ՊՈՔՕ ՀԱՐԱՄԻ ԿՈՂՄԷ ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԱԾ 219 ԱՇԱԿԵՐՏՈՒՀԻՆԵՐՈՒՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ ՑԱՐԴ ԿԸ ՄՆԱՅ ԱՆՈՐՈՇ
Երէկ լրացաւ նիժերիացի աշակերտուհիներուն Պոքօ Հարամ ծայրայեղական խմբաւորման կողմէ առեւանգման 500-րդ օրը: Այս առթիւ Նիժերիոյ տարբեր շրջաններուն եւ յատկապէս մայրաքաղաք Ապոժայի մէջ բողոքի մեծ երթեր կազմակերպուեցան: Երթերուն գլխաւոր ռահվիրան Bring Back Our Girls (Մեր աղջիկները տուն դարձուցէք) շարժումն է, որ կը վայելէ ոչ միայն երկրի, այլ նաեւ՝ միջազգային հանրութեան զօրակցութիւնը:
2014 թուականի Ապրիլին «Պոքօ Հարամ»ի զինեալներ մուտք կը գործէին Պորնօ քաղաքի Չիպոք շրջանի վարժարաններէն մին եւ կ՚առեւանգէին դպրոցին մէջ եղող 279 աշակերտուհիները: Աշակերտուհիներէն 60-ը կը յաջողէին խոյս տալ եւ ապահով կերպով վերադառնալ իրենց ծնողներուն: Մինչեւ այս պահը 219 աշակերտուհիներուն ճակատագիրը կը շարունակէ մնալ անյայտ: Մինչ երկրի նախագահ Մուհամմէտ Պախարի իր ըրած վերջին յայտարարութեան մէջ կը յայտնէր, որ մեծ յոյսեր կան «աղջկները ազատագրելու», անդին Պոքօ Հարամի հարցերով նիժերիացի մասնագէտ՝ Ֆուլան Նասրալլա նկատել կու տար, որ Պոքօ Հարամի կողմէ առեւանգուած աշակերտուհիներուն վերադարձը գրեթէ անհնարին է: Ըստ իրեն, աղջիկներէն շատեր «վաճառուած» եւ երկրէն դուրս տարուած են, իսկ անոնց կարեւոր մէկ տոկոսը պարտադրաբար իսլամութիւնը դաւանելով ամսունացած ու ընտանիք կազմած է Պոքօ Հարամի զինեալներուն հետ:
Պոքօ Հարամի ծագումը անմիջական կապ ունի «Էլ Քաիտէ» շարժումին հետ: 2002 թուականին ստեղծուած շարժումը իրեն որպէս կեդրոն ընտրած էր Նիժերիոյ Պորնօ եւ Կուազա քաղաքները, սակայն աւելի ուշ խմբաւորումը կը փոխադրուէր Պորնոյի Սամիպսայի անտառային հատուածը, ուր դարձեալ կը կարծուի, որ առեւանգեալ աշակերտուհիները պահուած են:
Պոքօ Հարամ անուանումը բառացի իմաստով կը նշանակէ՝ արեւմտեան ուսմունքը կամ բարքերը արգիլուած ու «հարամ» են: Շարժումին հիմնադիրը կը համարուի Մուհամմէտ Եուսուֆ, որ 2009 թուականին խմբաւորման ոստիկանութեան դէմ մղած բախումներուն ընթացքին սպաննուած է: Այդ հանգրուանը Պոքօ Հարամի ամենէն լայն ազդեցութիւն ունեցած շրջանն է: Անկէ ետք Նիժերիոյ կառավարական ուժեր օժանդակութիւն կը խնդրէին Չատէն եւ Նիժերէն եւ կը ստեղծուէր միացեալ դաշինք հարուածելու համար այս շարժումը:
