ԵՐԿՈՒ ԱԹՈՌԷՆ՝ ՄԷԿ ԱԹՈՌ (Բ.)

Նոյն խանդավառութիւնը կար նաեւ Սուրբ Աթոռ Էջմիածնի մէջ. Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ լոյս տեսնող «Էջմիածին» պաշտօնական ամսագիրը իր 1995 ապրիլ ամսուան թիւին մէջ Գարեգին Ա. Վեհափառ Հայրապետը կը կոչէր «միասնաշէն» ու «միութենակերտ» Հայրապետ, որ պիտի յաջողէր ապրեցնել «Մէկ ազգ, մէկ հայրենիք, մէկ եկեղեցի» իտէալը:

Սակայն խանդավառութեան կողքին վստահաբար երկու աթոռներու մէջ գոյութիւն ունէր աւելի բարձր ըլլալու «պայքար»ը. իշխանութեամբ երկու աթոռներն ալ նոյն իրաւասութիւնները ունէին, սակայն կը փորձէին փոքր ինչ աւելի մեծ ու բարձր երեւիլ. գուցէ այդ նպատակով է, որ «Էջմիածին» ամսագիրը իր նոյն թիւին մէջ կը յիշէ Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի հետեւեալ խօսքերը.- «Տասնութ տարիներ կաթողիկոսութեան այդ լուծը կրեցի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահին վրայ եւ այժմ աւելի բարձր պատասխանատուութեամբ զայն պիտի կրեմ Լուսաւորչակառոյց այս սրբազնագոյն գահին վրայ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Մայր Աթոռին ի Սուրբ Էջմիածին»:

Պէտք է ըսել, որ կաթողիկոսական ընտրութեան ժամանակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը միակ թեկնածուն չէր. 131-րդ կաթողիկոսական ընտրութեան համար որպէս թեկնածու ներկայացած էին նաեւ Տ. Զաւէն Արք. Չինչինեան, Տ. Արիս Եպսկ. Շիրվանեան, Տ. Կիւրեղ Եպսկ. Գաբիկեան, Տ. Գրիգորիս Արք. Բունիաթեան, Տ. Գարեգին Արք. Ներսիսեան, Տ. Տիրան Արք. Կիւրեղեան եւ Տ. Պարգեւ Եպսկ. Մարտիրոսեան եւ յայտնենք, որ նախնական ընտրութեան ժամանակ Տ. Գարեգին Արք. Ներսիսեան (123 քուէ) աւելի քուէ հաւաքած էր՝ քան Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը (111 քուէ)։ Երկրորդ ընտրութեան ժամանակ նկատի առնուեցաւ առաւելագոյն քուէ ստացող երեք թեկնածուները եւ երկրորդ ընտրութեան ժամանակ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս հաւաքեց 186 քուէ, իսկ Գարեգին Արք. Ներսիսեան 145 ձայն:

Արդէն իսկ Տ. Գարգեգին Ներսիսեան կ՚ուզէր, որ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս ի՛նք դառնար կաթողիկոս. ան ընտրութեան ժամանակ խօսք առնելով կ՚ըսէ. «Ինձ կը թուի, այսօր պէտք է աւարտենք ընտրութիւնները: Իմ կողմէս կ՚ուզեմ շնորհաւորել Վեհափառ Հայրապետը, որպէս նորընտիր Հայրապետ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս»: Յայտնենք, որ ընտրութեան նիստերու եւ անոր յաջորդող նիստերու ժամանակ աթոռներու միացման մասին ոչ մէկ ակնարկութիւն կը գտնենք. նոյնիսկ Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Ազգային-եկեղեցական ժողովին մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ չի յիշեր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, սակայն յետընտրութեան եկեղեցւոյ մէջ ունեցած իր ելոյթի ընթացքին կ՚ըսէ հետեւեալը. «Եւ վերջապէս, երբ այժմ այս ծանր լուծին տակ կը մտնեմ, իմ սիրոյ խօսքը կ՚ուղղեմ նաեւ այն կաթողիկոսութեան, որուն 18 տարիներ ծառայեցի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահին վրայ: Իմ մաղթանքս է եւ ջանքս է, որ միշտ այդ միասնականութեան եւ գործակցութեան, մէկ Եկեղեցիի գաղափարին տակ եւ դրօշին՝ խաչին ներքեւ յառաջ երթալու կամքը նուիրագործուի եւ շարունակուի»:

Շատեր կը հաւատան, թէ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն Սուրբ Էջմիածին եկաւ, որպէսզի երկու աթոռները միաձուլուին եւ միա՛յն մէկ կաթողիկոս ունենայ հայ ժողովուրդը, սակայն մինչեւ հիմա արտասանուած խօսքերէն կը տեսնենք, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը վերացնելու ո՛չ մէկ միտում ու խօսք կայ. ընդհակառակը մի՛շտ զօրակցութեան կոչեր են՝ միասնաբար առաջ երթալու եւ բարգաւաճելու:

Աչքէ անցուցինք Վեհափառ Հայրապետին առաջին քարոզները։ Այդտեղ յատկանշական կը գտնենք մի քանի տողեր. օրինակի համար՝ անդրանիկ պատարագին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կ՚ըսէ.- «Ժամանակի նշանները միութեան եւ միասնականութեան, համեղբայրութեան եւ համերաշխ ու ներդաշնակ համագործակցութեան հրամայականին առջեւ կը դնեն մեզ բոլորս անխտիր: Մեր եկեղեցին կը դառնայ ներքնապէս աւելի կենսալից եւ իր գործունէութեամբը աւելի բարերար, երբ կը գործէ որպէս մէկ եկեղեցի, ընդ գլխաւորութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Ամենայն Հայոց Ընդհանրական Կաթողիկոսութեան, զոր ողջ հայ ժողովուրդը կը դաւանի որպէս Մայր Աթոռ»: Այստեղ արդէն իսկ կարծես կամաց կամաց ի յայտ կու գայ գերակայութեան նիւթը։ Քարոզին մէջ յիշուած «ողջ հայ ժողովուրդը կը դաւանի որպէս Մայր Աթոռ» արտայայտութիւնը կու գայ ըսելու, որ բոլորը գիտեն, թէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը աւելի բարձր է՝ քան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը: Թէեւ նիստերու ընթացքին շատ նման նիւթեր չեն արծարծուիր, սակայն յետին միտքերը կամաց կամաց երեւան կու գան:

Յատկանշական է սակայն, որ ընտրութեան բոլոր լրատուութիւններու պարագային կը յիշուին Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի պատրիարքութիւնները, սակայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համար յիշատակութիւն չենք գտներ. այդտեղ չի՛ յիշուիր, թէ Անթիլիասէն ովքեր իրենց մասնակցութիւնը բերին ընտրութեան:

Կը հաւատանք, որ Գարեգին Կաթողիկոսի ընտրութիւնը աթոռները միացնելէ տարբեր նպատակ մը կը հետապնդէր. Խորհրդային Միութեան տարիներուն Հայաստան մեկուսացած էր եւ եկեղեցին շղթայուած վիճակի մը մէջ կ՚ապրէր. ան քաղաքական հետապնդումներու պատճառով իր կապերը խզած էր դուրսի աշխարհին հետ, հետեւաբար որբ վիճակ մը ունէր։ Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ըլլալով սփիւռքի մէջ յաջողած էր իր կապերը հաստատել օտար եկեղեցիներու հետ, հետեւաբար նման կաթողիկոսի մը ամենայն հայոց դառնալը պիտի օգնէր, որպէսզի եկեղեցին յաջողի իր որբութենէն դուրս գալ եւ առողջ կապեր հաստատել քոյր եկեղեցիներու եւ սփիւռքի կառոյցներուն հետ։ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս պարզապէս կապն էր սփիւռքի եւ Հայրենիքի:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ շունն ու կատուն թշնամիներ են:

Պատասխան. Շունին ու կատուին թշնամի ըլլալը առասպել է՝ քան իրականութիւն: Շուներն ու կատուները հաղորդակցութեան տարբեր ոճեր ունին, ինչ որ թիւրիմացութիւն կը ստեղծէ անոնց միջեւ: Օրինակի համար՝ շան մօտ պոչ շարժելը ընկերասիրութիւն եւ ուրախութիւն ցոյց կու տայ, մինչ կատուներու մօտ՝ գրգռուածութիւն: Նման հակառակ ազդանշաններ լարուածութիւն կը ստեղծէ անոնց միջեւ: Սակայն պէտք է ըսել, որ շատ մը շուներ ու կատուներ կրնան համերաշխ ապրիլ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 14, 2024