ՓՈՒԹԻՆ ՊԱՔՈՒ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Ռուսաստանի նախագահ Վլտաիմիր Փութին այս շաբաթավերջին պետական այցելութիւն մը կու տայ Պաքու։ Երկօրեայ ուղեւորութիւնը կը սկսի վաղը։ Փութին կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Անոնք հանդէս կու գան համատեղ յայտարարութիւնով մը։

Այցելութեան ընդառաջ Քրեմլինի կողմէ հրապարակուած է մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, ըստ որու՝ Փութին եւ Ալիեւ կը շօշափեն Մոսկուա-Պաքու ռազմավարական գործընկերութեան եւ դաշնակցային յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերեալ հարցեր։ Անոնք կարծիքի փոխանակումներ կ՚ունենան նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային օրակարգի հրատապ խնդիրներուն շուրջ։  Երկու նախագահներուն ներկայութեամբ կը ստորագրուին նաեւ միջկառավարական եւ այլ բնոյթով՝ համագործակցութեան խորացման հետամուտ շարք մը փաստաթուղթեր։

Շաբաթ, Օգոստոս 17, 2024