ՄՏՈ­ՐՈՒՄ­ՆԵՐ՝ ՍՈՒՐԲ ԱՍ­ՏՈ­ՒԱ­ԾԱ­ԾԻ­ՆԻ ՎԵ­ՐԱ­ՓՈ­ԽՈՒ­ՄԻ ՏՕ­ՆԻՆ Ա­ՌԻ­ԹՈՎ

Վաղը, 18 օգոստոս 2024-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի նշէ իր տաղաւար տօներէն՝ չորրորդը, Սուրբ Մարիամ Աստուածածինի վերափոխումին յիշատակը:

Տօները ընդհնարապէս ուրախութեան եւ զուարճանքի առիթ են, երբ մարդիկ իրարու մօտ հաւաքուելով կը փորձեն լաւ ու հաճելի ժամանակ անցընել: Այս մօտեցումը աշխարհիկ տօներուն կը վերաբերի:

Հոգեւոր առումով, տօները առիթ են դարձեալ իրարու մօտ հաւաքուելու, իրարու հետ ուրախանալու, բայց այս անգամ՝ ո՛չ թէ աշխարհով ուրախանալու, այլ՝ Աստուծմով: Աւելին, հոգեւոր առումով տօները առիթ են ինքնաքննութեան, մենք մեզ ու մեր ներաշխարհը վերատեսութեան ենթարկելու: Այլապէս, ամէն տարի նոյն տօնի կրկնութեամբ՝ ծիսական նոյն արարողութիւններով, որեւէ մէկ բան պիտի չտար մեզի, եթէ զայն առիթ չդարձնէինք խորհելու մեր մասին:

Անդին, հոգեւոր առումով եկեղեցական տօները առիթ են վերանայելու մեր յարաբերութիւնը առաջին հերթին Աստուծոյ հետ, թէ ի՜նչ յարաբերութիւն ունինք Աստուծոյ, ինչպիսի՞ վիճակի մէջ ենք մեր հոգեւոր կեանքին մէջ: Իսկ երկրորդ, վերանայելու մեր յարաբերութիւնը մարդոց հետ, թէ արդեօք ճիշդ յարաբերութիւններ մշակա՞ծ ենք, ճիշդ ընթացքի մէ՞ջ ենք, Աստուծոյ կամքին մէջ ենք՝ մարդը սիրելու մեր անձին պէս:

Տակաւին, հոգեւոր առումով տօները առիթ են ներամփոփումի, վերաթարմացումի, աշխուժանալու եւ հաւատքի կեանքի մէջ խորանալու: Այս բոլորին կ՚օգնէ այն մօտեցումը, երբ մարդ տօներուն մօտենայ դաս մը, պատգամ մը քաղելու նպատակով, եւ ո՛չ թէ սոսկ աւանդութիւն մը կատարելու համար:

Եթէ տօներուն կը մօտենանք զուտ սովորութիւն մը կատարելու միտումով, կամ ծիսական արարողութենէն հաճոյք ստանալու համար, որովհետեւ իւրայատկութիւն ունի իր մէջ տուեալ տօնին ծիսակատարութիւնները, ապա ո՛չինչ ստացած կ՚ըլլանք այդ տօնէն: Մինչ եթէ այս բոլորին կողքի նաեւ փորձենք հոգեւոր պատգամին ներթափանցել, ապա աւանդութիւն պահելն ու ծիսական արարողութենէն բաւարարութիւն ստանալու մեր մարմաջը նպատակային կը դառնան, որովհետեւ հոգեւոր ընկալումը այդ բոլորը կը զարդարէ ու կը կատարելագործէ:

