ԵՐԿՈՒ ԱԹՈՌԷՆ՝ ՄԷԿ ԱԹՈՌ (Ա.)
Խորհրդային Միութեան փլուզումը եւ Հայաստանի յետագայ անկախութիւնը շրջադարձային պահ մըն էր մեր ազգի պատմութեան մէջ. պահ՝ որ յղի էր ուրախութեամբ, սակայն նոյնքան անորոշութեամբ. մահաքունէն արթնցողի վիճակ մը ունէր՝ սկիզբը ազգի մը արշալոյսին: Այդ ժամանակաշրջանին էր, որ առաջին անգամ ըլլալով սփիւռք եւ Հայաստան պիտի յաջողէին առողջ յարաբերութեան մէջ մտնել՝ առանց սահմաններու եւ կաշկանդումներու. այդ յարաբերութեան առաջին երեւոյթը սփիւռքի մէջ ապրող կուսակցութիւններու հայրենիք վերադարձը եղաւ եւ տասնամեակներու բացակայութենէն ետք ՍԴՀԿ, ՀՅԴ եւ ՌԱԿ. կուսակցութիւնները վերադարձան հայրենիք:
Սակայն այս կուսակցութիւններու կողքին կար դարաւոր անցեալ ունեցող այլ կառոյց մը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինն ու Կիլիկիոյ Աթոռը իրարմէ հեռու պահողը քաղաքական գործօնն էր եւ շատեր կը հաւատային, թէ խոչընդոտներու վերացումէն ետք երկու աթոռները պիտի մօտենան, մինչեւ իսկ միաւորման շուրջ բանակցին, սակայն սպասումները այնքան ալ չարդարացան: Երկու աթոռները չմիացան, սակայն սկզբնական մի քանի տարիներուն առողջ յարաբերութիւն յառաջ տարին, սակայն հիմնական մտահոգութիւնը ծագեցաւ 1994 թուականին, երբ Վազգէն Ա. Կաթողիկոս վախճանեցաւ։ Ինքնիշխան Հայաստանը առաջին անգամ ըլլալով իր ազատ ու անկախ երկրին մէջ կաթողիկոսական ընտրութիւն պիտի կատարէր եւ այս մէկը թէ՛ հոգեւոր, թէ՛ ազգային եւ թէ պետական մակարդակներով կարեւոր իրադարձութիւն մըն էր հայ ժողովուրդին համար: Երկու աթոռները միաւորելու ծրագիրը իրականացնելու համար յառաջ քշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի թեկնածութիւնը, մտածելով որ նման ընտրութեամբ կարելի է աւելիով ամրապնդել Հայաստան եւ սփիւռք կապը: Այս մտածումը օրին Ազգային եկեղեցական ժողովի մէջ շեշտեց Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան՝ ըսելով. «Այս ընտրութիւնը, վստահ եմ, կրնայ շրջադարձային դեր խաղալ Հայ Առաքելական Եկեղեցիի նուիրապետական միասնութեան վերականգնման»:
Հայրենիքի մէջ Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի հանդէպ սէր մը կար Հայաստանի մէջ. այդ մէկը աւելի հասկնալի դարձնելու համար մէջբերենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Հասկ» պաշտօնական ամսագիրի 1995 փետրուարի (ԿԴ. տարի, թիւ 2) թիւին մէջ հրատարակուած լրատուութիւն մը. 104-րդ էջին վրայ կը կարդանք «Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ուղեւորութիւնը ի Մայր Հայաստան եւ ի Ս. Էջմիածին» խորագրով տեղեկատուութիւնը։ Մայր Աթոռի մէջ աղօթք մը կատարելէ ետք խօսք կ՚առնէ օրուան լուսարարապետ Յուսիկ Սրբազանը եւ իր խօսքին մէջ կ՚ըսէ.
