ՔՐԵՄԼԻՆ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ բանակցութիւններ վարեցին Պաքուի մէջ, ուր հանդէս եկան նաեւ համատեղ յայտարարութեամբ մը։ Փութինի դէպի Պաքու պետական այցելութիւնը առիթ դարձաւ, որպէսզի հերթական անգամ Հարաւային Կովկասի առկայ իրադրութեան եւ հեռանկարներուն վերաբերեալ հնչեն տեսակէտներ։ Ընդհանուր առմամբ, Ալիեւ-Փութին համատեղ յայտարարութեան համապատասխան արտայայտութիւնները համահունչ էին՝ այցելութեան ընդառաջ Քրեմլինի կողմէ կատարուած պաշտօնական յայտարարութիւններուն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երկու նախագահները Պաքուի բանակցութիւններու աւարտին յղում կատարեցին 2020 թը-ւականի նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեան, որ Արցախի երկրորդ պատերազմի հրադադարի համաձայնութեան բնոյթը ունէր։ Անոնք մատնանշեցին նաեւ, Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ամենաբարձր մակարդակով ձեռք բերուած միւս պայմանաւորուածութիւններուն կարեւորութիւնը՝ Հարաւային Կովկասէ ներս անվտանգութեան ու կայունութեան ապահովման տեսակէտէ։ «Ռուսաստանի Դաշնակցութիւնը հաստատած է իր պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու համար նպաստել Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման», նշուած է համատեղ յայտարարութեան մէջ։
Մինչ այդ, Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին կը տեղեկացնէ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման արդիւնքներուն մասին։ «Ի հարկէ, Ատրպէյճան այցելութենէն վերջ ես կը կապուիմ վարչապետ Փաշինեանի հետ եւ կը պատմեմ մեր բանակցութիւններու արդիւնքները», ըսաւ ան։
Ըստ Վլատիմիր Փութինի՝ Մոսկուա կը փափաքի կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ միջնորդ ըլլալ՝ Երեւանի եւ Պաքուի կողմէ պահանջուելիք չափով։ «Բոլորին շատ լաւ յայտնի է, որ Ռուսաստան նոյնպէս կը բախուի տագնապներու՝ ներառեալ առաջին հերթին Ուքրայնայի ուղղութեամբ։ Բայց Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսաստանի պատմական ներգրաւուածութիւնը վերջին քանի մը տարիներուն մեզի կը թելադրէ այդ իրադարձութիւններուն մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը, ի հարկէ, այնքան՝ որքան պահանջուած կ՚ըլլայ կողմերէն», ըսաւ ան։
Փութին դիտել տուաւ, որ դէպի Պաքու պետական այցելութեան շրջանակներէն ներս կը շարունակուի Ռուսաստան-Ատրպէյճան շփումը։ «Եթէ մենք կարողանանք բան մը ընել, որպէսզի հասնինք Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման, գործը հասցնենք սահմանազատման, ապաշրջափակենք համապատասխան ուղղութիւնները լոժիստիք եւ տնտեսութեան ոլորտին մէջ, ապա մենք շատ ուրախ կ՚ըլլանք այս բանին համար», յայտնեց ան Ալիեւի հետ հանդիպման ընթացքին։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Փութինի միջնորդութեան պատրաստակամութեան վերաբերեալ յայտարարութիւններուն Ալիեւ հրապարակաւ չարձագանգեց։ Ծանօթ է, որ ան բազմաթիւ միջնորդական հարթակներ մերժած է անցեալ շրջանին՝ պնդելով Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններու ուղիղ ձեւաչափին վրայ։ Մինչ Ալիեւ լռութիւն պահեց Փութինի առաջարկին փոխարէն, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով այլ յայտարարութիւններու մէջ արձագանգեց այս նիւթին։ «Մենք բաց ենք բանակցային գործընթացի ձեւաչափին համար։ Այդ նպատակով մենք կ՚օգտագործենք ուղիղ երկկողմանի ձեւաչափը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ։ Մենք երբեք չենք հրաժարած նաեւ տարբեր հարթակներէ։ Ռուսաստանի հարթակը մեզի համար միշտ ընդունելի եղած է եւ, բնականաբար, այսուհետեւ եւս մենք պատրաստ ենք օգտագործելու տուեալ հարթակը։ Վերջին շրջանին Երեւան անհամաձայնութիւն յայտնած է այդ հարթակին», ըսած է Ճէյհուն Պայրամով՝ ռուսական «Իզվեստիա»ին տուած հարցազրոյցին մէջ։ Մինչ այդ, Երեւան պաշտօնապէս առայժմ չէ արձագանգած Պայրամովի այս հարցազրոյցին։
Փութինի Պաքու այցելութիւնով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Հայաստանի հասցէին հանդէս եկաւ բաւական ծայրայեղ յայտարարութիւններով։ Ռուսաստանի «Առաջին ալիք» հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին մէջ Լաւրով Հայաստանը մեղադրեց՝ Սիւնիքով նախատեսուած հաղորդակցութիւններու համաձայնութիւնը խափանարարութեան ենթարկելով՝ հակառակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ դրուած ստորագրութեան։ Ռուս նախարարին խօսքով՝ դժուար է հասկնալ Երեւանի այս խափանարարութիւնը։
«Մենք կողմնակից ենք խաղաղութեան պայմանագրի շուտափոյթ ստորագրման եւ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման։ Դժբախտաբար, ինչ կը վերաբերի Հայաստանի Սիւնիքի մարզով նախատեսուած հաղորդակցութիւններուն, հայկական ղեկավարութիւնը խափանարարութեան կ՚ենթարկէ համաձայնութիւնը, որուն տակ կայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրութիւնը։ Դժուար է հասկնալ նման դիրքորոշման իմաստը», նշեց Լաւրով հարցազրոյցին մէջ։
Բաց աստի, Լաւրով անդրադարձաւ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն եւ յայտնեց, որ անոնք կը մնան այժմէական։ Յամենայնդէպս, ան որեւէ բան չըսաւ, թէ այդ փաստաթուղթերու բոլոր կէտերը կեանքի կը կոչուի՞ն կամ ոչ։
Շաբաթներ առաջ յայտնի դարձած էր, որ տարածաշրջանային ապաշրջափակման հարցը Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծէն դուրս թողուած էր։ Այդուհանդերձ, Փութինի Պաքու այցելութենէն առաջ ռուսական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ քննարկումներու օրակարգին վրայ կը գտնուի նաեւ այդ հարցը՝ եռակողմանի համաձայնութիւններու առանցքով։
Իր կարգին, Իլհամ Ալիեւ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման ընթացքին շեշտեց, որ ամբողջ Հարաւային Կովկասի կայունութիւնը կախուած է Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւններէն։ Ալիեւի այս յայտարարութիւնները ազդանշաններ կու տան, թէ Պաքու ներկայ փուլին ինչպէս կը պատկերացնէ Մոսկուայի հետ յարաբերութիւններն ու համագործակցութեան հեռանկարները։
Յամենայնդէպս, հայկական լրահոսին մէջ ուշադրութիւն կը գրաւեն զանազան քաղաքական գործիչներու կամ վերլուծաբաններու խորհրդածութիւնները, ըստ որոնց՝ Փութին-Ալիեւ բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է «Զանգեզուրի միջանցքի» հարցը։ Կան նաեւ այլ տեսակէտներ, ըստ որոնց՝ այս փուլին Փութինի կողմէ Պաքու կատարուած այցելութիւնը իրականութեան մէջ ձեռնտու չէր Հայաստանի եւ Թուրքիոյ համար, սակայն, Ատրպէյճան համաձայն գտնուած է, որովհետեւ բաւական պարտքեր ունի Ռուսաստանին։
Վլատիմիր Փութին եւ Իլհամ Ալիեւ այս տարի աւելի առաջ ալ քանի մը անգամ շփուած էին եւ Պաքուի վերջին բանակցութիւնները եկան համալրել այդ շարքը։