Նշեցինք, որ վաղը Սուրբ Աստուածածինի վերափոխման տօնն է: Դժբախտաբար մեր ժողովուրդի զաւակներէն շատեր այս տօնը կը ճանչնան ո՛չ թէ որպէս այդպիսին, այլ՝ խաղողօրհնէքի կամ մատաղօրհնութեան առիթ որպէս: Իրողութիւն մը, թէ՛ ցաւալի է եւ թէ խոցելի: Ցաւալի ու խոցելի է, որովհետեւ մարդիկ առաջնայինն ու էականը ձգած, երկրորդականին ու երրորդականին կառչած են: Իսկ կառչիլ երկրորդականին ու երրորդականին, առանց առաջինը ունենալուն, հասկնալուն եւ ըմբռնելուն, կը նմանի առանց երկու անիւով՝ չորս անիւ ունեցող ինքնաշարժ մը քշելու…:

Աստուածածինի վերափոխութեան տօնը խաղողօրհնէքի ու մատաղօրհնէքի տօն կամ առիթ չէ՛ սիրելիներ: Այդ սովորութիւնները մարդոց կողմէ այս տօնին միացուած իրողութիւններ են, որոնք պարզապէս տօնին յաւելեալ ճոխութիւն մը կու տան: Ճոխութեան կողքին մարդուն մօտ կ՚արթնցնեն տօնական այդ օրով յիշել աղքատներն ու տը-նանկները՝ մատաղօրհնութեան այսօրուան մեր հասկացողութիւնը այդ է, իսկ խաղողօրհնէքի սովորութեամբ ալ, երախտագիտութիւն յայտնել Աստուծոյ Իր՝ մեզի պարգեւած բարիքներուն համար: Հետեւաբար, մատաղը եւ խաղողը ինքնին ո՛չինչ կու տան մեզի, եթէ անոնց ետին հոգեւոր ու բարոյական պատգամը հասկցած ու ըմբռնած չըլլանք:

Մեր իրականութիւնը սակայն ամբողջութեամբ տարբեր է: Որովհետեւ մենք ո՛չ միայն չենք գիտակցիր, որ այդ օրը Սուրբ Մարիամ Աստուածածինի վերափոխման յիշատակի տօնն է, ո՛չ միայն կը կարծենք, որ մատաղօրհնութեան ու խաղողօրհնութեան տօն է, առիթ է, այլ՝ այդ օրով մեր ագահութիւնն ու չտեսութիւնը ի յայտ կը բերենք, մեր անդաստիարակութիւնը երեւան կը հանենք մեր այդ օրուան պահուածքով: Ընթերցողը վստահաբար ականատես եղած է, թէ ինչպիսի՞ յարձակում տեղի կ՚ունենայ խաղողին եւ մատաղին վրայ: Կարծէք մարդիկ երբեք ո՛չ մատաղ եւ ո՛չ ալ խաղող տեսած են: Կը պատճառաբանեն ըսելով, թէ ատիկա տարբեր է, որովհետեւ օրհնուած է: Այո՛, օրհնուած է, բայց օրհնուածին միթէ՞ ագահութեամբ եւ չտեսութեամբ կը  մօտենան: Օրհնուածին միթէ՞ անյարգալից կը մօտենան: Օրհնուածին միթէ՞ վայրենաբար կը մօտենան, կոխկտռելով ու հրմշտկելով կը մօտենան:

Վաղը երբ եկեղեցիներ երթանք մասնակցելու Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, մատաղօրհնութեան ու խաղողօրհնութեան, ուշադիր ըլլանք, որ Աստուծմէ եկած օրհնութիւնը մեր վերաբերմունքով չհեռացնենք մեզմէ եւ զրկուինք Աստուծոյ օրհնութենէն:

***

Այսքանը անցնող տարիներու ընթացքին ունեցած փորձառութեան լոյսին տակ էր որ արձանագրեցի: Հիմա, ընթերցողներուն հետ կ՚ուզեմ կիսուիլ մի քանի մտորումներով, Սուրբ Մարիամ Աստուածածնին առընչուած: Ամէն անգամ երբ Սուրբ Աստուածածինին նուիրուած տօներէն մէկը կը յիշատակենք, այդ տօները պէտք է առիթ դարձնենք խորհդրածելու Սուրբ Աստուածածինի կեանքին մասին եւ անկէ դասեր քաղելու:

ա. «Աստուծոյ աղախինն եմ, թող քու ըսածդ ըլլայ» (Ղկ 1.38):

Այս արտայայտութեամբ Սուրբ Մարիամը ընդունեց Տէր Յիսուսի մայր դառնալու իրեն տրուած աւետիսը:

Պատկերացուցէք կոյս աղջիկ մը, 14-15 տարեկան, յանկարծ ձայն մը կը լսէ, կը տեսնէ տեսիլք մը, ուր իրեն կը յայտնուի, թէ զաւակ մը պիտի ծնիս, եւ այլն: Ի՞նչ պիտի ըլլայ այդ աղջկան արձագանգը, մանաւանդ երբ ապրած ու հասակ առած է պահպանողական միջավայրի մը մէջ, երբ տակաւին նոր նշանուած էր: Պատկերացնելը նոյնիսկ դժուար է:

Հետաքրքրականը այստեղ, սակայն, Սուրբ Կոյսին պատասխանն է. «Աստուծոյ աղախինն եմ, թող քու ըսածդ ըլլայ»: Ան ապրած ու հասակ նետած էր աստուածավախ ընտանիքի մը մէջ, միշտ տաճարին մէջ եղած էր, Աստուծոյ երկիւղը միշտ իր մէջ ունեցած էր: Եւ հիմա երբ Գաբրիէլ Հրեշտակապետը իրեն աւետիսը կու տար Աստուածորդիին մայրը ըլլալուն, ան խոնարհութեամբ կը հնազանդէր Աստուծոյ կամքին:

Սուրբ Աստուածածինին այս վերաբերմունքը իւրաքանչիւր հաւատացեալի համար պատգամ մըն է, հնազանդելու Աստուծոյ կամքին, նոյնիսկ եթէ մեզի առաջարկուածը մեր իմացողութենէն եւ կարողութենէն գեր ի վեր է: Առաջին հերթին պէտք է փորձենք հասկնալ, թէ իրապէ՞ս այդ Աստուծոյ կամքն է, որմէ ետք մեր հնազանդութիւնը յայտնենք, վստահ ըլլալով, որ Աստուած Ի՛նք պիտի առաջնորդէ մեզ:

Մենք յաճախ կը խուսափինք Աստուծոյ պատգամները լսելէ ու գործադրելէ: Աստուած շատ յաճախ տարբեր միջոցներով կը փորձէ մեզի Իր պատգամը հասցնել, մեր շուրջիններուն միջոցով, մեր առօրեայի ընթացքին մեզի հետ պատահող դէպքերուն միջոցով, բայց մենք խուլ ու կոյր կը ձեւանանք, եւ կամ այնքա՜ն խրուած կ՚ըլլանք մեղքերու տիղմին մէջ, որ չենք ուզեր կամ չենք կրնար լսել Անոր ձայնը: Ի՞նչ պէտք է ընել այս պարագային. մեր մէջ ուժ պէտք է գտնենք, համարձակութիւն գտնենք ամէն ինչ մէկ կողմ ձգելու, ամէն ինչին դէմ դնելու եւ Սուրբ Կոյսին նման խոնարհութեամբ ըսելու Տիրոջ.

-Տէ՜ր, մենք Քու ծառաներն ու աղախիններդ ենք, Քու կամքդ թող ըլլայ:

բ. «Ինչ որ ըսէ ձեզի՝ կատարեցէ՛ք» (Յհ 2.5):

Յովհաննէսի Աւետարանին երկրորդ գլուխին մէջ Կանայի հարսանիքին մասին կը կարդանք, այսպէս.

«Յիսուսի Գալիլիա հասնելուն երրորդ օրը հարսանիք մը կար Կանա քաղաքին մէջ, եւ Յիսուսի մայրը հոն էր: Յիսուս եւ Իր աշակերտներն ալ հրաւիրուած էին հարսանիքին: Երբ գինին պակսեցաւ, Յիսուսի մայրը Իրեն ըսաւ.

