆ-ի քայլերէն, այլեւ կ՚ուզեն աւելիով ամրապնդել ու խորացնել Հայաստան-ԱՄՆ յարաբերութիւնները։
Մինչ այդ, տարածաշրջանէն ներս տեղի ունեցան իրադարձութիւններ, որոնց կիզակէտը Թիֆլիզի դէպքերն էին, անշուշտ, Ռուսաստանի ձեռքով։ Ան շնորհիւ իր ազդեցութեան գօտիներուն, դրամական յատկացումներուն եւ իր արեւելումին հաւատացող վրացական քաղաքական վերնախաւի ջախջախիչ մեծամասնութեան՝ յաջողեցաւ մէկ գիշերուան մէջ շրջել սեղանը ու ԱՄՆ-ի եւ Արեւմուտքի համար Վրաստանը վերածել մտահոգութեան կիզակէտի մը։ Իսկ Վրաստանի մէջ մինչեւ այս պահը հակաարեւմտեան խմորումները կը շարունակեն աճիլ։
Այս կէտին կարեւոր է Արեւմուտքի ընդունած նոր մօտեցումները Վրաստանի հանդէպ ու թերեւս չի բացառուիր, որ այդ անսպասելի փոփոխութեանց լոյսին տակ ԱՄՆ այս ժամանակներուն կը փորձէ եւ պիտի փորձէ աւելիով մերձենալ Հայաստանին։ Ան կ՚ուզէ ստեղծել այնպիսի յենարաններ, որոնց վստահելով Հայաստան ամբողջութեամբ խզէ Ռուսաստանի հետ իր նախկին յարաբերութիւնները։ Լուրջ ռիսքերով լեցուն այդ ձեւաչափը կամ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուած նոր արեւելումը ինչքանո՞վ կրնայ յաջողիլ, տակաւին յստակ չէ, սակայն, ռուսական կողմը ունի վերապահութիւններ, որոնք ապագային ալ կրնան զանազան դրսեւորումներով առանձնացուիլ։
Այս բոլորին մասին ուշագրաւ էր վերլուծաբան Ֆարհատ Մամետովի յօդուածը՝ «Ի՞նչ կը ներկայացնէ Հայաստանը ԱՄՆ-ի համար» խորագրեալ։
Ըստ յօդուածին՝ ԱՄՆ յետաձգեց Վրաստանի հետ ծրագրուած զօրավարժութիւնները, որոնց նմանատիպը կատարեց Հայաստանի հետ։ Զօրավարժութեանց նպատակն էր բարձրացնել խաղաղապահ գործողութիւնները, միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն մասնակից ստորաբաժանումներուն փոխգործունակութեան մակարդակը, հրամանատարութեան, հսկողութեան եւ մարտավարական հաղորդակցութեան լաւագոյն փորձի փոխանակումը, ինչպէս նաեւ հայկական ստորաբաժանումներու մարտունակութեան բարձրացումը։
Գալով Վրաստանի ռազմափորձերուն՝ աւելի առաջ Փենթակոն յայտարարեց, որ այդ երկրին մէջ նախատեսուած համատեղ զօրավարժութիւնները յետաձգուած են Թիֆլիզի հակաամերիկեան հռետորաբանութեան պատճառով։ Ապա յայտարարեցին, որ զօրավարժութիւնները ամբողջութեամբ չեն ջնջուած՝ այլ յետաձգուած են։ Նման զօրավարժութիւններ Վրաստանի մէջ կը կատարուին 2016 թուականէն ի վեր։
Բաց աստի, «Noble Partner» զօրավարժութիւնները յետաձգելու որոշումը պայմանաւորուած է ԱՄՆ-ի եւ արեւմտեան այլ երկիրներու հասցէին Վրաստանի կառավարութեան կեղծ մեղադրանքներով։ Անոնք կը փորձեն ճնշում բանեցնել Թիֆլիզի վրայ՝ Մոսկուայի դէմ երկրորդ ճակատ մը բանալու համար։ Միեւնոյն ժամանակ, Փենթակոն կ՚ընդգծէ, որ ԱՄՆ կը շարունակէ համագործակցիլ Վրաստանի պաշտպանութեան ուժերուն հետ, որովհետեւ Ուաշինկթըն կը ձգտի շարունակել ամրապնդել երկրի կարողութիւնները՝ պահպանելու եւ պաշտպանելու համար իր ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը։
Միւս կողմէ, Թիֆլիզ ափսոսանք յայտնած է Ուաշինկթընի որոշման կապակցութեամբ։ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Վրաստանը, ԱՄՆ-ը եւ անոնց գործընկեր երկիրները կը շահին միջազգային զօրավարժութիւններէն, որովհետեւ անոնք օգտակար են ամրապնդելու պաշտպանական կարողութիւնները, զարգացնել ռազմական անձնակազմին կարողութիւնները, բարձրացնել մարտունակութիւնը եւ փոխգործունակութիւնը: Անհասկնալին այն է, թէ ի՞նչ կրնայ փոխուիլ յետաձգման ժամանակահատուածին մէջ, հաշուի առնելով, որ ԱՄՆ դժգոհութիւն կը յայտնէ Վրաստանի հակաամերիկեան հռետորաբանութենէն։ Ըստ երեւոյթին, տասն օրով յետաձգելով համատեղ զօրավարժութիւնները՝ Փենթակոն կը ստիպէ փոխել Վրաստանի կառավարութեան դիրքորոշումը։ Եթէ նպատակը այս է, ապա սա թոյլ ուղերձ մըն է, որ դժուար թէ հնչէ Թիֆլիզի մէջ:
Ըստ ռուս քաղաքագէտ Ստանիսլաւ Թարասովի, ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի համատեղ զօրավարժութիւնները ցուցադրական մարտահրաւէր են՝ Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի բարեհաճութիւնը շահելու փորձ։ «Սա տեղի կ՚ունենայ Երեւանէն Մոսկուային հասցէագրուած անարգալից յայտարարութիւններու լոյսին տակ եւ կը հակասեն դիւանագիտութեան կանոններուն։ Զօրավարժութիւնները նախատեսուած են մարտական գործողութիւններու ժամանակ ստորաբաժանումներու համախմբուածութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը բարելաւելու համար: Ի՞նչ կրնան սորվեցնել հայերուն՝ երբեք ոչ մէկ տեղ յաղթած ամերիկացիները։ Պէտք է սորվիլ ռուսերէն, որոնք, գիտեն ինչպէս յաղթել։ Սա ցուցադրական քաղաքական մարտահրաւէր մըն է ձանձրացնելու համար Ռուսաստանը։ Հայաստանի իշխանութիւնները կը սիրաշահին Արեւմուտքը, կը փորձեն ինչ-որ երաշխիքներ եւ տնտեսական աջակցութիւն ստանալ, բայց մինչեւ հիմա անոնք ոչինչ ստացած են», ըսած է Թարասով: Ան խորհուրդ կու տայ դասեր քաղել ռուսական յաղթական բանակէն:
Ինչպէս յայտնի է, թերեւս ցուցադրաբար ՀԱՊԿ-ի որեւէ միջոցառման չի մասնակցիր Հայաստան, որու անդամն է։ Փոխարէնը Երեւան կ՚ամրապնդէ ռազմական համագործակցութիւնը ՆԱԹՕ-ի շարք մը երկիրներու, այդ կարգին նաեւ ԱՄՆ-ի հետ։
Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ յարաբերութիւնները կ՚աշխուժանան։ ԱՄՆ-ի պետական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ կ՚այցելեն Երեւան, տեղի կ՚ունենայ հայ-ամերիկեան երկխօսութիւն եւ կողմերը կ՚որոշեն յարաբերութիւնները բարձրացնել ռազմավարական գետնի վրայ։ Իսկ Երեւան այցելեց նաեւ ԱՄՆ-ի Ծերակոյտէն պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ հանրապետական Ռաճըր Ուիքըրի։ Երեւանի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ան Հայաստանը յայտարարեց տարածաշրջանի ԱՄՆ-ի գլխաւոր գործընկերը, ինչպէս նաեւ զգուշացուց Ատրպէյճանը՝ վերատեսութեան ենթարկել իր առաջնահերթութիւնները։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/22/2024