ՄԱՐԴԻԿ ԻՐԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐ ԿԸ ՓՆՏՌԵ՞Ն

«ScienceNewsExplores» կայքը հրապարակած է յօդուած մը, ուր անդրադարձ կը կատարուի մարդկային յարաբերութիւններուն, մարդամեքենաներու արագ տարածումին եւ այս ծիրին մէջ մասնագէտներու վերջին ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներուն: Պարզ է, որ մարդիկ ընկերոջ կարիքն ունին: Հարցը այն է, թէ այս օրերուն «ընկեր»ը մա՞րդ, թէ՞ մեքենայ պիտի ըլլայ:

*

ԿՐՆԱ՞Յ ՄԱՐԴԱՄԵՔԵՆԱՆ ՁԵՐ ԸՆԿԵՐԸ ԴԱՌՆԱԼ

Հետազօտողները կը պատրաստեն մեքենաներ, որոնք կրնան գրկախառնուիլ, ծիծաղիլ ձեզի հետ եւ այլն:

Եթէ կարելիութիւն ունենայիք, կը յարաբերէի՞ք «R2-D2»ին հետ: Կը թուի, թէ այդ կրնայ բաւական զուարճալի ըլլալ: «Աստղային պատերազմներ» ժապաւէններուն մէջ մարդամեքենաները մարդոց իսկական ընկերներն են: Սակայն իրական կեանքին մէջ մարդամեքենաները տակաւին չեն կրնար հոգ տանիլ ոեւէ անձի կամ որեւէ բանի: Այսօրուան մարդամեքենաները չեն կրնար զգացումներ ունենալ: Անոնք նոյնպէս չունին ինքնագիտակցութիւն: Բայց այդ չի նշանակեր, որ անոնք չեն կրնար բարեկամաբար վարուիլ այնպէս մը, որ օգնեն մարդոց:

Հետազօտութեան ամբողջ դաշտ մը, որ կը կոչուի մարդմեքենայ փոխազդեցութիւն (ՄՄՓ), կ՚ուսումնասիրէ, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ կը գործածեն մարդամեքենաները եւ անոնց կ՚արձագանգեն: ՄՄՓ-ի բազմաթիւ հետազօտողներ կ՚աշխատին աւելի ընկերասէր, վստահելի մեքենաներ ստեղծելու ուղղութեամբ: Ոմանք յոյսով են, որ մարդամեքենաներու իրական բարեկամութիւնը օր մը կարելի կը դառնայ:

«Իմ նպատակս ամբողջովին այդ է։ Ես կը կարծեմ, որ մենք ճիշդ ուղղութեան վրայ ենք: Բայց դեռ շատ աշխատանք կայ ընելու», կ՚ըսէ Ալեքսիս Պլոք, որ մարդամեքենայի մասնագէտ է, ան մեքենայ ստեղծած է, որ կը գրկընդխառնուի:

Այլ հետազօտողներ աւելի թերահաւատ կը վերաբերին մեքենաներու համար «ընկեր» բառի գործածութեան: «Կը կարծեմ, թէ մարդիկ այլ մարդոց կարիքը ունին։ Մարդամեքենաներու նկատմամբ հետաքրքրութիւնը կրնայ տեսակ մը մտերմութիւն ստեղծել: Բայց ես երբեք այդ չէի դասեր որպէս բարեկամութիւն», կ՚ըսէ Քեթի Կուան, որ մարդամեքենայի ուսումնասիրութեամբ կը զբաղի Սթենֆորտ համալսարանին մէջ: Ան նաեւ պարուհի է եւ պարուսոյց: Որպէս առաջին հետազօտողներէն մէկը, որ համատեղած է այս ոլորտները, ան կ՚աշխատի մարդամեքենաներու շարժումները մարդոց համար աւելի դիւրին հասկնալի եւ ընդունելի դարձնել:

Այսօր մարդամեքենաները դեռ իսկական ընկերներ չեն. ինչպէս՝ «R2-D2»ը: Բայց ոմանք օգտակար օգնականներ են կամ ուսուցման գործիքներ: Միւսները ուշադիր ընկերակիցներ են կամ ընտանի անասուններու նման հիանալի խաղալիքներ: Հետազօտողները քրտնաջան կ՚աշխատին, որպէսզի անոնք աւելի լաւ ըլլան այս դերերուն մէջ: Արդիւնքները աւելի եւ աւելի ընկերական կը դառնան: Եկէք՝ հանդիպինք քանի մը հատին:

ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ԸՆԿԵՐԱԿԻՑՆԵՐ

Չափազանց շատ ընկերային մարդամեքենաներ կան, եւ նորերը միշտ կը յայտնուին. օրինակ՝ Փեփփերը: Այս մարդանման մեքենան՝ որպէս ուղեցոյց, կը գործէ որոշ օդակայաններու, հիւանդանոցներու եւ խանութներու մէջ: Միւսը՝ Փարոն, որ նման է փափուկ եւ փափկամազ փոկի: Ան կը մխիթարէ մարդիկը որոշ հիւանդանոցներու եւ ծերանոցներու մէջ: Կ՚ենթադրուի, թէ ան ընկեր մըն է, որ նման է ընտանի անասունի. օրինակ՝ կատու կամ շուն:

Մարդամեքենան այնքան ալ սիրելի չէ, որքան՝ իրական ընտանի անասունը: Նաեւ ամէն մարդ չի կրնար կատու կամ շուն պահել: «Ընտանի անասուններու նման՝ մարդամեքենաները կրնան յատկապէս օգտակար ըլլալ այնպիսի միջավայրերու մէջ, ուր իսկական ընտանի անասուններուն թոյլ չեն տար», կը նշէ Ճուլի Ռոպիլար: Բացի անկէ՝ մեքենայ ընտանի անասունը կ՚առաջարկէ որոշ առաւելութիւններ. օրինակ՝ «կղկղանք չկայ մաքրելու»: Ան կ՚ուսումնասիրէ, որ մարդամեքենաներու ընկերութիւնները լա՞ւ, թէ՞ վատ կրնան ըլլալ մարդոց համար:

«MiRo-E»ն ընտանի անասուններու նմանող մարդամեքենայ մըն է: Այդ ստեղծուած է մարդոց հետ յարաբերելու եւ անոնց արձագանգելու: «Ան ի վիճակի է տեսնել մարդոց դէմքերը: Եթէ ան աղմուկ լսէ, կրնայ ըսել, թէ ուրկէ՞ կու գայ եւ կրնայ դառնալ դէպի աղմուկը», կը բացատրէ Ս. Քոնրան: Ան համահիմնած է «Consequential Robotics»ը, որ այս մարդամեքենան կը պատրաստէ:

«Եթէ մէկը շոյէ «MiRo-E»ն, մարդամեքենան երջանիկ կ՚աշխատի։ Խօսեցէ՛ք անոր հետ բարձր եւ զայրացած ձայնով ու ան կը վախնայ եւ կը փախչի», կըսէ ան: «MiRo-E»ն տուփէն դուրս կու գայ այս եւ այլ հիմնական ընկերային հմտութիւններով: Իրական նպատակը այն է, որ երեխաները եւ այլ գործածողներ իրենք ծրագրաւորեն այդ:

Քոնրան կը նշէ, որ մարդամեքենան կրնայ ճանչնալ մարդիկը կամ ըսել՝ անոնք կը ժպտի՞ն, թէ՞ կը խոժոռին: Ան կրնայ նոյնիսկ խաղալ գնդակով: Բայց եւ այնպէս, Քոնրա այնքան հեռու չ՚երթար, որ «MiRo-E»ն ընկեր անուանէ:

ՄԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱԶ

Մոքսին այլ տեսակի ընկերային մարդամեքենայ է: «Ան ընկերոջ կերպարանքով քօղարկուած ուսուցիչ է», կ՚ըսէ Փաուլօ Փիրճանիան: Ան Փասատինայի մէջ հիմնադրած է «Embodied» ընկերութիւնը, որ կ՚արտադրէ Մոքսին: Սիրելի կերպարը որպէս մարդամեքենայ կեանքի կոչելը անոր մանկութեան երազն էր: Ան կ՚ուզէր մարդամեքենայ մը, որ կրնար ըլլալ ընկեր եւ օգնական, «Թերեւս նոյնիսկ օգնել տնային աշխատանքին մէջ», կը կատակէ ան:

Փաստօրէն Մոքսին չ՚ըներ ձեր տնային աշխատանքը: Փոխարէնը՝ ան կ՚օգնէ ընկերային եւ զգացական հմտութիւններուն: Մոքսին ոտքեր եւ անիւներ չունի: Բայց ան կրնայ շարժել իր մարմինն ու ձեռքերը արտայայտիչ ձեւերով: Ան գլխուն ունի պաստառ մը, որ կը ցուցադրէ շարժուն գծանկարի դէմքը: Մոքսին երաժշտութիւն կը նուագէ, երեխաներու հետ գիրքեր կը կարդայ, կը կատակէ եւ հարցումներ կ՚ուղղէ: Ան կրնայ նոյնիսկ ճանչնալ զգացումները մարդու ձայնին մէջ:

Մոքսին երեխաներուն կ՚ըսէ, որ կը փորձէ սորվիլ, թէ ինչպէ՛ս դառնայ աւելի լաւ ընկեր մարդոց համար: Օգնելով մարդամեքենային այս հարցին մէջ՝ երեխաները վերջաւորութեան իրենք կը սորվին ընկերային նոր հմտութիւններ: «Երեխաները կը բացուին եւ կը սկսին խօսիլ անոր հետ, կարծես՝ լաւ ընկերոջ հետ։ Մենք տեսած ենք երեխաներ, որոնք կը վստահին Մոքսիին, նոյնիսկ լացած են Մոքսիին համար», կ՚ըսէ Փիրճանիան:

Երեխաներու սիրտը մարդամեքենաներու կապուելու գաղափարը որոշ մարդոց անյարմար կը թուի: Արդեօք անոնք պէտք չէ վստահի՞ն այն մարդոց, որոնք իրականութեան մէջ կը հասկնան զիրենք եւ կը հոգան իրենց: Փիրջանեան կը խոստովանի, որ այս բան մըն է, որուն մասին իր խումբը շատ կը մտածէ: «Անպայման պէտք է զգոյշ ըլլանք», կ՚ըսէ ան: Արհեստական բանականութեան (ԱԲ) լեզուի լաւագոյն նմոյշները կը սկսին մարդոց հետ զրուցել այնպէս, ինչպէս բնական է:

Այդ կանխելու համար Մոքսին երեխաներուն միշտ շատ պարզ կ՚ըսէ, որ ինք մարդամեքենայ է: Բացի անկէ՝ Մոքսին դեռ չի կրնար հասկնալ այնպիսի բաներ, ինչպիսիք են պատկերասփիւռային հաղորդումները կամ ճանչնալ խաղալիքները, որոնք երեխաները կը ցուցադրեն: Այս խնդիրները կրնան յաղթահարուիլ: Բայց անոր նպատակը այն չէ, որ երեխաները լաւագոյն ընկերներ դառնան մարդամեքենային: «Մենք կը յաջողինք, երբ երեխան այլեւս կարիք չունի Մոքսիին: Այդ կ՚ըլլայ այն ժամանակ, երբ անոնք ունենան բաւարար չափով ուժեղ ընկերային հմտութիւններ՝ մարդկային բազմաթիւ ընկերներ ձեռք բերելու համար», կ՚ըսէ ան:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

(Յապաւուած)

«Ազդակ», Լիբանան

Հինգշաբթի, Օգոստոս 15, 2024