ԶՐՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ… ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆ…
«Մի՛ դատէք եւ պիտի չդատուիք։ Մի՛ դատապարտէք եւ պիտի չդատապարտուիք։ Ներեցէ՛ք եւ ձեզի պիտի ներուի։ Տուէ՛ք եւ ձեզի պիտի տրուի։ Աղէկ չափով՝ կոխուած, ցնցուած, լեփլեցուն պիտի տրուի ձեր գոգը, քանզի այն չափով՝ որով դուք կը չափէք, ձեզի պիտի չափուի». (ՂՈՒԿ. Զ 37-38)։
Ոսկեղնիկ կանոն մը եւս Աւետարանէն կ՚ամբողջացնէ վերոյիշեալ պատուէրը. «Ըրէ՛ այն, ի՛նչ որ կ՚ուզես որ ընեն ձեզի»։ Եթէ չես ուզեր դատապարտուիլ, դուն ալ ուրիշը մի՛ դատապարտեր։ Արդարեւ, խօսքը անիրաւ եւ անարդար ամբաստանութեան մասին է. այն ամբաստանութիւնը՝ որ անհիմն է, որոշ փաստարկութիւն եւ ապացուցուած իրողութիւն մը չունի, բոլորովին երեւակայական է եւ կարծեցեալ։ Եւ այսպիսի ամբաստանութիւն մը զրպարտութիւն է, որ յանցանք է, եւ հոգեւոր աշխարհի մէջ՝ մեղք։
Ուստի, մարդուս նպատակը պէտք է ըլլայ ճշմարտութեան հետեւիլ՝ անձը բարձրացնել, կատարեալին հասցնել եւ հոգեւոր արժէքներու բարձրութեան հասնիլ։ Եւ ասիկա սուտով կարելի չէ՛ ձեռք ձգել։ Ասիկա կը նշանակէ՝ Աստուծոյ աչքին ընտիր ըլլալ, որուն պէտք է ձգտի մարդ։ Ասիկա կը նշանակէ՝ աշխարհի վրայ լա՛ւ մշակ ըլլալ եւ ո՛չ թէ աշխարհի օրինակով, այլ հոգեւոր արժէքներու տիպարով խորհիլ եւ գործել։
Մարդ պէտք է ինքնագիտակից ըլլայ եւ ըստ այնմ վարուի։ Կարեւոր է ասիկա, քանի որ արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը ա՛յս կը պահանջեն։ Խոհեմութիւն. մակերեսային դատող եւ որոշող չըլլալ։ Հոգեւոր եւ յաւիտենական արժէքներու հետեւիլ։
«Ընտիր մշակ» ըլլալ՝ Աստուծոյ Խօսքին հետեւիլ. լսել Աստուծոյ Խօսքը, գործադրել զայն յարատեւ, ճշմարտութիւնը ճանչնալ, գիտնալ Աստուծոյ կամքը՝ որ միշտ բարի՛ է եւ ճշմարիտ։ Բարին խորհիլ, բարի խօսիլ եւ գործադրել զայն։
Յարատեւել այս գործին մէջ՝ մարդս կը կատարելագործէ արդարութեան եւ ճշմարտութեան մէջ։ Ա՛յս ըլլալու է մարդուն նպատակը։
Ուշադրութիւն ըրա՞ծ էք, սիրելի բարեկամներ. մարդ երբ մէկը կ՚ամբաստանէ, ընդհանրապէս իր ցուցամատը կ՚ուղղէ դէպի ամբաստեալին եւ զայն ցոյց կու տայ։ Բայց անզգալաբար միւս երեք մատը՝ միջնամատը, մատնեմատը եւ ճկոյթը կը դառնան դէպի ամբաստանողը, իսկ բութամատը անոնց վրայ՝ կարծես կ՚ամրապնդէ անոնց ուղղութիւնը դէպի ամբաստանողը։
Կ՚արժէ՛ անգամ մը փորձել ասիկա։
Մարդիկ, ընդհանրապէս կ՚ամբաստանեն ուրիշը, չեն տեսներ, կամ չեն ուզեր տեսնել իրենց ներաշխարհը, թէ իրենք ո՛րքան արժանի են ամբաստանուելու այն նիւթով, որ կ՚ամբաստանեն մէկ ուրիշը։ Եւ բնութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ երբ մէկ անգամ կ՚ամբաստանենք ուրիշ մէկը, մենք երեք անգամ ամբաստանեալ կ՚ըլլանք։
Արդարեւ, անիրաւ ամբաստանութիւնը զրպարտութիւն է՝ սուտ վկայութիւն եւ սուտի ծառայութիւն։
Այս հարցով, ըստ մասնագէտ եւ փորձագէտ հոգեբաններու, մարդ կ՚ամբաստանէ մէկը, ընդհանրապէս այն բանով, որ ինք ալ յանցաւոր է եւ ուրիշը ամբաստանելով կ՚ուզէ ծածկել իր յանցանքը, կամ թերութիւնը։ Տեւական ուրիշի թերութիւնը եւ տկարութիւնը բացայայտել՝ նկարագրի պակասի արդիւնք կրնայ ըլլալ, քանի որ մարդիկ ո՛չ թէ ուրիշի տկարութեան եւ թերութեան վրայ յենուելով, այլ՝ ինքն իր ուժերուն վստահելով կը բարձրանան, եւ ա՛յդպէս պէտք է ըլլայ։
Սուտով եւ սուտ վկայութեամբ մարդ չի կրնար հասիլ իր նպատակին, քանի որ նպատակը չ՚արդարացներ միջոցը։ Եւ եթէ չենք ուզեր որ ուրիշներ մեզ անարդար եւ անիրաւ կերպով եւ սուտ վկայութիւններով ամբաստանեն եւ դատապարտեն, մենք ալ պէտք է արդար ըլլանք մեր ամբաստանութիւններուն եւ դատապարտութիւններուն մէջ։
Չմոռնանք, որ մա՛րդ այնքան անմեղ չէ, քան մեղաւոր կարծուած ոեւէ մէկը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 12, 2024, Իսթանպուլ