ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Գնալը կղզիի բարձունքին վրայ շաբաթավերջին փչեց Մուսա լերան հովը՝ նուիրական արժէքներու եւ ժողովրդական ապրումներու համադրութեամբ։ Վաքըֆլըգիւղի խրախճանքը, որ աւանդութեան մը վերածուելու վրայ է, շաբաթավերջին համախմբեց համայնքային շրջանակները։ Երկու օրերու վրայ տարածուած ծրագրով մը այս խրախճանքը կեանքի կոչուեցաւ՝ հերթական անգամ համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով Մուսա լերան Վաքըֆլըգիւղին վրայ։
Շաբաթ երեկոյեան խրախճանքը սկսաւ համերգով մը, որու զուգահեռ ձեռնարկուեցաւ աւանդական հարիսայի պատրաստութեան։ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ համախմբուած էին թէ՛ Վաքըֆլըգիւղէն փութացած հիւրեր եւ թէ մեր համայնքի բազմաթիւ անդամներ։ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի հանդիսապետութեամբ զանգակատան ներքեւ կատարուեցաւ աղօրհնէք, որուն ներկայ գտնուեցան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Վաքըֆլըգիւղի հոգեւոր հովիւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։
Աղօրհնէքէն վերջ ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Միհրան Ուլիկեան, որ մեծ եռանդ ի գործ կը դնէ Վաքըֆլըգիւղի վերելքին համար։ Ան զօրակցութեան կոչ ուղղեց բոլորին՝ որպէսզի Թուրքիոյ այս վերջին հայկական գիւղը կարենայ գոյատեւել ինքնաբաւ ձեւով։
Այս ելոյթէն վերջ սկսաւ «Ոմանք» խումբին համերգը, որու ընթացքին մեներգներով հանդէս եկաւ Լարա Նարին։ Այս հանգրուանին հոգեւոր հայրերուն միացաւ նաեւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ներկայ էին նաեւ Վաքըֆլըգիւղի ծխական խորհուրդի ատենապետ Ճեմ Չափար եւ իր ընկերները, ինչպէս նաեւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան եւ իր ընկերները։ Համերգին մթնոլորտը տօնախմբութեան մը վերածուեցաւ ժողովրդական պարերով, մինչ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս գիւղի արտադրանքին համար յատկացուած էր տաղաւար մը։
Մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը շարունակուեցաւ այս խրախճանքը։
Երէկ առաւօտ կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւններուն հանդիսապետեց եւ քարոզեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Պատարագիչն էր Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Աւելի ուշ հոգեւոր հայրերուն միացաւ նաեւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ, Սայաթ Սրկ. Չընարեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ներսէսեան Դպրաց Դասու անդամներուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Արթուն Թէքիրօղլուի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։ Օրուան պատգամին մէջ Նորին Սրբազնութիւնը անդրադարձաւ թրքահայ իրականութեան տեսակէտէ Վաքըֆլըգիւղի ներկայացուցած կարեւորութեան եւ իմաստին՝ որպէս երբեմնի հայաբնակ արեւմտահայ գաւառներու մերօրեայ խորհրդանշական ներկայութիւն։ Յաւարտ Ս. Պատարագի ոգեկոչուեցան նաեւ անդարձ բաժնուած վաքըֆլըգիւղցիները։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, պարտէզին մէջ կատարուեցաւ հարիսաներու օրհնութեան կարգ եւ սպիտակ աղաւնիներ արձակուեցան ի նշան խաղաղութեան։ Պատրաստուած հարիսան բաժնուեցաւ ժողովուրդին եւ այս հանգրուանը բնորոշեց Վաքըֆլըգիւղի այս խանդավառ խրախճանքին եզրափակումը։
Ծանօթ է, որ ներկայ շրջանին Վաքըֆլըգիւղի մէջ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ գտնուած բլուրի լանջին ձեռնարկուած է համալիրի մը շինարարութեան, որ էական նախադրեալ մը կը համարուի ապագային գիւղը ինքնաբաւ դարձնելու եւ կենսունակ պահելու տեսանկիւնէն։