Պոքօ Հարամի ստեղծման պայմանները ներկայացնելու համար պէտք է ընդգծել, թէ անոր ստեղծման ծառայած է երկրին մէջ տիրող ծանր աղքատութիւնն ու անգործութիւնը, ինչ որ ստիպած է կարգ մը սիւննի դաւանանքի հետեւող երիտասարդներուն միանալու եւ զինեալ պայքարի միջոցաւ պայքարելու, իրենց խօսքով՝ երկրի կաշառակեր եւ փտած իշխանութիւններուն դէմ: Զարմանալի չէ, որ այս երիտասարդները իրենց քաղաքական հանգանակը տեսած են «Էլ Քաիտէ»ի խմբաւորման սկզբունքներուն մէջ: Անոնց այդ վերաբերմունքը անմեղ չէ, պարզ անոր համար, որ Քապուլէն մինչեւ Պաղտատ սկիզբ առած սիւննի հատուածներու, ինչպէս կ՚անուանուի՝ «զարթօնք»ը, տարածուած է եւ հասած՝ մինչեւ Նիժերիա: Բնականաբար այդ «զարթօնք»ը միայն խօսքի սահմաններուն մէջ չէր պարփակուէր ու յստակօրէն կ՚ուրուագծուի, որ «Էլ Քաիտէ» բարոյական աջակցութենէն անդին իր սիւննի հետեւորդներուն նիւթական եւ զինուորական նեցուկ տրամադրած է:
Շարժումի ներկայ ղեկավարը կը կոչուի Ապու Էլ Պաքըր Շիքաու եւ ան ի տարբերութիւն նախկին ղեկավարին, կը սերի Նիժերիա ապրող սիւննի իսլամը դաւանող ընտանիքէ մը: Ամերիկեան CIA-ին համար կարեւոր թիրախ համարուած Շիքաու կրօնագէտ մըն է։ Ան կը խօսի անգլերէն եւ արաբերէն: Ամերիկեան գաղտնի ծառայութիւնները մինչեւ 7 միլիոն ամերիկեան տոլարի պարգեւ խոստացած են անոնց, որոնք կրնան Ապու Էլ Պաքըրի թաքստոցին մասին տեղեկութիւններ հաղորդել:
Պոքօ Հարամի ծաւալած պայքարին մէջ կարեւորագոյն թուական պէտք է համարել 2014 թուականը, երբ շարժումը բաւականին ծանր պարտութիւններէ ետք նահանջելու փոխարէն կ՚ընտրէր քրիստոնեայ ուսանողները առեւանգելու ընտրանքը: Այդ առիթով էր նաեւ, որ շարժումի առաջնորդ Ապու Պաքըր յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով կ՚ըսէր, որ պայքարը յատկապէս «քրիստոնեաներուն դէմ» է։ Ի տարբերութիւն անցեալին իրենց ունեցած պայքարներուն, այս նոր հանգրուանը ունէր յստակ թիրախ եւ այդ թիրախը քրիստոնեաներն էին: Ճիշդ է, որ շարժումը իր ստեղծուած օրէն որպէս թիրախ ընտրած էր քրիստոնէական եկեղեցիներն ու հաւաքատեղիները, սակայն այդ մեծ առեւանգման դէպքէն ետք Պոքօ Հարամ բացայայտ կերպով կը յայտարարէր, որ պայքարի հունը հիմանականապէս ուղղուած է երկրի 48 առ հարիւրը կազմող քրիստոնեաներուն դէմ:
2015-ի առաջին ամիսներուն Պոքօ Հարամ ծանր հարուածներու կ՚ենթարկուէր եւ անոր գտնուած շրջանները կը յայտնուէին Քամէրունի, Չատի եւ Նիժերիոյ կառավարական ուժերուն կողմէ կազմաւորուած դաշինքի կրակներուն: Խմբաւորումը կը նահանջէր բոլոր այն հատուածներէն, որոնք 2009-էն ի վեր յայտնուած էին իր տիրապետութեան տակ: Եւ շատ հաւանաբար այդ պատճառով է, որ անկիւնադարձային արարքով մը Պոքօ Հարամ կը վճռէր յարձակիլ Պորնոյի Չիպոք շրջանին մէջ գտնուող վարժարանի մը վրայ եւ պատանդ կը վերցնէր 279 աշակերտուհիներ:
Բացի այս բոլորէն, վերջին օրերուն Նիժերիոյ բանակի կարեւոր բանբեր մը առանց վարանելու յայտարարած էր, որ Չիպոքի աշակերտուհիները կը գտնուին Սամպիսա անտառին մէջ՝ նկատել տալով նաեւ, որ այդ շրջանին դէմ որեւէ զինուորական քայլ կրնայ վտանգել աշակերտուհիներուն կեանքը:
Պոքօ Հարամի չէմ պայքարը անհաւասար ու դժուարին է, տրուած ըլլալով, որ անոնք իբրեւ թաքստոց ընտրած են երկրին դժուար հասանալի հատուածները: Զինեալները վարժ են երկրի բնութենական պայմաններուն եւ անտառային հատուածներուն մէջ անոնց տեղաշարժը կ՚ըլլայ շատ արագ ու տարբեր ձեւերով: Այդ պատճառաւ է նաեւ, որ անոնք կը յաջողին արագ հարուածներ հասցնել քրիստոնեայ անզէն այն բնակիչներուն, որոնք կ՚ապրին լքուած գիւղերու եւ աւաններու մէջ:
Ամէն Զատիկի Պոքօ Հարամ իր հարուածները կը սաստկացնէ: Տասնեակ քրիստոնեաներ կը սպաննուին (2009 թուականէն վեր Նիժերիոյ մէջ սպաննուածներուն թիւը հասած 17 հազարի) եկեղեցի փութալու կամ անկէ դուրս գալու պահուն: Ասոր փոխարէն երկրի կառավարական ուժերը, որոնք արագ շարժելու եւ գրոհներուն դիմադրելու լոժիսթիք բաւականին մեծ դժուարութիւններ ունին, կը թուին մնալ անզօր եւ ներկայ իրադրութեան հետ հաշտ:
Կարեւոր է քննել մօտեցումները երկրի քրիստոնեայ բնակչութեան, որ մինչեւ օրս կը շարունակէ հաւատալ խաղաղ բողոքի ցոյցերու լեզուին ու իր ցոյցերով կը շահի նեցուկը ափրիկեան այդ հատուածին վրայ ազդեցութիւն ունեցող տէրութիւններուն, որոնք սակայն բացի դատապարտելէ եւ թուիթներ կամ խրախուսական պատկերներ տեղադրելէ ոչինչ կ՚ընեն:
Նիժերիոյ տագնապին արմատները խոր են ու նախքան «նէօ-րատիքալ իսլամ»ի յայտնուլը այդ տագնապները եղած են սուր եւ երեւելի: Ինչպէս արաբական աւազաններուն մէջ առկայ անարդարութիւնը եւ չքաւորութիւնը, այնպէս ալ այս տագնապին հիմնական սկզբնաղբիւրը թշուառութիւնն ու անյուսութիւնն է:
Պոքօ Հարամ, որ այս տարուան սկիզբը յայտարարեց, թէ անմիջապէս կ՚ենթարկուի «Իրաք-Շամի իսլամական պետութեան» (ISIS) որոշումներուն, կը հաշուէ շուրջ 10 հազար զինեալ ու այս խմբաւորման դէմ պայքարի այս փուլը պիտի ըլլայ բաւականին արիւնալի ու դժուարին:
Մտահոգիչը այն է, որ երկրի իշխանութիւններուն դէմ պայքարելու համար ճամբայ ելած Պոքոյի զինեալները այսօր իրենց հրացանները ուղղած են քրիստոնեաներուն դէմ եւ այս մէկը ի լուր տեղի անզօր կառավարութեան եւ կրաւորական դիրք ընդունած միջազգային հանրային կարծիքին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան