ԳՆԱԼԸԻ ՅՈՒՆԱՑ ՃԱՄԲԱՐԻՆ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԱԾ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԿԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐՋԱՑԱՒ
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու արդի տարեգրութեանց մէջ, զօրակցութեան տեսակէտէ այս ամառ բացառիկ դրսեւորում մը հանդիսացաւ Գնալըի բարձունքին պարզուած ողջունելի դրուագը։ Արդարեւ, Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը երկու տարիէ ի վեր վերանորոգութեան հետեւանքով չի կրնար հիւրընկալել մեր համայնքի համեստ խաւերու զաւակները, որոնք աւանդաբար իրենց արձակուրդը կ՚անցընէին այնտեղ։ Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ, այս տարի, Գնալը կղզիի յունաց Մեթամորֆոսիս վանքի հովանիին տակ գործած Խրիստոս ճամբարը պոլսահայ խումբ մը աշակերտներու համար լայն բացաւ իր դռները։ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցէն եւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն խումբ մը սաներ շուրջ մէկ շաբթուան կեցութիւն մը ունեցան յունաց ամառնային ճամբարին մէջ, ինչ որ անմոռանալի փորձառութիւն մը եղաւ իրենց համար։ Այս իրադարձութիւնը զուգադիպեցաւ նաեւ յունաց վանքի հաստատման 300-ամեակի յոբելենական շրջանին։
Պոլսահայ աշակերտներու շուրջ մէկ շաբթուան կեցութիւնը արդէն աւարտին հասաւ եւ անոնք այսօր վերադարձած են քաղաք՝ իրենց ծնողներուն մօտ։ Մինչ այդ, երէկ իրենց վերջին օրն էր եւ վերջին երեկոյեան ալ յունաց ճամբարի համալիրէն ներս սարքուեցաւ հոգեճաշ մը, որ համախմբեց բոլոր մանուկները, նաեւ վարչային պատասխանատուները։ Այս հոգեճաշը սարքուած էր մեր երախտաշատ բարերարներէն Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլին կողմէ։ Անոնք հոգեճաշը ձօնած էին իրենց բարեյիշատակ ծնողներու յիշատակին։ Ուստի, բոլոր սեղանակիցները առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին Երկանեան եւ Միսաքեան գերդաստաններու այն անդամներուն համար, որոնց բարի յիշատակը միշտ արծարծուած կը մնայ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։
Հոգեճաշի առթիւ յունաց ճամբարը փութացին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Կազդուրման կայանի տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու եւ կղզեբնակ խումբ մը կամաւորներ, որոնք այս մէկ շաբթուան ընթացքին պատասխանատուութիւն ստանձնեցին աշակերտական խումբի հիւրընկալման կազմակերպումը դիւրացնելու եւ ընդհանուր ընթացքը վերահսկելու համար։ Յունաց ճամբարի տնօրէն Տիամանտի Քումվոփուլոս շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր հիւրերը։ Տղաքը արդէն վառ տպաւորութիւններ ունէին եւ հասկնալիօրէն վերջին օրուան յուզումնախառն տրամադրութեան մէջ էին։
Հոգեճաշի ընթացքին, առ ի շնորհակալութիւն, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան տնօրէն Տիամանտի Քումվոփուլոսին յանձնեց հայկական խաչ մը, որ իսկապէս շատ ճաշակաւոր ձեւով բանուած էր։ Այս նուէրը պատրաստուած էր՝ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի կամաւոր հոգաբարձու Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլի ջանքերով։
Տիամանտի Քումվոփուլոս երեկոյթի ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց յանձնուած նուէրին համար։ Քումվոփուլոս յիշեցուց, որ ինք եւս պատանութեան շրջանին այդ ճամբարին մէջ արձակուրդի շրջաններ անցուցած էր եւ այդ բոլորը մինչեւ հիմա կը յիշէ քաղցրութեամբ՝ մանաւանդ, որ այդ շրջանին եւս ունեցած էր հայ ընկերներ։ Հուսկ, Տիամանտի Քումվոփուլոս մաղթեց, որ յաջորդ տարի Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը վերանորոգուած ձեւով կարողանայ տեւականացնել իր առաքելութիւնը։
Ապա, տղաքը իրենց վերջին գիշերը անցընելու համար անցան ննջարան, իսկ հիւրերը արձակուեցան՝ բոլորին շնորհակալութիւն յայտնելով ցուցաբերուած ընդունելութեան եւ ընդհանուր զօրակցութեան ոգիին համար։
Թրքահայ կեանք
- 11/22/2024