«Վեհափառ Տէր,
Շատ կարճ, հիմնական մի միտք ունեմ, այդ կ՚ուզեմ ասել եւ թող Աստուած այդ կատարի: Նախ բոլորի կողմից կ՚ողջունենք դարձեալ Ձեր մուտքը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին:
Գիտէք, Վեհափառ Տէր, մենք կորցրինք մեր Վեհափառին: Դուք ալ ներկայ եղաք եւ Վեհափառ Հօր վերջին օծումը անձամբ կատարեցիք: Ցայսօր մենք վշտի ու տառապանքի մէջ ենք կորցնելով մեր Վեհափառին, գիտենալով որ նա այլեւս ֆիզիքապէս մեր մէջ չէ: Բայց հոգեպէս մեզ հետ է, մեզ հետ ապրում է, մենք նրանով եւ նրա հոգին մեզ հետ:
Մենք Ձեր այցելութեամբ, անկեղծ ասեմ, մի ինչ որ բան մխիթարուեցինք, հոգեկան երջանկութիւն ստացանք, քանի որ չունենք Վեհափառը, դո՛ւք էլ Վեհափառ էք եւ այսօր այդ գեղեցիկ բառը՝ Վեհափառ, այսօր 6-7 ամիսներից յետոյ վերստին հնչում է: Դուք ազգընտիր Վեհափառ էք, համայն հայութեան Վեհափառ էք, հոգ չէ Ձեր Աթոռը գտնւում է օտար ափի վրայ եւ ես կը մաղթեմ որ Կիլիկեան Աթոռը բարգաւաճի, զարգանայ, մշակոյթով, ազգային հաստատութիւններով, միշտ կոչակից եւ զօրավիգ լինելով Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին: Ո՞վ գիտէ. կ՚անցնեն սերունդներ եւ Կիլիկիոյ Աթոռը փառաւոր ծաղկի (…): Այս բարի մաղթանքով, Վեհափառ Տէր, կրկին անգամ բարի գալուստ Ձեզի»:
Այս ողջոյնի խօսքին մէջ կը գտնենք կարեւոր մի քանի նրբութիւններ. առաջին հերթին հայ ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը «ապօրինի» տեսնելու փոխարէն կ՚ընդունէր որպէս հայոց հարստութիւններէն մին՝ անոր վեհափառը ընդունելով որպէս ի՛ր վեհափառ հայրապետը: Ողջոյնի այս խօսքին մէջ աթոռները միաձուլելու խօսք չկայ. ընդհակառակը, սրբազան հայրը Ս. Էջմիածինի անունով կը մաղթէ, որպէսզի բարգաւաճի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը:
Այս մթնոլորտին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Գարեգին Բ. կ՚ընտրուի ամենայն հայոց կաթողիկոս՝ դառնալով Գարեգին Ա.: Այս ընտրութիւնը «Հասկ» ամսագիրը կը նշէ հետեւեալ ձեւով.
«4 ապրիլ 1995-ին, Ս. Էջմիածնի Միածնամէջ խորանին առջեւ տեղի ունեցած պատմական դէպքը յոյսի ու ցնծութեան ալիքներով ողողեց ողջ հայ կեանքը՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, որովհետեւ Լուսաւորչի թափուր գահին վրայ կու գար նստելու բազմաշնորհ ու բազմավաստակ հայրապետ մը: Որովհետեւ՝ այս ընտրութեամբ հոգեւոր նոր ճառագայթում կը ստանար ազգային-եկեղեցական նոր առաքելութեան կը կոչուէր Ս. Էջմիածնի Մայր Աթոռը: Որովհետեւ՝ այս ընտրութեամբ Մայր Աթոռի ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ անվերապահ ու ամբողջական գործակցութեան լայն հորիզոններ կը բացուէին: Այս վառ յոյսով ու խոր հաւատքով ողջունեց Գարեգին Վեհափառին ընտրութիւնը մա՛նաւանդ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը» (ՀԱՍԿ, 1995, մարտ, ապրիլ, մայիս, թիւ 3-4-5, ԿԴ, տարի, էջ 122):
Այս խօսքով, կը տեսնենք, թէ այդ ընտրութիւնը ուրախութիւն էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար եւ մինչեւ հիմա երբեւէ միաձուլուելու նիւթ չենք տեսներ:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ո՞վ է ծխախոտի գիւտարարը:
Պատասխան. Ժամանակակից ծխախոտը յայտնաբերուած է 19-րդ դարու սկիզբին. ան ծագում առած է ամերիկացիներէն, որոնք տարբեր բոյսեր տերեւներու մէջ փաթթելով կը ծխէին: Մերօրեայ ծխախոտերը սկիզբ առին 1880 թուականին, երբ Ճէյմս Ալպըրթ Պոնզաք (James Albert Bonsack) հնարեց ծխախոտ պատրաստող մեքենան: Այդ մէկը լայն տարածում գտաւ Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 01/10/2025
- 01/10/2025