-Գինի չունին:

-Մա՜յր, մեզի ի՛նչ,- պատասխանեց Յիսուս,- Իմ ժամանակս տակաւին չէ՛ հասած:

Սակայն Իր մայրը ըսաւ սպասաւորներուն.

-Ինչ որ ըսէ ձեզի՝ կատարեցէ՛ք» (Յհ 2.1-5):

Դէպքին շարունակութիւնը վստահաբար բոլորս ալ գիտենք (կարդալ Յհ 1.1-12):

Այստեղ հետաքրքրական է Աստուածամօր եւ Տէր Յիսուսի ունեցած երկխօսութիւնը, ուր Աստուածամայրը առկայ դժուարութիւնը կը ներկայացնէ, Յիսուս կ՚ըսէ, տակաւին ժամանակս չէ եկած, բայց Աստուածամայրը դառնալով սպասաւորներուն կը թելադրէ անոնց. ինչ որ ըսէ ձեզի՝ կատարեցէ՛ք:

Այս խօսքը կատարեալ վստահութեան ապացոյց մըն է: Վստահութիւն Աստուծոյ նկատմամբ: Սուրբ Մարիամը երեսուն տարիներ շարունակ պահած ու խնամած էր իր զաւակը, կը ճանչնար զԻնք, գիտէր Անոր զօրութիւնը, գիտէր նաեւ Անոր ծնունդը, ուստի, երբ խնդիր կը յառաջանայ, կատարեալ վստահութեամբ կը դիմէ իր Որդիին, համոզուած ըլլալով, որ Ան անպայմանօրէն պիտի կատարէր իր խնդրանքը:

Աստուածամօր այս կեցուածքը մեզի կը սորվեցնէ կատարեալ վստահութիւն ունենալ Աստուծոյ նկատմամբ: Աստուածամայրը ո՛չ իրեն եւ ո՛չ ալ իր Որդիին փառքին համար այդ խնդրանքը կը կատարէր, այլ՝ հարսնեւորներուն եւ ներկաներուն, որովհետեւ եթէ ներկաները իմանային որ գինի չէ մնացած, ապա խայտառակութիւն պիտի ըլլար: Կանխելու համար այդ խայտառակութիւնը, Աստուածամայրը կը դիմէ իր Որդիին եւ Ան ամօթով չի՛ ձգեր ո՛չ Իր մայրը եւ ո՛չ ալ հարսնեւորներն ու ներկաները:

Արդարեւ, Սուրբ Մարիամ Աստուածածինի վերափոխման այս տօնին եկէք այս երկու առաքինութիւններուն մասին մտածենք ու խորհրդածենք եւ մեր աղօթական կեանքին ու առօրեային մաս եւ բաժին դարձնենք: Առաջին, հնազանդիլ Աստուծոյ կամքին եւ երկրորդ՝ կատարեալ վստահութիւն ունենալ Աստուծոյ նկատմամբ:

Աւարտենք մեր այսօրուան մտորումները մեր սիրելի՛ ընթերցողներուն ներկայացնելով երջանկայիշատակ Մեղրիկ Եպիսկոպոս Բարիքեանի 16 օգոստոս 2015 թուականին Սուրբ Աստուածածինի վերափոխման տօնին խօսած քարոզէն հատուած մը:

* …Ես պիտի ուզեմ, որ մենք բոլորս մեր ձեռքերը առ Աստուած բարձրացնենք եւ ըսենք.

Ո՜վ Աստուածը մեր հայրերուն,

Գրիգոր Լուսաւորիչի,

Սահակ-Մեսրոպի,

Վարդանի,

Վահանի,

Գրիգոր Նարեկացիի,

Ներսէս Շնորհալիի,

Մէկուկէս եւ աւելի միլիոն նահատակներու,

Լսէ՛ մեզ, եւ եթէ երբեք մենք մեղքերով ծանրաբեռնուած ենք, այսօր, ա՛յս պահուն, ա՛յս Սուրբ Եկեղեցիին մէջ, Քու մօրդ բարեխօսութեան կը դիմենք եւ կ՚ըսենք.

Մեղա՜յ քեզ, Աստուածածին, մեղա՜յ քեզի կեանքի մայր, ո՜վ Աստուածածին Մարիամ, դո՛ւն՝ որ քու Զաւակդ եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը կորսնցուցիր, եւ գիտե՛ս կորուստիդ ցաւը, խնայէ՛ մեր մայրերը զաւակներու ցաւերէն:

Մեղա՜յ քեզ, հրաշագեղ եւ աստուածընկալ տաղաւար, ո՜վ Աստուածածին Մարիամ, դո՛ւն՝ որ աչքերուդ լոյսը, Զաւա՛կդ կորսնցուցիր, թոյլ մի՛ տար, որ մեր մայրերուն աչքերը խաւարին ու մթագնին:

Մեղա՜յ քեզ, հրեղէն սիւն եւ լոյսի աշտանակ ո՜վ Աստուածածին Մարիամ, դո՛ւն՝ որ լուսատես Որդիիդ մթագնումը տեսար, թոյլ մի՛ տար, որ մեր զաւակները մթագնին կեանքի ամպոտ, որոտացող այս առօրեային մէջ:

Մեղա՜յ քեզ, լոյսի դուստր եւ չհարսնացած ո՜վ Աստուածածին Մարիամ, դո՛ւն՝ որ մէկ հատիկ համասփիւռ Ծաղիկդ թառամած տեսար, թոյլ մի՛ տար, որ մեր զաւակները թառամին՝ հոգիներն ու մարմինները կիզող կեանքի այս օրերուն:

Մեղա՜յ քեզ, սերովբէներէն վերօրհնուած ու հրեշտակներէն փառաւորուած ո՜վ Աստուածածին Մարիամ, դո՛ւն՝ որ աշտարակ Որդիիդ քայքայումը տեսար, թոյլ մի՛ տար, որ մեր զաւակները քայքայուին՝ անխիղճ, անօրէն եւ անողորմ այս օրուան գիտութեան ձեռքերուն մէջ:

Մեղա՜յ քեզ, քաղցրահոս Պլպուլը՝ Յիսուս Քրիստոսը սուրբ արգանդիդ մէջ պարուրած Սո՜ւրբ եւ Բարեխօս Մայր Աստուածածին, քիչ վերջ այստեղ Սրբալոյս Միւռոնով օրհնուելիք ջուրին մէջ քու Որդիիդ հոգին հեղու, որպէսզի այս ջուրով բացուին բոլոր համր եւ վախկոտ շրթները այս աշխարհին:

Կարմրագոյն Վարդը՝ Յիսուս Քրիստոսը դիեցուցած՝ կաթ տուած Սո՜ւրբ եւ Բարեխօս Մա՜յր, Աստուածածին Կոյս, Սրբալոյս Միւոռոնով օրհնուած այս ջուրով մաքրէ՛, սրբէ՛ արիւնլուայ մեր սրտերը, միտքերը, զգացումները, մտածումներն ու գործերը:

Կեանքի Արեւը՝ Յիսուս Քրիստոսը համբուրած եւ սիրած Սո՜ւրբ եւ Բարեխօս Մայր Քրիստոսի Սո՛ւրբ Մարիամ, Սրբալոյս Միւռոնով օրհնուած այս ջուրով մաքրէ՛, սրբէ՛ մեր շրթները, որպէսզի անոնցմով միայն Աստուած օրհնուի եւ փառաւորուի:

Սպիտակ Շուշանն ու գեղեցկագոյն Ծաղիկը՝ Յիսուս Քրիստոսը մեծցուցած Սո՜ւրբ եւ Բարեխօս Մայր Մարիամ, Սրբալոյս Միւռոնով օրհնուած այս ջուրով թող օրհնուի՛ն ու սրբուի՛ն մեր չար խորհուրդներն ու մտածումները:

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի դէմքին հրաշագեղ քրտինքը սրբած Սո՜ւրբ եւ Բարեխօս Մա՜յր Աստուածածին, Սրբալոյս Միւռոնով օրհնուած այս ջուրով մեր կեանքին գոռացող ամպերը թող լռեն, մեր կեանքին խռոված ծովերը թող խաղաղին, մեր կեանքին պղտորած գետերը թող հանդարտին:

Մեղա՜յ քեզ, մեղա՜յ քեզ Աստուածածին Մարիամ:

Վերափոխմանդ այս առաւօտուն, երբ Սրբալոյս Միւռոնով օրհնուած ջուրը ըմպէ ժողովուրդդ, եւ մենք, բո՛լորս վերափոխուինք, որպէսզի մեր կեանքի արիւնարբու սատանան ճզմե՛նք, զգետնե՛նք:

Վերափոխմանդ այս առաւօտուն, երբ Սրբալոյս Միւռոնով օրհնուած ջուրը ըմպենք, փոխանակ մեր կեանքի Գեթսեմանիներուն, առաջնորդուինք դէպի բարին, կատարեալը եւ վսեմը առաջնորդող ճամբաներէն:

Վերափոխմանդ այս առաւօտուն, երբ Սրբալոյս Միւռոնով օրհնուած ջուրը ըմպենք, յաւիտենական կեանքին դռները թող բացուին մեր առջեւ, որովհետեւ չե՛նք ուզեր նմանիլ անոնց՝ որոնք անյոյս են:

Վերափոխմանդ այս առաւօտուն, երբ Միւռոնով օրհնուած ջուրը ըմպենք՝

Թող իմաստուն Զաւակիդ իմաստութեամբը լեցուինք,

Թող բազմառատ Զաւակիդ շնորհքներով, բարիքներով առատանանք,

Թող խնամող Զաւակիդ ներքեւ պահպանուինք,

Թող ստեղծագործող Զաւակիդ ձեռքերուն մէջ հանգստանանք,

Թող մեր բոլորին Տէր Զաւակիդ խնամատարութիւնը վայելենք,

Թող Արարիչ Զաւակիդ օրհնութիւնները ապրինք:

Վերափոխմանդ այս առաւօտուն, երբ Սրբալոյս Միւռոնով օրհնուած ջուրը ըմպենք, երկինքի անմարմին դասերուն հետ միասին մե՛նք ալ փառաւորենք Ա՛ն Հայրը, որ օրհնեց քեզ ո՜վ Աստուածածին, եւ քե՛զ Իր փրկագործութեան միջնորդ նշանակեց:

Օրհնենք ա՛յն Որդին՝ քո՛ւ Որդիդ, որ քու սո՛ւրբ, մա՛քուր արգանդիդ մէջ կրեցիր, պահեցիր, սիրեցիր, գգուեցիր, համբուրեցիր ու գլուխը շոյեցիր:

Թող Սուրբ Հոգին փառաւորուի, ա՛յն Սուրբ Հոգին, որ հովանի եղաւ քեզի ո՜վ Աստուածածին ու պաշտպանեց:

Որովհետեւ, Ամենասուրբ Երրորդութեան օրհնութեամբ կ՚ուզենք խոնարհիլ Քո՛ւ մօրդ՝ Աստուածածին Մարիամին առջեւ, կրկնել եւ ըսել.

-Ո՜վ Աստուածածին, մեղա՜յ քեզ, մեղա՜յ քեզ, մեղա՜յ քեզ: Ո՛ւժ տուր, որպէսզի մենք ալ կարենանք ճզմել ստանային գլուխը: Ո՛ւժ տուր, այսօր, միշտ, մինչեւ մեր կեանքին վախճանը:

Ալէլուիա: Ալէլուիա: Ալէլուիա:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

14 օգոստոս 2024, Վաղարշապատ 

Շաբաթ, Օգոստոս 17, 2024