ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ
Երէկ երեկոյեան Գնալը կղզիի մէջ մեծարանքի հաւաքոյթ մը կազմակերպուեցաւ ի պատիւ մեր մարզական աշխարհի երէց ու նուիրեալ գործիչներէն Ղազարոս Ունանի։ Հաճելի մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ ջերմ մթնոլորտ եւ Ղազարոս Ունան սիրով շրջապատուեցաւ իր անմիջական գործակիցներուն եւ բարեկամներուն կողմէ։ Թէեւ ան մարզական կեանքէ ներս երկար տարիներէ ի վեր բազմակողմանի ծառայութիւն մը կը մատուցանէ, սակայն երէկ երեկոյեան կազմակերպուած հաւաքոյթին նպատակն էր՝ արժեւորել Ղազարոս Ունանի վաստակը Համահայկական խաղերուն շրջագծով։ Արդարեւ, մօտաւոր անցեալին Ղազարոս Ունան գլխաւորած է Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբը, նաեւ անդամակցած՝ Համաշխարհային կոմիտէին։ Տարիներ շարունակ իր ցուցաբերած հետեւողական աշխատանքին որպէս արդիւնք ան արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի բարձր գնահատանքին։ Ղազարոս Ունան այս ամսուան սկիզբին տեղի ունեցած Համահայկական վեցերորդ խաղերուն զուգահեռ աւարտած է իր առաքելութիւնը Համաշխարհային կոմիտէին մօտ։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան այս առթիւ իրեն շնորհած է շնորհակալագիր մը, ինչպէս նաեւ յուշամետայլ մը։ Երէկ երեկոյեան այս պարգեւները հանդիսաւոր մթնոլորտի մը մէջ յանձնուեցան Ղազարոս Ունանին։
Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբը այս առթիւ անմիջական ճաշկերոյթ մը կազմակերպած էր Ղազարոս Ունանը մեծարելու համար։ Բացի Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի անդամներէն ներկայ գտնուեցան Շիշլի եւ Թաքսիմ մարզակումբներու վարչութեան ատենապետները՝ Ալէն Թէքպըչաք եւ Կարօ Համամճեան, մեր մարզական շրջանակներէն յայտնի դէմքեր եւ սահմանափակ թիւով հիւրեր։ Տիգրան Ալթուն, որ եւս վերջին շրջանին կ՚անդամակցէր Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէին, ընթերցեց Սերժ Սարգսեանի շնորհակալագիրը եւ զայն յանձնեց Ղազարոս Ունանին։ Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Հայկարամ Գարասուի ներկայութեամբ ան մեծարեալի վիզէն անցուց նաեւ յուշամետայլը։ Ներկաները բուռն ծափահարութիւններով ողջունեցին Ղազարոս Ունանի տեսակէտէ յատկանշական այս պահը։
Շնորհաւորական խօսքերով հանդէս եկան Հայկարամ Գարասու եւ Կարօ Համամճեան։ Իր կարգին Ղազարոս Ունանն ալ արտասանեց սրտի խօսքը։ Ան այս առթիւ խորին երախտագիտութեամբ եւ բիւր յարգանքով արտայայտուեցաւ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասին, որ բարի եղած էր բարձր գնահատանքի արժանացնելու իր վաստակը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի իր գործակից ընկերներուն, որոնց հետ ծաւալած էր ներդաշնակ աշխատանք մը։
Երեկոյթի աւարտին հրաժեշտ առնելէ առաջ բոլոր ներկաները անգամ մը եւս իրենց շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթանքները յղեցին Ղազարոս Ունանին ու մաղթեցին, որ ան տակաւին երկար տարիներ իր փորձառութիւնը ի սպաս դնէ մեր մարզական կեանքէն ներս։
Երեկոյթի ընթացքին յայտարարուեցաւ, թէ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէին մօտ Ղազարոս Ունանը պիտի փոխարինէ Ալէն Թէքպըչաք։